Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր եւ սրբազնագոյն գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայրապետական պատգամով մը 2022 տարին կոչած է «Սփիւռքի Տարի»։ Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ գերշ. տ. Գեղամ ս. արք. Խաչերեանի բարձր տնօրինումով եւ Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի որոշումով, Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ի առաւօտեան Ս. պատարագի ժամանակ, Յունաստանի բոլոր եկեղեցիներէն ներս ընթերցուեցաւ վեհափառ հայրապետի սոյն պատգամը։
Առ այդ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ, ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, Տիկնաց միութեան, Ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու։ Ս. պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան։
Քարոզի պահուն, ան ընթերցեց Վեհափառ հայրապետի պատգամը, նուիրուած՝ Սփիւռքի տարուան, ուր Նորին սրբութիւնը մանրամասն կերպով կը պարզէ Սփիւռքի ու Հայաստանի անցեալի եւ ներկայի վիճակը եւ անոնց դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները։ Ան կ’անդրադառնայ նաեւ Սփիւռքի վերակազմակերպման ծրագրին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ փոխ յարաբերութիւններու վերամշակման։ Նորին սրբութիւնը կը թելադրէ համայնքի կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն՝ համագործակցութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ նպաստել գաղութի կեանքի առաւել ծաղկման եւ Սփիւռքի աշխուժացման ի խնդիր, միաժամանակ կը թելադրէ նաեւ բոլոր թեմական եւ համայնքային կառոյցներուն, նոր ժամանակներուն ու մարտահրաւէրներուն դէմ-յանդիման իրենց կանոնագրութիւնները այժմէականացնել, նոր գործելաոճով եւ մտածելակերպով գործելու ու մանաւանդ երիտասարդութիւնը ներարկել ղեկավարութեան մակարդակին վրայ։

ԹՂԹԱԿԻՑ