Չորեքշաբթի, 31 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Ազգային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ողջերթի ճաշկերոյթ, ի պատիւ Ամերիկայի արեւմտեան թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին։
Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովի անդամները, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութիւններու ներկայացուցիչ անդամներ եւ թեմական երեսփոխաններ։
Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան օրհնեց սեղանը։ Ապա ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առնելով բացատրեց Ամերիկայի արեւմտեան թեմի Առաջնորդ ընտրուելու պայմաններն ու գործընթացը։ Ապա ան ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի հայոց թեմի անցեալի իր գործակից կառոյցներու պատասխանատուներուն, որոնք իր առաջնորդութեան եօթը տարիներու ընթացքին, փոխադարձ յարգանքի ու սերտ գործակցութեան հիման վրայ միասնաբար յառաջացուցին գաղութի աշխատանքները։
Սրբազան հայրը դարձեալ շեշտեց, հոգեւորականի իր առաքելութեան ընթացքին, յունահայ գաղութի կարեւորութիւնն ու իր մօտ թողած յատուկ տպաւորութիւնը։ Ան նախապէս տասը տարիներ, որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած էր նաեւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքէն ներս։ Ետքը ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ամերիկայի արեւմտեան թեմի կառոյցներուն, աշխատանքներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին։
Ապա խօսք առին Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Անոնք գնահատեցին Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի գաղութէս ներս առաջնորդական ծառայութիւնը։ Ապա յանուն յունահայոց թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանին, Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովի կողմէ քաջառողջութիւն ու բեղուն ծառայութիւն մաղթեցին անոր։
Գնահատանքի ու նորանոր յաջողութեան բարեմաղթական խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Լիզա Աւագեան, թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Արա Մանկոյեան եւ տոքթ. Արմէն Տէրեան։
Պաշտօնական ճաշկերոյթի աւարտին, Ազգային վարչութիւնը գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնեց գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին։
ԹՂԹԱԿԻՑ