Ս. Ս­տե­փա­նոս ­Նա­խա­սար­կա­ւա­գի տօն եւ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­ծա­ռի լու­սա­ւո­րում

0
13

­­Կի­րա­կի, 22 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2024-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին, ­­Նէոս ­­Գոզ­մոս (­Ֆիքս)ի ­­Սուրբ ­­Յով­հան­նու ­­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, պի­տի նշո­ւի քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին ­­Սար­կա­ւագ եւ նա­խավ­կայ ­­Մար­տի­րոս՝ ­­Սուրբ Ս­տե­փա­նո­սի տօ­նը, ­­Սուրբ եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ:

­­Պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ քա­րո­զէ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ

­­Սուրբ եւ Ան­մահ ­­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­­Տիկ­նանց ­մար­մի­նը սի­րով կը հրա­ւի­րէ ձեզ, Ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ զար­դա­րո­ւած տօ­նա­ծա­ռին լու­սա­ւոր­ման ու­րախ ձեռ­նար­կին, ուր ներ­կա­նե­րը ի պա­տիւ ե­կե­ղեց­ւոյս եր­կա­րա­մեայ ծա­ռա­յող ­­Սար­կա­ւագ­նե­րուն, ­­Կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ Դ­պիր­նե­րուն, պի­տի հիւ­րա­սի­րո­ւին տաք թէ­յով, տնա­յին ա­ղի եւ քաղցր բլիթ­նե­րով:

­­Սի­րե­լի Ծ­խա­կան­ներ.-
Ե­կէք միաս­նա­բար մեր ա­ղօթք­նե­րը բարձ­րաց­նենք առ Աս­տո­ւած, եւ մեր ներ­կա­յու­թեամբ` շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նենք ե­կե­ղեց­ւոյս բո­լոր ծա­ռա­յող­նե­րուն, ա­պա ջեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ տօ­նա­ծա­ռին լու­սա­ւոր­ման ընդ­մէ­ջէն, հո­գե­պէս պատ­րաս­տո­ւինք յա­ջոր­դող տօ­նա­կան սուրբ օ­րե­րը դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար:

Ու­շադ­րու­թիւն.- Չո­րեք­շաբ­թի 25 ­Դեկ­տեմ­բեր 2024-ին, ե­կե­ղե­ցին փակ պի­տի ըլ­լայ։

ՀՈՎԻՒ, ԹԱՂԱՅԻՆ ԹՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ