Այս տա­րի եւս, մեծ շու­քով նշո­ւե­ցաւ Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ ­Շա­բաթ, 8 Օ­գոս­տոս 2026-ին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչխար­նե­րու զե­նում, ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ սկսան պատ­րաս­տել մա­տա­ղը։ ­Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ընթ­րիք ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ նա­խա­գա­հու­թեամբ թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի։ ­Կի­րա­կի՝ 9 Օ­գոս­տոս 2026-ի, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, սկիզբ ա­ռաւ Ս. եւ Ան­մահ պա­տա­րա­գը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին միա­ցեալ երգ­չա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րը, իսկ պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան,Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջան­նե­րու թա­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Իր քա­րո­զին մէջ Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց Աս­տու­ծած­նայ օ­րի­նա­կե­լի հա­ւատ­քը, հիմ­նո­ւած Աս­տու­ծոյ հան­դէպ սի­րոյ եւ վստա­հու­թեան վրայ եւ ոչ թէ վա­խի: Ս. պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք եւ խա­ղո­ղօրհ­նէք:
­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծած­նայ տօ­նը ան­գամ մը եւս ա­ռիթ դար­ձաւ շրջա­նի հա­յու­թեան հա­մար վե­րա­նո­րո­գե­լու իր ուխ­տը հան­դէպ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ տո­գո­րո­ւե­լու Աս­տո­ւա­ծա­մօր մեծ տօ­նախմ­բու­թեան խոր­հուր­դէն։

ԹՂԹԱԿԻՑ