2016 թո­ւա­կա­նին Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­հայ­րա­պե­տին հե­ղի­նա­կած «The Armenian Church» (­Հայ ե­կե­ղե­ցին) հա­տո­րը ցարդ թարգ­մա­նո­ւած է ա­րա­բե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, պարս­կե­րէ­նի, ռու­սե­րէ­նի եւ գեր­մա­նե­րէ­նի։ ­Յի­շեալ թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու կող­քին, վեր­ջերս ա­ւել­ցաւ նոյն հա­տո­րին յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը եւ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։
­Սոյն յու­նա­րէ­նի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է ­Յու­նաս­տա­նի յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ՝ ­Սի­նո­տին ո­րո­շու­մով։ ­Թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րած է յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ յայտ­նի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն ­Մեթ­րո­փո­լիթ ­Գաբ­րիէլ, որ միա­ժա­մա­նակ գիր­քին յա­ռա­ջա­բանն է ստո­րագ­րած։
­Յայտ­նենք, որ գիր­քին թարգ­մա­նա­կան ու հրա­տա­րակ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի նախ­կին ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։
­Նաեւ յի­շենք, որ հա­տո­րի յա­ռա­ջա­բա­նէն ա­ռաջ կը գտնենք սոյն գիր­քին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը վա­ւե­րաց­նող ­Սի­նո­տին պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կը։