«Ազատ Օր»-ի 81-ամեակի սեմի թեւակոխումը անխուսափելի խորհրդածութիւններու պարտաւորութեան մէջ կը դնէ թերթիս վարչական պատասխանատուները եւ պաշտօնէութիւնը։
Խօսքը անգամ մը եւս կը ծանրանայ սփիւռքահայ մամուլի դերակատարութեան ու անոր գոյատեւման մարտահրաւէրներուն վրայ։ Սփիւռքահայ մամուլը կը շարունակէ հանդիսանալ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր խարիսխ, նաեւ՝ ընդարձակ հարթակ, ուր ձեւաւորուած են սփիւռքահայ մարդու աշխարհայեացքը, քաղաքական կողմնորոշումները եւ ազգային-հասարակական գիտակցութիւնը։
Գաղափարական անշեղ ուղիի ու ժողովրդային յենարան վայելող իր բազմակողմանի հանգամանքներուն մէջ ճամբայ կտրած՝ յունահայ գաղութի սիրուած ու փնտռուած օրաթերթը՝ «Ազատ Օր»-ը, այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի տարբեր առաջադրանքներու, որոնք կապ ունին անոր գոյատեւման, այլեւ՝ նպատակի ու նշանակութեան վերահաստատման հետ։ Որպէս սփիւռքահայ մամուլի ընտանիքին մէկ մասնիկը, թերթի ապագան կը պահանջէ ոչ միայն յարմարում նոր ըմբռնումներուն, այլեւ մտածողութեան ու ստեղծագործական յառաջդիմութեան տարբեր մօտեցումներ։ Պարզ բնորոշումով, թերթը ինչպէս կարելի է մնայ համապատասխան՝ սփիւռքի մէջ ձեւաւորուող ժամանակակից պահանջներուն, չկորսնցնելով իր ինքնութիւնը։
— Հիմնական առաջնահերթութիւնը կը հանդիսանայ հայոց լեզուն, որ յատկապէս սփիւռքի մէջ պէտք է դիտուի ոչ միայն իբրեւ ժառանգութիւն, այլ որպէս ստեղծագործական միջոց։ Ապագայ սերունդներուն համար հայերէնով գրելը պէտք է դառնայ ինքնադրսեւորման արդիական ձեւ, թօթափելով անոր բեռ ըլլալու բարդոյթը, որ կը յատկանշէ նորահաս սերունդները։ Մամուլը պէտք է խրախուսէ գրական նոր ոճ, լրագրողական նոր ձեւաչափեր, որոնք հայերէնը անցեալի արձագանգ դարձնելու փոխարէն, պիտի արժեւորեն որպէս ապագայի ստեղծագործ լեզու։
— Էական այս առաջադրանքին շուրջ կարելի է կառուցել մամուլին վերապահուած ապագան՝ երիտասարդութեան ներգրաւումով արդի արհեստագիտական միջոցներուն, թուայնացման եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ, որոնք անխուսափելիօրէն մաս պիտի կազմեն անհատական եւ հանրային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն։ Երիտասարդ սերունդը նախընտրութիւնը կու տայ կարճ, արագ եւ տեսողական բովանդակութեան։ Մեր թերթն ալ պէտք է յարմարի թուային նոր իրականութեան՝ առանց զրկուելու իր բովանդակային խորութենէն եւ քննական-վերլուծական տեսակէտ արտայայտելու կարողականութենէն։
- Մեր առջեւ ունենալով մամուլին հանդէպ գաղութային դասական ընբռնումները շրջափոխելու անհրաժեշտութիւնը, պէտք է մտածել թէ ինչպէս կարելի է ընթերցողներուն ներկայացուցած նիւթերու կրաւորական սպառումը վերափոխել մասնակցային մշակոյթի։ Ընթերցողները պէտք չէ միայն սպառեն լրատուութիւն կամ կարծիք, այլեւ դառնան տեսակէտ արտայայտող հեղինակներ։ Թուային մամուլը կրնայ դառնալ մասնակցային միջոց, ուր հայ անհատը իր ձայնը պիտի արտայայտէ՝ կիսելով իր փորձառութիւնը, մտահոգութիւններն ու յոյսերը ազգային ու գաղութային գետնի վրայ, ստեղծելով երկխօսութեան նոր որակ։
«Ազատ Օր»-ի ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ մամուլի ապագան կախուած է նորարարութեան յարմարելու ընդունակութենէն։ Բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ մամուլին վրայ սպառնացող վտանգներուն դիմաց, նոր ուղիներ ստեղծելու հրամայականը կը պահանջէ թերթի պատասխանատուներուն եւ ընթերցողներուն միջեւ գործնապաշտ հարթակներու ձեւաւորումը, անմիջական ներգրաւումի հնարաւորութեամբ։
Յունահայ ապագայ սերունդներու ուղիին ակօսը մնալու գիտակցութեան մէջ կ՚ամփոփուի «Ազատ Օր»-ի ստեղծած ազգային, քաղաքական, գաղափարական եւ հասարարակական հոգեմտաւոր աւանդը պահելու հաւաքական յանձնառութիւնը։