Յունաստանի Հայոց Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ Գեր. Տ. Գեղամ Ա. Արք. Խաչերեանի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առիթով կը հրատարակենք Յունահայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի, եկեղեցիներու, Թաղային մարմիններու շնորհաւորանքները.-
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը, քահանայական իր ձեռնադրութեան եւ օծման քառասուն ամեակին ուրախ առիթով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ երկարամեայ բեղուն ծառայութիւն, ի սպաս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։
Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւն
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ
Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ա. Արք. Խաչերեանի
քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին առիթով
Յունաստանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովը ջերմագին բարեմաղթութիւններով կը շնորհաւորէ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը 21 Յունիս 1981-ին քահանանայական ձեռնադրութեան եւ օծման քառասնամեայ յոբելեանը։ Ձեռնադրիչ Սրբազան՝ Դպրեվանքի տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ Ս. Արք. Սարգիսեան։
Հայրերու օրուան առթիւ ձեռնադրուելով, բազմաթիւ հայորդիներու հոգեւոր հայրութեան պատասխանատուութեան յանձնառութեամբ, Տիրոջ Անդաստանէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ հայրերուն աշակերտութեամբ եւ հետեւողութեամբ ծառայելու կոչումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ոգիին եւ սկզբունքներուն համահունչ, քառասնամեայ բարեյուշ ծառայութեան վաստակ շահած Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը մաղթենք, Տիրոջ եւ Հայ ժողովուրդին ի սպաս հոգեւոր կոչումի եւ ազգանուէր ծառայութեան երկարամեայ օրհնեալ եւ արգասաբեր առաքելութիւն։
Կրօնական Ժողով Յունաստանի Հայոց Թեմի
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Յունաստանի
Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին՝ Գերաշնորհ
Տ. ԳԵՂԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍի
Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման այլեւ Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ուխտաւորութեան
40-ԱՄԵԱԿին ուրախ առիթով
«Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչե Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը, Սուրբ Խորանի Սպասարկուներն ու Տիկնանց Յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Դպրաց Դասն ու Ծխականները, ջերմօրէն կը շնորհաւորեն Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդը եւ կը մաղթեն՝ երկարամեայ ծառայութեան շարունակութիւն՝ ազգային-եկեղեցական բազմերես անդաստանէն ներս։
Հոգաբարձութիւն Ս. Եկեղեցւոյս
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆի
Աբեղայական -Կուսակրօն քահանայ- Ձեռնադրութեան եւ Օծման 40-ամեակին ուրախ առիթով (21 Յունիս 1981), Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեցւոյ Հոգեւոր հովիւի, Թաղային խորհուրդի եւ Տիկնանց մարմնոյ, ինչպէս նաեւ ծուխիս հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն անունով, ի սրտէ կը շնորհաւորենք եւ մեր բարեմաղթութիւններով եւ աղօթքներով կ՚աղերսենք առ Աստուած, որ Սրբազան Հօր շնորհէ կատարեալ առողջութիւն եւ երկարամեայ Առաջնորդութիւն։
Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Գոքինիոյ «Ս. Յակոբե եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը, ջերմօրէն կը շնորհաւորեն Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը, քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման 40-ամեակին ուրախ առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը մաղթենք քաջառողջութիւն, յաելեալ ուժ ու կորով եւ յաջողութիւն հոգեւոր ու ազգային ծառայական անդաստանէն ներս:
Թաղային Խորհուրդ Գոքինիոյ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայական֊աբեղայական
ձեռնադրութեան 40-ամեակին ուրախ եւ բարեբաստիկ առիթով
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Թաղական Խորհուրդին, Տիկնաց Միութեան, Եկեղեցւոյ Սպասաւորներուն եւ շրջանի բոլոր Ազգ. Կառոյցներուն ու Հաստատութիւններուն եւ Միութիւններուն անունով կը շնորհաւորենք Ձերդ Գերաշնորհութեան Քահանայական-Աբեղայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման Քառասնամեակը, մաղթելով առողջութիւն, երկար կեանք եւ նորանոր յաջողութիւններ։ Մեր գլխէն անպակաս ըլլաք, Սրբազան Հայր։
Թող Ձեր շուքը եւ օրհնութիւնը միշտ մեր վրայէն չպակսի եւ Ձեր Առաջնորդական մականով մեր ժողովուրդի զաւակներուն հասցնէք դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։
Մատչիմք ի համբոյր Ձերդ Օծեալ Ս. Աջոյն՝
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆի աբեղայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին ուրախ առիթով (21 Յունիս 1981), Գարէա-Կէսարեանիի հոգեւոր հովիւի, Թաղային խորհուրդի ծուխիս հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն անունով, ի սրտէ կը շնորհաւորենք Սրբազան Հայրը եւ կը մաղթենք առողջութիւն եւ երկարամեայ հոգեւոր Առաջնորդութիւն։
ԳԱՐԷԱ-ԿԷՍԱՐԵԱՆԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ