ԱՀԱՐՈՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
Վասպուրական Աշխարհի Շատախ գաւառէն էր: Եւ մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց գաւառացի հայ: Հայաստանի գիւղացի հայ:
Պատանեկան տարիքէն ստիպուեցաւ լքել իր ծննդավայրը եւ յիսուն տարիներէ աւելի ապրեցաւ իրեն համար խորթ եւ օտար երկինքներու տակ:
Իր միսն ու ոսկորը, իր մարմինը պտտցուց այս հորիզոններուն տակ: Բայց հոգիով ու իր ներքին ապրումներով, իր երեւակայութեամբ դեգերեցաւ Հայոց աշխարհին մէջ:
Քալեց օտար ոստաններու կպրապատ պողոտաներէն՝ իբր շուք, միշտ երազելով հայոց լեռներու կածանները, մթին ձորերու արահետները եւ հայ գիւղերու նեղլիկ ու փոշոտ փողոցները:
Իր ներաշխարհին մէջ վերստեղծեց Հայաստանը եւ իրական կեանքը ապրեցաւ այդ Հայաստանին մէջ, անհաղորդ՝ իր շուրջը անցած-դարձածներուն եւ «քաղաքակրթութեան» յառաջդիմութիւններուն:
Դիտեց օտար հողերու վրայ բարձրացած պալատանման նոր շէնքերը՝ ապրելակերպի բոլոր յարմարութիւններով, եւ իր մէջ աւելի շեշտուեցաւ կարօտը «մթում կորած խրճիթ»-ներուն, հայկական խրճիթներուն եւ անոնց մէջ մխացող թոնիրներուն:
Իբր Հայաստանի զաւակ, շուք մըն էր Սօս-Վանին օտար հողերու վրայ: Կամուրջ չկրցաւ երկարել, չուզեց երկարել Շատախէն՝ Աթէնք:
Հայ գիւղը, հայ գաւառը իրեն համար ամէն բան էին: Իր կեանքին Ալֆան ու Օմեղան:
Սոսին համար,- ինչպէս սովոր էինք կոչել զինք, — արեւը կը ծագէր Նեմրութ կամ Սիփան լեռներու կատարէն ու մարը կը մտնէր Մասիսներու ետին: Հայապաշտութիւնը եւ Հայաստանապաշտութիւնը իր մէջ դարձած էին կիրք ու նաեւ կրօնք:
Իր «կարօտած սրտին համար», Հայաստանէն զատ ուրիշ հեքիաթ գոյութիւն չունեցաւ: Հայաշխարհը՝ իր բարքերով եւ աւանդութիւններով, իր առհաւական անցեալով եւ հեքիաթային պատմութեամբ:
Օրերուն հետ չկրցաւ քայլ նետել: Չկրցաւ «քաղաքակրթուիլ»: Օ՜, այս քաղաքակրթութիւնը…
Իրեն պէս հազարաւոր գաւառացիներ ու Հայաստանի գիւղացիներ, մէկ օրէն միւսը նետեցին «փոթուրն» ու տրեխը եւ զգեցան արդիական զգեստներ ու կարծեցին ըլլալ օրուան մարդը, «քաղաքակիրթ» մարդը:
Սօսը՝ այդ ինքնախաբէութիւնը չկրցաւ պարտադրել իրեն եւ ասիկա յայտարարեց հրապարակաւ, առանց նուաստութեան զգացումին:
Հայ գիւղէն եկած էր եւ մնաց նոյն գիւղացին, իր բոլոր առաքինութիւններով ու նաեւ թերութիւններով: Թերութիւններ՝ զորս չուրացաւ երբեք:
Օրերուն «յարմարելու» ճկունութիւնը չփորձեց: Ըսել կ՚ուզենք՝ դիւանագէտ չէր, խորամանկ չէր, կեղծել չէր գիտեր, ողնայար ծռող չէր: Չկրցաւ եղէգ դառնալ, որպէսզի երբ հովերը փչէին՝ առաձգականօրէն ծռէր ու վտանգը սահէր իր վրայէն: Մնաց միշտ ցցուած իսկական սօսի մը, ի՜նչ փոյթ՝ թէ փոթորիկները յաճախ կոտրտեցին իր ճիւղերը: Բունը մնաց սակայն անսասան…: Կարեւորը իրեն համար այս բունն էր արդէն:
Հայոց Աշխարհի ամէն զաւակ եթէ նմանէր Սօս-Վանիին, այսօր, տարաշխարհի մէջ մենք չէինք ունենար անշուշտ քաղաքակրթուա՜ծ ու կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ յառաջդիմութիւններ արձանագրող սփիւռքահայութիւն մը: Չէինք ունենար նա՛եւ սպիտակ ջարդի աւերին սարսափազդու պատկերը մեր աչքերուն առջեւ:
Ո՞րն է նախընտրելին: Այս հարցումին պատասխանողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը «հակասօսեան» պիտի ըլլայ, հաւանաբար:
Ճիշդ ատո՛ր համար ալ Սօս-Վանին քիչերէ հասկցուեցաւ: Եւ այդ քիչերէն ալ շա՜տ քիչեր միայն կրցան մօտենալ Սօս-Վանիի սրտի դռներուն:
Այդ շատ քիչերուն համար «փաղաքշական» մէկ բառ ունէր Սօսը.
— Շո՜ւն-շանորդի…
Երբ արտասանէր այս բառը կրնայիք վստահ ըլլալ, որ հայ գիւղացին կը յայտնէր իր ամբողջ համակրանքը ձեզի հանդէպ եւ հասկցուած ըլլալու գոհունակութեան ժպիտը կ‘ուրուագծուէր իր արեւախանձ ու կնճռոտ դէմքին վրայ:
Ամփոփենք հայ գաւառացիի այս բնութագրութիւնը հետեւեալ կերպով.- Եթէ պատահէր, որ օր մը, Սօս-Վանին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար նշանակուէր, կրնաք վստահ ըլլալ որ քսանըչորս ժամուան մէջ աշխարհի բոլոր պետութիւնները թշնամի կը դառնային մեր հայրենիքին: Որովհետեւ, դիւանագէտ չէր, այսինքն՝ կեղծող չէր, խաբող չէր, շողոքորթող չէր, քծնող չէր, սուտը՝ իբր իրաւ եւ իրաւը՝ իբր սուտ կլլեցնել փորձող չէր:
Եթէ իբր հայ գիւղացի՝ իր դիմագիծը բնութագրող այս տողերը իր ողջութեան գրուած ըլլային եւ ինք կարդար զանոնք, ապահովաբար մեր երեսին պիտի նետէր նոյն «փաղաքշական» բառը.
— Շո՛ւն-շանորդի…
***
Իր տե՞ղը մեր գրականութեան մէջ:
Սօս-Վանիի մահով, անտարակոյս, հայ աւանդագրութիւնը, հեքիաթագրութիւնը եւ հայրենագրութիւնը կորսնցուցին ամէնէն նուիրեալ ու բազմավաստակ արտայայտիչներէն մէկը:
Յիսուն տարի շարունակ գրիչ շարժեց, մեր ժողովուրդի անցեալը վերապրեցնելու եւ վերակենդանացնելու համար, հեքիաթագրութեան եւ աւանդագրութեան գծով:
Իր մանկութեան եւ պատանեկութեան յուշերը քրքրեց, հայաստանագիտութեան մասին հրատարակուած փոշեթաթաւ հատորները մաղեց, հայ գիւղին ու գաւառին աւանդութիւնները փոխանցելու համար մեր աշխարհաց եւ բազմութիւններուն եւ մանաւանդ՝ օտար հորիզոններու տակ հասակ նետող մեր նոր սերունդին:
Այս ճամբով իր առաւելագոյն սատարը բերաւ այն պայքարին, որ մերօրեայ հայերէնով կը կոչուի ազգային դիմագծի պահպանման կամ գոյատեւման պայքար:
Շատ արտադրեց, բայց, քիչ ժամանակ ունեցաւ զայն մաղելու, բիւրեղացնելու կամ խտացնելու:
Մնայուն աշխատակիցը եղաւ Աթէնքի «Նոր Օր»ին եւ «Ազատ Օր»ին, ինչպէս նաեւ արտահայաստանի շատ մը թերթերու եւ պարբերականներու:
«Նոր Օր» հրատարակչականին միջոցաւ լոյս տեսան իր չորս հատորները.- «Վահագնածնունդ», «Անահտական», «Ծամթելս ծովն ինկաւ» եւ «Ճանչնանք մեր հայրենիքը»: Վերջին տարիներուն, Պէյրութի մէջ հրատարակուեցան իր ուրիշ երկու տետրակները: Բոլորն ալ հայրենի շունչով օծուն եւ հայապաշտ ոգիով:
Անթիւ են բազմաթիւ թերթերու եւ մասնաւորապէս «Ազատ Օր»ի մէջ հրատարակուած իր հեքիաթներն ու հայրենագիտութեան մասին գրած յօդուածները, որոնք մեծ մասամբ արտատպուեցան արտահայաստանի մեր մամուլին կողմէ:
Ու տակաւին ունի բլբացած տետրակներ անտիպ գործերու, որոնք պիտի սպասեն մեկենասի մը՝ լոյս տեսնելու համար: Ո՞վ կամ ո՞ր կազմակերպութիւնը տէր պիտի կանգնի այս ժառանգութեան, որ գանձ մը կրնայ ըլլալ մեր գաւառական գրականութեան համար:
***
Իբր ուսուցիչ եւ դաստիարակ ալ յիսուն տարիներու թանկագին վաստակ մը ունի Սօս-Վանին:՝
Հարիւրեակներու կը հանսի թիւը իր սաներուն, որոնք դաստիարակուեցան իր հայեցի շունչով: Իր գլխաւոր մտասեւեռումը եղաւ հայ մատաղ սերունդի մտքին եւ հոգիին մէջ դրոշմել Հայաստանը, հայ գաւառը, հայ գիւղը՝ իրենց հարազատութեամբ:
Դասաւանդելու իւրայատուկ ձեւ մը ունէր, հեքիաթներու եւ հայ աւանդութիւններու կնիքով կնքելու համար հայ մատաղ հոգիներուն մէջ Հայաստանի եւ հայաստանցի դիմագիծը:
***
Հիմա, երբ կանգնած ենք իր թարմ հողակոյտին առջեւ, ի՞նչ կրնանք ըսել, ի՞նչ մաղթանք կրնանք ընել իր հոգիին համար:
Կրկնե՞նք, որ,
— Օտար հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, Սօ՛ս:
Բայց, կը վախնանք, որ իր ճչացող ձայնով շիրիմին խորէն մեզի պիտի պատասխանէ, գաւառացիի նոյն անկեղծութեամբ.
— Ինքնախաբէութիւն է ձեր այդ մաղթանքը: Այս հողը կապարի պէս կը ճնշէ իմ վրաս…
Գուցէ իր հոգին խաղաղի, եթէ ըսենք.
— Կ՚ուխտենք, Սօ՛ս, քու եւ օտար հողերու յանձնուած բոլոր Սօս-Վանիներու աճիւնները օր մը հաւաքել եւ յանձնել քու եւ մեր այնքա՜ն պաշտած հայրենի հողին:
Այդ պարագային միայն, հաւանաբար, լսուի իր փաղաքշական բառը.- Շո՛ւն, շանորդիներ…
«Ազատ Օր», 8 Յունիս 1966










