Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան Երեւանի «Հարսնաքար» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերադարձ» խորագիրով ձեռնարկ, որ նուիրուած էր Արցախի հանրապետութեան հռչակման 33-ամեակին:
Ձեռնարկի ընթացքին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Եորղոս Քութելաքիս իր զօրակցական խօսքը ուղղեց հայ ժողովուրդին, որը ցուցադրուեցաւ վիտէօ-երիզով: Ան յայտնեց, «որպէս Յունաստանի Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ՝ քաղաք մը, որ եղբայրական կապեր ունի հայութեան հետ, քաղաք մը, որ նոյնպէս զոհ դարձած է հայութեան ջարդարար՝ Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութեան, ջերմ ողջոյններ կ‘ուղարկեմ հաւաքի բոլոր մասնակիցներուն, Նէա Զմիռնիի «յուշերու պուրակէն», հոս ուր զետեղուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հայկական յուշարձանը Յունաստանի մէջ, ուր կը համախմբուինք բոլորս ամէն տարի Ապրիլ 24-ին։ Նէա Զմիռնին քաղաք մըն է, որ շարունակական կապեր կը պահէ հայութեան հետ, եղբայրացած ըլլալով հայրենի Սիսիան քաղաքին հետ, Սիւնիքի մարզէն ներս։ Անցեալին բազմիցս այցելած ենք բարեկամ երկիր Հայաստանը, ինչպէս նաեւ 2001-ին այցելեցինք Արցախի հանրապետութիւնը, Ստեփանակերտը, ուր զրուցեցինք երկրի քաղաքական ղեկավարութեան հետ, Ղարաբաղի-Արցախի հանրապետութեան նախագահին հետ, այցելեցինք Մամիկ-Պապիկ յուշարձանը, Շուշին եւ այլ քաղաքները, ընդարձակ այդ շրջանը, որ պատմական եւ մշակութային խոր նշանակութիւն ունի հայ ազգի պատմութեան հետ։ Արցախի հանրապետութիւնը, որ այսօր յարձակումի ենթարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ իր բնակչութիւնը էթնիկ զտման ենթարկուած է, հեռու ըլլալով իր բնակավայրէն, նոյն պահուն երբ իր քաղաքական ղեկավարութիւնը կը մնայ բանտարկուած։ Մենք հոս ենք, մեր ձայնը միացնելու եւ պաշտպանելու համար հայութեան վերադարձի իրաւունքը, որ ապահով եւ երաշխաւորուած պայմաններով պէտք է կատարուի։ Կը միացնենք մեր ձայնը՝ պահանջելով գերիներուն ազատ արձակումը եւ վստահեցնելով, թէ հաստատ ու միշտ կը մնանք հայութեան աջակից, մնալով իր կողքին, իր պատմութեան ճակատագրական բոլոր պահերուն ընթացքին»։
Ձեռնարկը նպատակ ունէր ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակին մէջ արժեւորել պատմական օրուան խորհուրդը, նաեւ ներկայացնել մօտեցումներ եւ առաջարկներ` Արցախի հիմնախնդիրի մարտահրաւէրներու եւ քաղաքական լուծումներու, համազգային յանձնառութիւններու եւ արցախահայութեան անօտարելի իրաւունքների իրականացման վերաբերեալ:
Ձեռնարկին հրաւիրուած էին Հայաստանի հանրապետութեան պետական-քաղաքական գործիչներ, հոգեւոր եւ հանրային տարբեր շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկին յատուկ պատգամ յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Բացումը կատարուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի աղօթքով եւ պատգամով: Այնուհետեւ խօսք առին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Եորղոս Քութելաքիսի զօրակցական խօսքը՝ Արցախի հանրապետութեան հռչակման 33-ամեակին...