­Հո­գե­գա­լուս­տէն ու­թը օր ետք, մեր ե­կե­ղե­ցին կը նշէ Սր­բոց Հ­ռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թեան յի­շա­տա­կը։
Այս ա­ռի­թով, ­Կի­րա­կի 15 ­Յու­նիս 2025-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ինչ­պէս յայ­տա­րա­րո­ւած էր, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Նա­խա­տօ­նակ՝ Սր­բոց Հ­ռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թեան յի­շա­տա­կին։
­Պա­տա­րա­գեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան։ ­Յա­կիրճ ձե­ւով անդ­րա­դառ­նա­լով օ­րո­ւան խոր­հուր­դին, յայտ­նեց, որ կոյ­սե­րու յի­շա­տա­կին պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Նա­խա­տօ­նակ, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դէ հո­գե­ւոր լսա­րան՝ «Ս. Հ­ռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թիւ­նը եւ հա­յոց քրիս­տո­նէա­ցու­մը» խո­րա­գի­րով։
­Նիւ­թը ներ­կա­յա­ցուց եր­կար տա­րի­նե­րու հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի, հա­յոց պատ­մու­թեան լա­ւա­տե­ղեակ անձ տիկ. Ա­նի ­Պէր­պէ­րեան։ Ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Հ­ռիփ. կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թեան տուն տո­ւող պատ­ճառ­նե­րուն, ընդգ­ծեց ա­նոնց հա­ւատ­քի զօ­րու­թիւ­նը, փառքն ու պա­տի­ւը մեր­ժող ա­նոնց կե­ցո­ւած­քը։ Հ­ռիփ. կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թեան ծա­նօթ ենք բո­լորս։ ­Բայց նման մի­ջո­ցա­ռում­ներ կը հան­դի­սա­նան ա­ռիթ­ներ, ի­մա­նա­լու այդ նա­հա­տա­կու­թեան տուն տո­ւող պատ­ճառ­նե­րուն եւ այլ ման­րա­մա­սու­թիւնն­նե­րուն։
Ա­նի ­Պէր­պէ­րեան ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ տո­ւաւ կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թեան շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, որ լսե­ցինք հե­տաքրքրու­թեամբ։ Ընդգ­ծե­լի է յայտ­կա­պէս, թէ Հ­ռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րու օ­րի­նա­կը, ամ­բողջ մարդ­կու­թեան հա­մար, դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է եւ կը մնայ սրբու­թեան օ­րի­նակ։
Ս. Հ­ռիփ. կոյ­սե­րու յի­շա­տա­կու­թեան օ­րուայ խոր­հուր­դը կը փաս­տէ, որ դա­րե­րով մեր ժո­ղո­վու­դը եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ յար­գած է այս կրօ­նա­ւո­րու­հի­նե­րուն յի­շա­տա­կը եւ յա­ճախ դի­մած է ա­նոնց բա­րե­խօ­սու­թեան։ Ա­պա­ւի­նած է, հա­ւա­տա­լով որ ա­նոնք կը գտնո­ւին աս­տո­ւա­ծա­մերձ պայ­ման­նե­րու մէջ։ Հ­ռիփ. կոյ­սե­րու յի­շա­տա­կու­թեան ընդ­մէ­ջէն մեր ե­կե­ղե­ցին ոչ միայն պատ­մու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ մե­զի, այլ՝ հիմ­նա­կան այն ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ քրիս­տո­նեայ ըլ­լալ կ­՚են­թադ­րէ կե­ցո­ւածք, հա­ւատք, նո­ւի­րում, ո­րոնց հիմ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թին­նե­րը մե­զի կը պատ­կա­նին Հ­ռիփ. կոյ­սե­րը՝ ի­րենց նա­հա­տա­կու­թեամբ։
Ա. ­Պէր­պէ­րեա­նը պատ­մա­կան ակ­նար­կով մը, ներ­կա­յա­ցուց թէ ինչ­պէս ծա­գու­մով ոչ հայ կրօ­նա­ւո­րու­հի­նե­րը, խոյս տա­լով Հ­ռո­մի կայս­րի շղթա­յա­զեր­ծո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րէն, եր­կար թա­փա­ռում­նե­րէ ետք հա­սած էին ­Հա­յաս­տան, ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը ապ­րե­լու հա­մար՝ հա­մա­ձայն ի­րենց հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն։
­Պա­տա­րա­գի եւ ­Նա­խա­տօ­նա­կի մթնո­լոր­տը յա­ջոր­դող օ­րո­ւան խոր­հուր­դին յատ­կա­ցո­ւած լսա­րա­նը կա­րե­լի է հաս­տա­տել որ օգ­տա­կար եւ դաս­տիա­րա­կիչ բնոյթ ու­նե­ցաւ։ Այդ պատ­ճա­ռով իսկ մաղ­թե­լի է, որ նման մի­ջո­ցա­ռում­ներ կրկնո­ւին եւ շա­րու­նա­կո­ւին։
Գ­նա­հա­տե­լի կը գտնենք Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ իւ­րա­քան­չիւր ներ­կա­յի հա­մար ա­ռիթ ստեղ­ծեց յար­գե­լու Հ­ռիփ­սի­մէ եւ ­Գա­յեա­նէ կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թեան խոր­հուր­դը։ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ այս կոյ­սե­րը դա­սած է սուր­բե­րու շար­քին։ ­Սուր­բեր են ա­նոնք, ո­րոնք կը նշո­ւին ոչ միայն հայ­կա­կան այլ՝ յու­նա­կան, լա­տի­նա­կան, ա­րա­բա­կան, ղպտի եւ ռու­սա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ։
Ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ, ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կող­մէ, ո­րոնք միշտ սի­րա­յօ­ժար կը հիւ­րա­սի­րեն եւ կը հիւ­րըն­կա­լեն ներ­կա­նե­րը։
Օգ­տա­կար եւ դաս­տիա­րա­կիչ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը մաղ­թե­լի է, որ ըլ­լան վա­րա­կիչ։

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ