­Կի­րա­կի, 19 Յու­նո­ւար 2025-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Գո­քի­նիոյ Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան, Ս. պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին ըն­թեր­ցեց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի հռչա­կա­գի­րը, ըստ ո­րում, 2025 տա­րին հռչա­կած էր «Ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման տա­րի»։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­մա­նո­րի գա­թա­յի կտրու­մը։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով հրա­ւէր­նե­րուն, ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին տեղ­ւոյն միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։
Տ. Պա­րէտ քա­հա­նայ, խօսք առ­նե­լով անդ­րա­դար­ձաւ գա­թա­յի կտրու­մի ա­ւան­դու­թեան եւ Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի հռչա­կա­գի­րին զու­գա­դի­պու­թեան։ Ա­պա գնա­հա­տե­լով Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ միու­թիւն­նե­րու բո­լոր ան­դամ­նե­րու նո­ւի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, մաղ­թեց ա­նոնց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն եւ բե­ղուն ծա­ռա­յու­թիւն։
Ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ գա­թա­յի կտրու­մը եւ օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ