Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ի կէսօրին, Աթէնքի «Ռոյալ Ոլիմփիք» շքեղ հիւրանոցի դալար տանիքին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, ի պատիւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի եպիսկոպոսական օծման։ Նշենք, որ 23 Փետրուարին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ, Յունահայոց Առաջնորդը բարձրացաւ եպիսկոպոսութեան աստիճանին, որուն ընդունելութիւնը եղաւ պաշտօնական ճաշկերոյթով։
Բացի Ազգային վարչութեան լրիւ կազմէն, ներկայ եղան Հայ Կաթողիկէ համայնքի պետ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, գերմանական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Ներսէս վրդ. Սաքայեան, Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Յունահայոց թեմական պատգամաւորական ժողովի, գաղութի կազմակերպական եւ միութենական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ խորհուրդներու եւ հոգաբարձութեան անդամներն ու բազմաթիւ հայրենակիցներ պատուեցին Սրբազան հօր ընդունելութիւնը։
Բացման խօսքը կատարեց Ազգային վարչութեան ատենադպիր Նազար Աւագեան, որ անդրադարձաւ Սրբազան հօր եպիսկոպոսացման ուրախ առիթին, ինչպէս նաեւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ թեմական այժմու պատկերին մասին: Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Իգնատիոս եպիսկոպոսը: Բոլոր խօսողները բեղմնաւոր եւ ծաղկուն առաջնորդութիւն մաղթեցին Սրբազան հօր եւ սրտանց շնորհաւորեցին անոր եպիսկոպոսութեան աստիճանը։ Առաւել, յոյն բարձրաստիճան հոգեւորականը արտայայտեց Յունաստանի եկեղեցւոյ պետին շնորհաւորանքները եւ երկու դարաւոր եկեղեցիներու եղբայրական կապերու խորութիւնը։
Հուսկ, իր հայրական խօսքը հրաւիրուեցաւ տալու Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան իր երախտիքի խօսքը ուղղեց եւ շեշտեց Յունաստանի հայ համայնքի պատմական իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերազարթօնքի կարեւորութիւնը, որպէս մէկ ամբողջութիւն: Նաեւ, Սրբազանը ընդգծեց յատկապէս միասնական ըլլալու հրամայականը, եւ վերջապէս՝ հաւաքական աշխատանքի հրաւէր ուղղեց, որպէսզի նոր սերունդը դառնայ մեր ներկան, ունենալու համար ամուր ապագայ:
Ճաշկերոյթը, իր պաշտօնականութենէն անդին, առիթը եղաւ որպէսզի մեր ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները եւ ներկայ ժողովուրդը մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի զգացումներով արտայայտէ իր շնորհաւորական իղձերը նորաօծ Առաջնորդ Սրբազանին, մաղթելով առաջնորդական արգասաբեր տարիներ եւ ազգային կեանքի վերակենսաւորման բեղուն ճանապարհ։