Կի­րա­կի, 18 Օ­գոս­տոս 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Գերշ. Տ. Մու­շեղ Ս. Արք. Մար­տի­րո­սեա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն, եր­գե­ցո­ղու­թեամբ՝ դպրաց դա­սին եւ ներ­կա­յու­թեամբ՝ շրջա­նիս միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:
Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա Վրդ. Մալ­խա­սեա­նը, իսկ օ­րո­ւան պատ­գա­մը եւ խա­ղո­ղօրհ­նէ­քը կա­տա­րեց Գերշ. Տ. Մու­շեղ Ս. Արք. Մար­տի­րո­սեա­նը։ Նախ­քան քա­րո­զը, հայր սուր­բը հան­դէս գա­լով փառք եւ գո­հու­թիւն յայտ­նեց Աս­տու­ծոյ, որ ան­գամ մը եւս ա­ռիթ ստեղ­ծեց եւ շնորհք ը­րաւ հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ տօ­նե­լու Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ վե­րա­փոխ­ման տօ­նը, ա­պա շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր, որ ըն­դա­ռա­ջեց իր ա­ռա­ջար­կին եւ նա­խա­գա­հեց Ս. Պա­տա­րա­գին ու խա­ղո­ղօրհ­նէ­քին։ Ա­պա զինք հրա­ւի­րեց, որ­պէս­զի փո­խան­ցէ իր պատ­գա­մը հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։ Սր­բա­զան հայ­րը քա­րո­զին սկիզ­բը ամ­փոփ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծած­նայ կեան­քը, ա­պա փո­խան­ցեց օ­րո­ւան խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը: Նախ խօ­սե­ցաւ հնա­զան­դու­թեան մա­սին, շեշ­տե­լով կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հնա­զան­դե­լու Աս­տու­ծոյ խօս­քին ու կա­տա­րե­լու Ա­նոր կամ­քը: Երկ­րորդ՝ խորհր­դա­ծու­թեան նիւթ դար­ձուց, թէ ինչ ձե­ւով կա­րե­լի է Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի խօս­քը մեր կեան­քին մէջ գոր­ծի վե­րա­ծել: Ի վեր­ջոյ, Սր­բա­զան հայ­րը հայ մայ­րե­րուն եւ կի­նե­րուն պատ­գա­մեց, որ ի­րենց կեան­քին ըն­թաց­քին ի­րենց աչ­քե­րը յա­ռեն Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­մօր եւ Ա­նոր նման հնա­զանդ հո­գի ու­նե­նան Աս­տու­ծոյ պա­տո­ւէր­նե­րուն դի­մաց։ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր սպա­սար­կող­նե­րը բարձ­րա­ցան Ս. Խո­րան, ուր Սր­բա­զան հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­ղո­ղօրհ­նէք, որ­մէ ետք, ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը համ­բու­րե­ցին, ա­պա Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րէն ստա­ցան օրհ­նուած խա­ղո­ղը:
­Յայտ­նենք նաեւ, որ Աս­տո­ւա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման նա­խօ­րեա­կին, Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը հա­մախմ­բո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը, ուր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէ ստա­ցան խա­ղող եւ նիւ­թա­կան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րե­ցին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն վարձ­քը կա­տար:
­Բո­լո­րին ուխ­տը ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ: