«Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իր անունին, տուաւ իշխանութիւն՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յովհաննէս 1,12)

«Եւ անոր լիութենէն մենք ամէնքս առինք շնորհք շնորհքի վրայ» (Յովհաննէս 1,16)

Մինչ բոլոր քրիստոնեաները Սուրբ Ծննդեան օրը հրեշտակներուն հետ կը կրկնեն՝ «Փառք Աստուծոյ բարձունքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ, բարեացակամ մարդոց» (Ղուկաս 2,14), մինչ Ղուկասի աւետարանին մէջ կը կարդանք հետեւեալը՝ «Կ՚աւետեմ ձեզի ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ ուրախութիւնը ամբողջ ժողովուրդին։ Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնաւ ձեզի Փրկիչ մը, որ Օծեալ Տէրն է» (2,10-11), սակայն եւ այնպէս վերջերս ականջալուր եւ ականատես կ՚ըլլանք տեսակ տեսակ ատելութիւններու, տեսակ տեսակ արիւնոտ կռիւներու, տեսակ տեսակ սարսափելի պատերազմներու։ Կը կարդանք ու կը տեսնենք, թէ ինչպէս միլիոնաւոր մարդիկ զոհ են «Քորոնա» ժահրի անգութ համաճարակին եւ զուրկ են բնականոն կեանք ապրելէ։ Կը կարդանք ու կը տեսնենք՝ մարդիկ մեկուսացած իրենց տուներէն ներս, ու կը տառապին իրենց սիրելիները տեսնելու եւ ողջագուրելու զրկանքէն։ Ու՛ր մնաց ընտանեկան ուրախութիւնը։ Քրիստոնեան կարիքն ունի մասնակցելու Սուրբ Զոհին ու հաղորդուելու Քրիստոսի մարմնին եւ արեան։ Հաւատացեալին իրաւունքն է մասնակցիլ եկեղեցական արարողութիւններու՝ հոգեւոր սնունդը ստանալու համար։ Ու մանաւանդ, նոյն հարցումը մենք մեզի՛ կ՚ուղղենք՝ ու՛ր մնաց մարդոց ուրախութիւնն ու «հաճութիւնը» ի տես այս տառապանքին, երբ իրազերկ կ՚ըլլանք սահմանափակումի, սուգի, ահաբեկչութեան, պատերազմի եւ դաւաճանութեան ամբողջ տարողութեան։ Ո՜րքան մեր տառապանքը կ՚աւելնայ եւ մեր սիրտը կը ճմլուի, տեսնելով պառակտումի, բաժանումի վտանգը մեր ազգին մէջ։ Ո՜րքան դաժան է ու կործանարար անոնց արարքը, որոնք կը ստեղծեն եւ կը քաջալերեն այդպիսի բաժանում ու երկպառակութիւն՝ յանուն յարանուանային պատկանելիութեան եւ գաղափարախօսութեան։ Ո՜րքան ողբերգական է տեսնել չարաշահող ձեռքերու գործած աւերները հայու զաւակին հանդէպ իսկ։ Ի՛նչ ուրախութիւն կրնայ հայը ունենալ, երբ մեր աչքերուն առջեւ կը տեսնենք նահատակումը Հայրենիքի ապագային, մեր երիտասարդ մարտիրոսներու, հայ երիտասարդներու արեան հեղումով։ Ի՛նչ ուրախութիւն կրնայ հայը ունենալ երբ Արցախի ժողովուրդը անարդար դաւաճանուած է եւ անտեսուած՝ քաղաքակիրթ կոչուած պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ։

Զարմանքի պահ մը կ՚ունենանք ու մենք մեզի կը հարցնենք. ու՛ր մնաց հրեշտակներու խոստա-ցած “խաղաղութիւն երկրի վրայ, բարեացակամ մարդոց”։ Ու՛ր մնաց մարդոց “հաճութիւնը”. ու՛ր մնաց մարդոց խոստացուած խախաղութիւնը։ «Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իր անունին․․» (Յովհաննէս 1,12)։ Այս խօսքերէն կը հասկնանք թէ Ղուկաս իր աւետարանին մէջ զանազանութիւն կը դնէ մարդոց միջեւ։ Անոնց՝ որոնք պիտի ընդունին եւ հաւատան եւ անոնց՝ որոնք պիտի չընդունին եւ ոչ ալ պիտի հաւատան Անոր Անունին։ Մեծ Աւետիսը՝ ամբողջ մարդկութեան, երկինքէն ձրիաբար տրուեցաւ որպէս պարգեւ՝ փրկուելու համար։ Սակայն այս խոստումը կրնայ խափանուիլ կարգ մը մարդոց կողմէ ու մեծ խռովութիւն ու վրդովում ստեղծել իրենց անձին ու իրենց շրջանակին մէջ։ «Այս լուրին վրայ, Հերովդէս թագաւորը վրդովեցաւ եւ հետը՝ ամբողջ Երուսաղէմը» (Մատթէոս 2,3)։ Այս վրդովումը, այդպիսի մարդկանց կը դնէ խաւարի մէջ, Աստուծմէ հեռու, առաջնորդելով զանոնք նենգ արարքներու։ «Հերովդէս զայրացաւ, երբ անդրադարձաւ թէ խաբուած էր մոգերէն (որոնք երազի մէջ, երկինքէն հրահանգ առեր էին չվերադառնալ Հերովդէսի քով) եւ մարդ ղրկեց ու սպաննել տուաւ Բեթհեղեմի եւ անոր սահմաններուն բոլոր մանուկները,․․․» (Մատթէոս 2,16)։ Այս վրդովումը վնաս կը հասցնէ բոլոր անմեղներուն։ Հերովդէսի կատաղութիւնը կը հարուածէ անգթօրէն եւ կու տայ ապացոյցը հակաքրիստոսեան իշխանութեան զեղծումին․ չկարենալով Յիսուսը հարուածել՝ կը հարուածէ շուրջը։ Մարդուն բարկութիւնը սակայն Աստուծոյ արդարութիւնը չի՛ գործադրեր (Յակոբ 1,20)։ Նոյնը այսօր ալ կը պատահի, ա՛յն աստիճանի՝ որ կը կրկնենք Հռաքէլին հետ՛․ «Ձայն մը լսուեցաւ Հռամայի մէջ․ լաց ու կոծ եւ երկար կսկիծներ։ Հռաքէլ կ՛ողբայ իր որդիները եւ չ՛ուզեր մխիթարուիլ, որովհետեւ անոնք ա՛լ չկան» (Երեմիա 31,15)։ Հռաքել կ՛ողբայ Եբրայիմի մարդիկը, որոնք գերի տարուած են Ասորեստանցիներու կողմէ։ «Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իր անունին, տուաւ իշխանութիւն՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յովհաննէս 1,12)։ Եթէ իսկապէս կը փափաքինք ապրիլ խաղաղութեան մէջ, ըլլայ մենք մեզի՛ հանդէպ կամ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ, նախ եւ առաջ խնդրենք Աստուծոյ Փառքը ու պահենք անոր խօսքերը, կամքն ու պատուիրանները։ Սիրել ա՛յնպէս, ինչպէս որ մեզմէ կը խնդրէ մեր Փրկիչը, Յիսուսը, որուն սիրոյ պատգամը կը կայանայ ներողամտութեան, յարգանքի եւ հեզութեան մէջ։ Եթէ մենք այսօր զրկուած ենք կարգ մը ուրախութիւններէ, սակայն էականը միշտ կը մնայ՝ յուսալ Տիրոջ եւ Տիրոջմով ուրախանալ․ «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով․ դարձեալ կ՛ըսեմ ուրախ եղէք» (Պօղոս Առաքեալի նամակը ուղղուած Փիլիպեցիներու 4,4)։ Դառնալով Քրիստոսի Ծննդեան պատմութեան, նմանինք հովիւներուն եւ մոգերուն, որոնք ընդունեցան Աւետիսը եւ հետեւեցան երկնքի նշաններուն, մէկդի դնելով իրենց հանգստութիւնը, ուղղուելով դէպի Լոյսը ու հանդիպելով Մանուկ Փրկչին «օրհնելով ու փառաբանելով Աստուած» (Ղուկաս 2,20 ), «շատ ուրախացան» (Մատթէոս 2,10)։ Շատ Սիրելի ու Յարգելի Հայրենակիցներ, Տառապանքներուն եւ դժուարութիւններուն մէջ երբեք չձգենք աղօթքը. համբերութեամբ մենք կրնանք ապրիլ յոյսի մէջ որ կը հիմնուի հաւատքին վրայ, ու Տէրը երբեք չ՚անտեսեր անոնք որոնք գիշեր ցերեկ իր Անունը կը կանչեն։ «Փառք Աստուծոյ՛ բարձունքներուն մէջ, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ հաճութիւն մարդոց միջեւ» (Ղուկաս 2,14)։

Հայր Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Պէզազեան
Յունաստանի Առաքելական Կառավարիչ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ