Ս. Յովհաննու Կարապետի տօն եւ դպրաց ու կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ

0
36

Ի գիտութիւն մեր սիրելի ժողովրդեան կը հաղորդենք, թէ Ուրբաթ, 16 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն

ձեռամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ 
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆԻ

Շաբաթ 17 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Ալեքսանտրուպոկսոյ համայնքի սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ հանդէս Տարօնեան միօրեայ  վարժարանի աշակերտներուն կողմէ։

***
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏՒ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ
պիտի նշուի Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը։

Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ
Յունաստանի թեմի բարեջան
Առաջնորդ  ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ։

Երգեցողութիւնը պիտի կատարուի քառաձայն, եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ,
ղեկավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։

Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Մատաղօրհնէք եւ Ջրօրհնէք:

Այս ուրախ առիթով, կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը
հաղորդ դառնալու սրբազան արարողութեանց եւ լսելու
Առաջնորդ Սրբազան հօր պատգամը։

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ