Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով արդէն Երեւան հասած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ 4 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ: Երեւան հասած է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան:
Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Նալբանդեան եւ Լաւրով անդրադարձած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, երկկողմանի հարցերու եւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:
Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի նուիրուած` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներուն շուրջ: