Կիրակի՝ 10 Դեկտեմբեր 2017ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Ս. Յակոբի տօնակատարութիւնը։
Ուրբաթ՝ 8 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8։30ին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան օրհնեց աղը, ետքը նուիրեալ տիկիններ սկսան պատրաստել մատաղը։
Թեմիս Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Թաղային Խորհուրդի հրաւէրին ընդառաջելով Շաբաթ առաւօտ ժամանեց Գոմոթինի։ Գավալայի օդակայանէն ներս Սրբազան Հօր ու Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեանին ու անդամ տոքթ. Արթին Վարդանեանին դիմաւորեցին հոգեւոր հովիւը, Միջ-թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, ատենադպիր տիկ. Մարի Գալայճեան եւ Գոմոթինիի ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեան։ Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան անդամներ Գոմոթինիի Թաղային Խորհուրդին հետ, հանդիպում ունեցան, որու ընթացքին քննարկուեցան տեղւոյն աշխատանքներն ու հարցերը։ Ապա ազգային սրահէն ներս Թաղային Խորհուրդը իր հիւրերը պատուեց ճաշկերոյթով մը։
Կիրակի օր պատարագը մատուցեց Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Խորանի վրայ սպասարկեցին Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան եւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ տիկ. Նէլլի Անդրէասեանի։ Ընդառաջելով Թաղային Խորհուրդի հրաւէրներուն, պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամներ տոքթ. Արթին Վարդանեան ու տիկ. Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամներ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան եւ պրն. Պետրոս Հալաճեան, Միջ-թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն տիկ. Սթոյիանիտու, ոստիկանապետ պրն. Սեւտինիտիս, զօրանոցի ներկայացուցիչը, յունաց Նիքոլաոս Քահանայ Հայրը, կարգ մը մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջակայ քաղաքներու Թաղային Խորհուրդներու ատենապետներ, անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ։ Հարկ է նշել, թէ խումբ մը ուխտաւորներ եկած էին նաեւ Թեսաղոնիկէէն ու Սերէսէն։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի նախալուսաւորիչներուն մասին՝ Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն, որոնք Քրիստոսի խօսքն ու հաւատքը բերին հայ ժողովուրդին։ Ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ այդ հաւատքը պաշտօնականացուց 301 թուին։ Մենք հաւատքի ժողովուրդ դարձանք, որովհետեւ ճանչցանք Աստուծոյ եւ մեր անձն ու կեանքի նպատակները վստահեցանք Անոր։ Իսկ սուրբերը՝ Աստուծոյ ու մեր միջեւ միջնորդներն են, որոնք կը բարեխօսեն Աստուծոյ մօտ մեր մասին։ Եւ մենք որպէս երախտագիտութիւն, յատուկ յիշատակութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց։ Սուրբի մը տօնը ուխտաւորութիւն է եւ ոչ միայն հանդիսութիւն։ Ուխտը միաժամանակ խոստում է, որ պէտք է յարգուի ամբողջութեամբ։ Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ Քրիստոնէութիւնը ապրելու ու յաւիտենական կեանքի կրօնք է։ Եւ հայ ժողովուրդը կը սիրէ ապրիլ, որովհետեւ կը հաւատայ Աստուծոյ եւ յաւիտենական կեանքին։ Օրինակ Սպիտակի երկրաշարժի զոհերը, որոնց մարմինները կորսուեցան սակայն հոգիները կÿապրին յաւիտեան։ Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց բոլորը հաւատքի զօրութեամբ նորոգելու իրենց ուխտը։
Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը օրհնեց մատաղը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եկեղեցւոյ մէջ ծառայած հանգուցեալ կղերական դասու, դպիրներու, Թաղային Խորհուրդի անդամներու եւ բարերարներու յիշատակին։ Թեմի Կրօնական Ժողովի որոշումով հոգեհանգիստին յատուկ կերպով նշուեցաւ Սպիտակ քաղաքի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը։ Ետքը ժողովուրդը թափօրով մը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր միասնաբար երգեց «Կիլիկիա», «Մեր հայրենիք» եւ Յունաստանի ոգերգները ու ստացաւ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Ետքը ժամանեց Գոմոթինիի Բանտելէյմոն Մետրապոլիտը։ Ան ազգային սրահին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորեց Ս. Յակոբի տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հովիւին ու Թաղային Խորհուրդին մաղթեց յաջողութիւն։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Գթութեան Խաչի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան պազարը։ Սեղաններու վրայ կային անուշեղէններու, խմորեղէններու եւ զարդեղէններու տեսակներ։ Ներկաները մեծապէս գնահատեցին ու քաջալերեցին խաչուհիներու աշխատանքը։
Կէսօրուան ժամը 1։30ին տեղի ունեցաւ տօնի պաշտօնական ճաշկերոյթը «Chris & Eve» պանդոկի ճաշասրանին մէջ։ Սրբազան Հայրը նախ օրհնեց սեղանը, ապա Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան խօսք առնելով յանուն Գոմոթինիի Թաղային Խորհուրդին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեանց ու սովորութեանց, որոնք կարեւոր մէկ մասնիկն են հայ ժողովուրդի գոյութեան ու գոյատեւման։ Ետքը ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ անձամբ նախագահեց եկեղեցւոյ տօնակատարութեան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան։ Ան շնորհաւորեց Գոմոթինիի հայութիւնը եւ գնահատեց Թաղային Խորհուրդի եկեղեցանուէր աշխատանքը։ Ապա հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելու։ Ան տօնին առթիւ նախ շնորհաւորեց հոգեւոր հովիւն ու Գոմոթինիի Թաղային Խորհուրդը եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւն։ Ան յայտնեց, թէ Արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ հայկական գաղութները փոքր չեն։ Անոնք մեծ են իրենց միասնական գործակցութեամբ ու առաքելութեամբ եւ վկան Ս. Յակոբի տօնի խօսուն պատկերն է։ Ան քաջալերեց բոլորը, յատկապէս արտասահմանէն եկած հայորդիները, տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի դարաւոր ու պապենական ինքնութեան։ Ետքը Գոմոթինիի Թաղային Խորհուրդը յուշանուէր մը յանձնեց Սրբազան Հօր։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, հայկական միօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը, գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի տիկ. Ռուզաննա Զոհրապեանի, ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր մը։ Մշակութային միութեան պարախումբը ներկայացուց հայկական պարեր, իսկ դպրաց դասը հանդէս եկաւ երգերով։ Մշակութային միութիւնը կազմակերպեց նաեւ վիճակահանութիւն։
Ճաշկերոյթէն ետք, պանդոկի յատուկ ժողովասրահէն ներս գումարուեցաւ Միջ-թաղայինի ժողովը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ժողովի ընթացքին շրջաններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին հոգեւոր եւ ազգային աշխատանքներուն մասին։ Ապա քննարկուեցան ապագայի ծրագիրներն ու դժուարութիւնները։
Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան ամփոփ զեկոյց մը տուաւ Վարչութեան աշխատանքներուն մասին, շեշտը դնելով գաղութային ներքին տեղեկատուական կարեւոր ձեւին վրայ։ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ ազգային կառոյցի ըմբռնումին ու գործելակերպին մասին։ Ան յայտնեց, թէ Ազգային Վարչութիւնը թեմի կանոնագրութեան համաձայն շրջաններէն կը յառաջանայ եւ կը գործէ ի սպաս շրջաններուն։ Գաղութին լուծը բոլորին ուսերուն վրայ է։ Այսպէս ամէն մէկ մարմին ունի իր պարտականութիւնը եւ մէկը միւսին լրացնելով կը յառաջանայ գաղութային աշխատանքը։ Ազգային Վարգչութիւնը հիմքն է կառոյցին եւ ամէն ձեւով կը փորձէ հասնիլ բոլորին։ Սրբազան Հայրը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց յաճախակի այցելելու հիւսիսային շրջանները, որուն համաձայն գտնուեցան ժողովականները։
Կիրակի գիշեր ժամը 9ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ազգային սրահին մէջ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանէն հաստատուած հայորդիներուն հետ։ Ան լսելէ ետք անոնց դժուարութիւններն ու առաջարկները, փոխանցեց իր հայրական պատգամը։ Ան մղեց բոլորին պահելու հայկական ինքնութիւնը եւ մասնակցելու քաղաքի ազգային ու հոգեւոր կեանքին։

ԹՂԹԱԿԻՑ