Շաբաթ՝ 14 Հոկտեմբեր 2017ին, հայոց առաքելական Ս. եկեղեցին յիշատակեց «Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց» տօնը։
Այս առթիւ, Ուրբաթ՝ 13 Հոկտեմբեր 2017ին, առաւօտեան ժամը 8։30ին, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։
Արարողութեան հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց՝ յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։
Երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասը՝ խմբավարութեամբ Պետրոս Սրկ. Պարսամեանի։ Ս. Խորանին սպասարկեցին դպիրներ Հենրիկ Մալխասեան, Ալեքսան Նաճարեան եւ Ժանօ Պարտաքճեան։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ բժիշկ Արթին Վարդանեան, Հ. Կ. Խաչի Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու եւ «Ազնիւ եւ Ժիրայր Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ՝ ուսուցչական կազմը եւ տնօրէնները։
Ս. Պատարագը մատուցանեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, որուն յաջորդեց Գերշ. Սրբազան Հօր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ Գիրերու Գիւտին եւ Թարգմանչաց Տօնին կարեւորութեան՝ զայն համարելով հայ աշակերտին տօնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ դարերու ընթացքին ապրող մեր ժողովուրդը իր լինելութիւնը կը պարտի մեր գրաւոր լեզուի գոյութեանը. ապա՝ յորդորեց աշակերտները անաղարտ պահելու իրենց հայեցի դիմագիծը եւ գուրգուրալու մեր մայրենի լեզուին՝ հայերէնին։
Վերջապէս, շնորհաւորելով հայ աշակերտին տօնը, ան գնահատեց վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն մասնակցութիւնը նմանօրինակ հանդիսութիւններու։

ԹՂԹԱԿԻՑ