Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եղիա Վրդ. Մալխասեանը, Ս. Խորանին սպասարկեցին սարկաւաւները իսկ երգեցողութեամբ դպրաց դասին եւ ներկայութեամբ ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներուն։
Հոգշ. Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ խաչին ընդմէջէն Խաչեալն է, որ վեր առաւ եւ Ս. Խաչը նկատելով սիրոյ ու համբերութեան խորհրդանիշ, հաւատացեալներուն խրախուսեց՝ ապաւինելով անոր զօրութեան հաստատակամ քայլերով հետեւիլ Քրիստոսի ճշմարիտ ճանապարհէն, դժուարին, սակայն քաղցր։
Իր քարոզի աւարտին, Հայր սուրբը շնորհաւորեց Խաչիկ, Խաչատուր անուն կրողները, մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Ս. Պատարագի աւարտին, մեր եկեղեցւոյ ամենագեղեցիկ արարողութիւններէն՝ «Անդաստան»-ի գեղեցիկ արարողութիւնն ու ռեհանի օրհնութիւնն է որ տեղի ունեցաւ, որ Պատարագի սկիզբէն իսկ դրուած էր եկեղեցւոյ ատեանին առջեւ, ուր օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերն ու անոնց մէջ գտնուող բերքերը, տուները, վանքերը, եւայլն…։ Ապա Տիկնաց միութեան անդամուհիներուն կողմէ հերթաբար բաժնուեցաւ ռեհանի ճիւղեր, առ ի օրհնութիւն իրենց տուները տանելու համար։
Յայտնենք, որ Ս. Խաչը ռեհաններով նախապէս եկեղեցւոյ սարկաւագներուն եւ Տիկնաց միութեան կողմէ զարդարուեցան եկեղեցւոյ մէջ։
Նկատի ունենալով, որ յաջորդ օրը Մեռելոց է, Հայր սուրբը գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի ազգ. գերեզմանատան մէջ եւ գերեզմանօրհնէք կատարեց բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։
Շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն եւ բոլորին վարձքը կատար:
Թղթակից