Հ.Կ.Խաչի Աթէնքի «Ծովինար» մասնաճիւղը կը կազմակերպէ եռօրեայ պտոյտ դէպի Փարղա, Ահերոնտա գետը, Ղլիքի եւ Լեֆքատա Երկուշաբթի, 25 Մայիսէն մինչեւ Չորեքշաբթի 27 Մայիս 2026-ին:
* Գիշերում՝ Փարղայի մէջ, ուրկէ պիտի կազմակերպուին օրական շրջապտոյտներ դէպի մօտակայ գեղեցիկ վայրեր։
* Ծրագիրը կը ներառէ նաւարկութիւն Ահերոնտա գետին վրայ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ դէպի Ղլիքի (Ահերոնտայի ակունքները) եւ Լեֆքատա կղզին։
* Արձանագրութիւններու համար հեռաձայնել՝ ընկ. Հայկան Իւթիւնճեանին 6981094360 եւ ընկ. Եղիս Զարացեանին 6945698440:
* Մասնակցութեան սակ՝ 200 եւրօ:
Վարչութիւն










