10 Օ­գոս­տո­սին, 1920ին, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ապ­րե­ցան պատ­մու­թեան աս­տե­ղա­յին պա­հե­րէն մէ­կը։
Օ­գոս­տոս ամ­սու 10րդ­ օ­րը, 97 տա­րի ա­ռաջ, ֆրան­սա­կան ­Սեւր քա­ղա­քին մէջ, պե­տա­կան հան­դի­սա­ւոր շու­քով ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­գիր մը, որ նո­ւի­րա­գոր­ծեց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մը։
­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը նաեւ ե­ղաւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի եւ ի­րա­ւուն­քի այն միակ (եւ այդ բաժ­նով ցարդ չփո­խա­րի­նո­ւած) փաս­տա­թուղ­թը, ուր ման­րա­մաս­նօ­րէն ճշդո­ւած ու քար­տէ­սագ­րո­ւած են հայ­կա­կան եւ թրքա­կան պե­տու­թեանց մի­ջեւ մի­ջազ­գա­յին սահ­ման­նե­րը՝ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­տե­նի նա­խա­գահ ­Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րա­րու­թեամբ։
­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը մէկն էր Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին ա­ւար­տը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տագ­րող այն դաշ­նա­գիր­նե­րէն, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րուն կող­մէ պար­տադ­րո­ւե­ցան պար­տեալ ­Կեդ­րո­նի Ու­ժե­րուն՝ ­Գեր­մա­նիոյ, Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիոյ, ­Պուլ­կա­րիոյ եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան։ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը հան­դի­սա­ցաւ պար­տեալ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան եւ յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ կնքո­ւած խա­ղա­ղու­թեան ու հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը։
­Դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ու հան­դի­սա­շուք ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Սեւ­րի աշ­խար­հահռ­չակ ­Փոր­սը­լէ­նի ­Գոր­ծա­րա­նի ցու­ցաս­րահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ։ Ֆ­րան­սա նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թեան։ ­Դաշ­նա­գի­րը պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ե­րեք լե­զու­նե­րով՝ ֆրան­սե­րէն (ա­ռաջ­նա­յին), անգ­լե­րէն ու ի­տա­լե­րէն եւ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ, լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նի կար­գով, ­Հա­յաս­տա­նի, ­Պել­ճի­քա­յի, Ֆ­րան­սա­յի, ­Յու­նաս­տա­նի, ­Հի­ճա­զի (ա­րա­բա­կան թա­գա­ւո­րու­թիւն), Ի­տա­լիոյ, ­Ճա­փո­նի, ­Լե­հաս­տա­նի, ­Փոր­թու­կա­լի, ­Ռու­մա­նիոյ, ­Միա­ցեալ ­Թա­գա­ւո­րու­թեան, Եու­կոս­լա­ւիոյ եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ։
­Յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի՝ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րեց Հ.Հ. ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան։ Իսկ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­նու­նով ­Դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­ցին թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան չորս ան­դամ­նե­րը` ­Ռի­զա ­Թեւ­ֆիք, ­Մեծ ­Վե­զիր ­Տա­մաթ ­Ֆե­րիտ փա­շա, դես­պան ­Հա­տի փա­շա եւ կրթու­թեան նա­խա­րար ­Րե­շիտ ­Հա­լիս, ո­րոնք լիա­զօ­րո­ւած էին սուլ­թան ­Մեհ­մետ 6րդի կող­մէ։
­Քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան բարդ ու ա­նօ­րի­նակ ճա­կա­տա­գիր մը վե­րա­պա­հո­ւե­ցաւ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին։ ­Մի­ջազ­գա­յին ­Դաշ­նա­գիր­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ե­ղաւ մէ­կը այն ե­զա­կի ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րէն, ո­րոնք ո՛չ վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցան կամ լիար­ժէք կի­րար­կո­ւե­ցան, ոչ ալ ամ­բող­ջա­պէս չե­ղեալ կամ ջնջո­ւած յայ­տա­րա­րո­ւե­ցան։
­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րով փաս­տօ­րէն ան­դա­մա­հա­տո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը եւ յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նե­ցին պա­տե­րազ­մա­կան… ա­ւա­րը։ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, կայս­րու­թեան ա­րեւմ­տեան բաժ­նի, ­Պալ­քան­նե­րու եւ հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի տա­րած­քին` Ֆ­րան­սա, Անգ­լիա եւ Ի­տա­լիա, ինչ­պէս նաեւ կրտսեր դաշ­նա­կի­ցի դիր­քէն՝ ­Յու­նաս­տան, ի­րենց հո­գա­տա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին օս­մա­նեան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րու, եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վրայ։ Այդ ա­ռու­մով եւ իր հա­մա­պա­տաս­խան յօ­դո­ւած­նե­րով ու բա­ժին­նե­րով` ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը փաս­տօ­րէն ոչ միայն վա­ւե­րաց­ման հարց չու­նե­ցաւ, այ­լեւ` ի գործ դրո­ւե­ցաւ… բան մըն ալ ա­ւե­լիով։
­Նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել, դժբախ­տա­բար, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան առն­չո­ւող բաժ­նին կամ յօ­դուած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ ­Յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րը այն­քան բուռն մրցակ­ցու­թեան եւ տա­րա­կար­ծու­թեանց մէջ էին` Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­ւա­րը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նե­լու հար­ցով, որ պէտք ե­ղաւ բա­նակ­ցիլ շուրջ եր­կու տա­րի՝ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ի­րո­ղա­կան ա­ւար­տէն (1918ի ա­շուն) մին­չեւ 1920ի Օ­գոս­տոս 10, որ­պէս­զի ի վեր­ջոյ պաշ­տօ­նա­պէս ստո­րագ­րո­ւի ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը, ի­րա­ւա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար ­Դաշ­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեանց։
­Դաշ­նա­կից­նե­րու այդ ներ­քին մրցակ­ցու­թե­նէն ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տո­ւե­ցաւ թրքա­կան նոր-ազ­գայ­նա­կան շար­ժու­մը` ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ ­Քե­մալ խորհր­դա­յին նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թեանց հետ ա­ռան­ձին, երկ­կողմ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կնքեց, բա­ցա­յայտ թէ գաղտ­նի, որ­պէս­զի կա­րե­նայ ոչ միայն մեր­ժել ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը, այ­լեւ` 1920ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ձեռ­նար­կել ­Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ։
­Քե­մա­լա­կան շարժ­ման դիր­քե­րուն ամ­րապն­դու­մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տկա­րա­ցու­մը (­Լե­նին-­Քե­մալ մեղ­սա­կից ճնշման տակ) պատ­ճառ դար­ձան, որ քա­ղա­քա­կան խա­մա­ճի­կի վե­րա­ծո­ւած սուլ­թան ­Մեհ­մէտ 6րդի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նոյ­նիսկ խորհր­դա­րան չյղէ ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը առ ի վա­ւե­րա­ցում։
Եւ այ­սօ­րի­նակ զար­գա­ցում­նե­րու յոր­ձա­նու­տին մէջ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը պար­զա­պէս… «մոռ­ցո­ւե­ցաւ»։ Ո՛չ վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ, ոչ ալ ան­վա­ւեր հռչա­կո­ւե­ցաւ, այլ են­թար­կո­ւե­ցաւ ու­ժի եւ ու­ժե­ղի՝ «ան­տա­ռի օ­րէնք»ի տրա­մա­բա­նու­թեան` իր ո­րոշ մա­սե­րով ու յօ­դո­ւած­նե­րով գոր­ծադ­րո­ւե­լով, իսկ այլ յօ­դո­ւած­նե­րով քա­ղա­քա­կան շրջա­նա­ռու­թե­նէ դուրս մղո­ւե­լով։
Այդ ա­ռու­մով ալ ­Դաշ­նա­կից­նե­րը նոր դաշ­նա­գիր մը պատ­րաս­տե­ցին` Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տի պա­տե­րազ­մա­կան դրու­թեան վերջ­նա­կա­նա­պէս վերջ տա­լու նպա­տա­կով։ Այդ նոր դաշ­նա­գի­րը ե­ղաւ 1923ի ­Յու­լիս 24ին ստո­րագ­րո­ւած ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը, որ սա­կայն կնքուե­ցաւ ոչ թէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան, այլ` ­Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին ­Մեծ ­Ժո­ղո­վին հետ, որ ­Քե­մա­լի ազ­գայ­նա­կան շարժ­ման ինք­նա­կոչ ի­րա­ւա­կան ա­նո­ւա­նումն էր։ ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Թուր­քիան դեռ գո­յու­թիւն չու­նէր իբ­րեւ ի­րա­ւա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն, պի­տի հռչա­կո­ւէր 1923ի ­Հոկ­տեմ­բե­րի 29ին։
­Բայց ինչ­պէս որ հա­զա­րա­մեակ­նե­րով պա­տա­հած ու կրկնո­ւած է, ի­րա­ւունքն ու օ­րէն­քը միշտ ալ խո­նար­հած են սու­րին եւ ու­ժե­ղին առ­ջեւ` այս վեր­ջին­նե­րու պա­հանջ­նե­րուն եւ կամ­քին հետ քայլ պա­հե­լու ան­թա­քոյց ճի­գով ու… հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թեամբ։ ­Նոյ­նը պա­տա­հե­ցաւ ­Քե­մա­լի հետ կնքո­ւած ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նագ­րին պա­րա­գա­յին, որ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն չե­ղեալ յայ­տա­րա­րե­լու կամ փո­խա­րի­նե­լու հար­կադ­րան­քը շրջան­ցեց` ­Քե­մա­լի ­Թուր­քիան սի­րա­շա­հե­լու եւ խորհրդա­յին ճամ­բա­րէն զայն հե­ռաց­նե­լու, ետ բե­րե­լու եւ Եւ­րո­պա­յին մօ­տեց­նե­լու փոր­ձով։
­Բայց այդ շրջանց­ման գի­նը ե­ղաւ ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ ճա­նա­չու­մը` իբ­րեւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ի­րա­ւա­յա­ջոր­դը, ինչ որ բնա­կա­նա­բար կը նշա­նա­կէ նաեւ ժա­ռան­գու­մը ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ թրքա­կան պե­տու­թեան բո­լոր պար­տա­ւո­րու­թեանց։
Այս­պէ՛ս, պար­զա­պէս մո­ռա­ցու­թեան մատ­նե­լով ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը` մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը փաս­տօ­րէն պատ­մու­թեան առ­ջեւ բաց պա­հե­ցին ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին… վե­րա­կեն­դա­նաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս որ սու­րի եւ ու­ժի ճնշման տակ ա­տե­նի մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը յղա­ցաւ ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը, նոյն ձե­ւով ալ եւ հա­մար­ժէք զար­գա­ցում­նե­րու (ոչ ան­պայ­ման ռազ­մա­կան, նաեւ քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան ա­ռու­մով) ճնշման տակ` մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը կրնայ դրուիլ նաեւ նոր «­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գիր» մը պատ­րաս­տե­լու եւ որ­դեգ­րե­լու ստի­պո­ղու­թեան տակ։ ­Փաս­տօ­րէն ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րէն զատ չկայ հա­յեւթր­քա­կան միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ սահ­ման­նե­րու կար­գա­ւոր­ման մի­ջազ­գա­յին այլ դաշ­նա­գիր մը, ո­րուն տակ կ­þե­րե­ւի ստո­րագ­րու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դէն ա­ռաջ եւ աշ­խար­հի մեծ ու փոքր բո­լոր ու­ժե­րէն ան­դին՝ յատ­կա­պէս թրքա­կան պե­տու­թիւնն է, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն մտա­հո­գու­թեամբ կը գի­տակ­ցի այս ի­րո­ղու­թեան։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ ոչ մէկ ճիգ կը խնա­յէ, որ­պէս­զի խորհր­դա­յին ճնշման տակ կնքո­ւած 23 ­Հոկ­տեմ­բեր 1921ի ­Կար­սի ­Դաշ­նագ­րին նմա­նո­ղու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին նոր դաշ­նա­գիր մը կնքե­լու անձ­նա­տո­ւու­թեան մղէ մե­րօ­րեայ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Ի վեր­ջոյ ­Թուր­քիա ա­մէ­նէն ա­ւե­լի կ’անդ­րա­դառ­նայ, որ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը — մոռ­ցո­ւած ըլ­լայ թէ ան­վա­ւեր մնա­ցած — իր գլխուն կա­խո­ւած է դա­մոկ­լեան սու­րի պէս` Ո­ւիլ­սը­նեան սահ­մա­նագ­ծու­մով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րե­լով։
Եւ Իս­մէթ Ի­նէօ­նիւ կո­չո­ւի թէ ­Րէ­ճափ Էր­տօ­ղան` թրքա­կան պե­տու­թեան ղե­կին կանգ­նած քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուն կը գի­տակ­ցի, որ ի վեր­ջոյ կրնայ հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան կան­չո­ւիլ, ե­թէ չկա­րե­նայ մի­ջազ­գա­յին նոր դաշ­նագ­րի մը կնքու­մով ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը զրկել մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քով եւ ի­րա­ւուն­քով հաս­տա­տագ­րո­ւած ­Սեւ­րի ­Պար­տա­մուր­հա­կէն։ Այս ա­ռու­մով թուրք պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի մէջ է, որ­պէս­զի 1920ա­կան­նե­րուն չյա­ջո­ղա­ծը կա­րե­նայ ձեռք ձգել 21րդ ­դա­րուն։
Թր­քա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պան ղե­կա­վա­րու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րը հան­գիստ պի­տի չու­նե­նան այն­քան ա­տեն, որ ձեռք ձգած չեն ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ ­Թուր­քիոյ միջ-պե­տա­կան սահ­մա­նագ­ծի ճշդո­րոշ­ման ի­րա­ւա­կան, այ­լեւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նա­ցած այն նոր փաս­տա­թուղ­թը, որ ի վեր­ջոյ պի­տի փո­խա­րի­նէ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը…
Ա­յո՛, թէեւ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը չվա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ, բայց նաեւ` ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ իր յօ­դո­ւած­նե­րով` չփո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ ո­րե­ւէ այլ դաշ­նագ­րով։ ­Կար­սի ­Դաշ­նա­գի­րը բնաւ չու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կա­նու­թիւն։ Իսկ ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը պար­զա­պէս ու­րա­ցաւ, որ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը` մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի եւ ի­րա­ւուն­քի ա­ռու­մով` պարտք է ­Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին։
10 Օ­գոս­տո­սին, 97 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը տի­րա­ցան մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի եւ ի­րա­ւուն­քի ի­րենց յաղ­թա­թուղ­թին։
­Մեր սե­րունդ­նե­րուն կը մնայ մո­ռաց­ման եւ ու­րաց­ման փո­շի­նե­րէն հա­նել ու վերս­տին կեան­քի կո­չել ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը։
­Մա­նա­ւանդ` բո­լոր ու­ժե­րով թումբ կանգ­նիլ ­Սեւ­րի ­Պար­տա­մուր­հա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ձեռ­քէն խլե­լու թրքա­կան պե­տու­թեան մե­րօ­րեայ սադ­րանք­նե­րուն։
Ի վեր­ջոյ մեր սե­րուն­դը վկան է թրքա­կան պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նած վեր­ջին սադ­րան­քին, որ 2009ին ստո­րագ­րո­ւած ­Հա­յեւ­թուրք Ար­ձա­նագ­րու­թեանց քա­ղա­քա­կան ծու­ղա­կը ե­ղաւ։ Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ստո­րագ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րի մը տակ, որ թէեւ տա­կա­ւին չէ վա­ւե­րա­ցո­ւած, բայց նաեւ չէ ջնջո­ւած ու մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի վրայ կը պա­հէ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նա­գի­րը փո­խա­րի­նո­ւած տես­նե­լու թուրք պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
Ինչ­պէս որ տխրահռ­չակ Փ­րո­թո­քո­լի ստո­րագ­րու­թեան ա­ռի­թով ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ահ­մէտ ­Տա­ւու­թօղ­լու յայ­տա­րա­րած էր իր երկ­րի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ՝ թրքա­կան պե­տու­թեան հին թէ նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կառ­չած կը մնան այն պնդու­մին, թէ՝
«­Կար­սի եւ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը ­Թուր­քիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սահ­ման­նե­րը ճշդե­ցին եւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ այս հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րուն ակ­նար­կու­թիւն­ներ կան: Ու­րեմն, ­Հա­յաս­տան եւս կ­þըն­դու­նի, որ օ­րի­նա­կան հիմք չու­նին այն պնդում­նե­րը, թէ ­Հա­յաս­տան եւ ­Թուր­քիա սահ­ման­նե­րու շուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն ու­նին, կամ՝ թէ ­Հա­յաս­տան հո­ղա­յին պա­հանջ ու­նի ­Թուր­քիա­յէն»։
­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց դար­պա­սին մօտ նե­տո­ւած է խա­ղագն­դա­կը եւ պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը, յատ­կա­պէս տա­կա­ւին «ֆութ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան» պատ­րան­քով ու ինք­նա­խա­բէու­թեամբ ապ­րող Հ.Հ. նա­խա­գա­հով, պար­տա­ւոր է ան­դին անց­նիլ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին սոսկ շրթուն­քի տուրք վճա­րե­լու իր վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րու վար­քա­գի­ծէն…
­Ժա­մա­նակն է այ­լեւս յետս կո­չե­լու ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ստո­րագ­րու­թիւ­նը տխրահռ­չակ Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն եւ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին ի­րա­ւա­տէր կանգ­նե­լու պաշ­տօ­նա­պէս՝ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէ՛ն եւ ա­մե­նայն դի­ւա­նա­գի­տու­թեա՛մբ։