Կիրակի՝ 26 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս.եւ անմահ պատարագ, նուիրուած՝ Ս.Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին։ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ գերպ. տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան։
Ներկայ էին եկեղեցւոյ ծառայողներ, Թաղական խորհուրդի եւ Տիկնաց միութեան անդամ-անդամուհիներ, շրջանէն ներս գործող Ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։
Քարոզի ընթացքին, գերպ. հայր սուրբը խօսեցաւ Ս.Ստեփանոսի կեանքին, գործունէութեան, ինչպէս նաեւ սարկաւագութեան եւ անոր ծառայութեան մասին, ըսելով. «Ս.Ստեփանոսի կեանքի՛ն փորձեցէք նմանիլ, ճշմարտութի՛ւնը քարոզեցէք մեր ժողովուրդին, Ձեր կեանքով ու վերաբերմունքով եղէք խոնարհ, հեզ եւ Ձեր սիրտը, հոգին մշտական կերպով Ս.Ստեփանոսն է որ թող շնչէ ու բուրէ»։
Աւարտին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ ծառայող բոլոր Սարկաւագներն ու Կիսասարկաւագները խորան բարձրացան՝ իրենց գլուխներուն վրայ ունենալով սաղաւարտներ՝ ի նշան Ս. Ստեփանոսի սարկաւագութեան խորհրդանիշ, ուր Ս. Ստեփանոսի նուիրուած «նահատակ բարի…» շարականն ու «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» տաղը միաբերան երգեցին՝ պանծացնելով սուրբին յիշատակը։
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնաց միութեան ատենապետուհի՝ տիկ.Վերգին Աւետիսեան Տիկնաց միութեան անունով շնորհաւորեց գերպ.հայր Սուրբի անուանակոչութեան օրն ու նշանակալից նուէր մը յանձնեց՝ որպէս սիրոյ նշան, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն շնորհաւորեց ու անոնց եւս յանձնեց յուշանուէրներ՝ Թաղական խորհուրդի եւ Տիկնաց միութեան կողմէ։
Իր կարգին, գերպ. հայր սուրբը յանուն եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ իր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց նուէրներուն համար։
Ս. Պատարագի աւարտին, ներկաներն ու հաւատացեալները մօտեցան գերպ. հայր սուրբին եւ սարկաւագներուն՝ իրենց տօնին կապակցութեամբ բարեմաղթանքներ եւ շնորհաւորանքներ ուղղելով անոնց։ Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։