Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով կը բողոքէ Ատրպէյճանի անհիմն պնդումներուն դէմ

Չորեքշաբթի՝ 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։
«Որպէս շարունակութիւն Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ եղած անհիմն եւ անարգական պնդումներուն՝ Յունաստանի պետութեան կողմէ իբրեւ թէ հանդուրժողութիւն ցուցաբերելու մասին՝ Յունաստանի տարածքէն ահաբեկչական գործողութիւններու պատրաստութեան, ահաբեկիչներու զինուորագրման եւ համացանցի վրայ Ատրպէյճանի դէմ յարձակումներու, որոնք կապ ունին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընդհանրումներուն հետ, երէկ՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի պաշտօնական գիրի յանձնում Յունաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին։
Որպէս հետեւում կատարուած բողոքին, Ատրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան պ. Ն. Փիփերիկոս, Արտաքին գործոց նախարար պ. Նիքոս Տենտիասի որոշումով, ետ կանչուեցաւ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար»։
Նշենք, որ սոյն յայտարարութիւնը կարեւոր զարգացում մըն է յոյն-ատրպէյճանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու արդէն վատթարացած մթնոլորտի իրականութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ շաբաթներ առաջ, երբ Յունաստանի նորանշանակ դեսպանը իր հաւատարմագրերը յանձնեց Ատրպէյճանի նախագահին, վերջինը ամէնէն ծանր արտայայտութիւններով յարձակում կատարեց Յունաստանի եւ Հայաստանի վրայ։ Առաւել, Արցախի սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք, համացանցի վրայ գործող յունական «anonymous-Greece» խմբակը յայտարարած էր, թէ վար առած էր ատրպէյճանական պետական եւ պաշտօնական աւելի քան 150 կայքէջեր։