Ուրբաթ, 6 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, մեծ յաջողութեամբ եւ յուզումնալից մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, նուիրուած Թեսաղոնիկէի «Արիս» մարզական ակումբի հին օրերուն անցած նշանաւոր հայ մարզիկներու յիշատակին։
Ելոյթը կազմակերպուեցաւ «Արիս» ակումբի առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ, Թեսաղոնիկէի «Փալէ տը սպոր» մարզահամալիրի «Իլիաս Զիղուրիս» սրահէն ներս։ Ներկայ էին Թեսաղոնիկէի մարզային, քաղաքապետարանի եւ տեղական քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոսը, տեղւոյն հայ գաղութային ներկայացուցիչներ, հայրենակիցներ եւ այլ ներկաներ։ Այս նախաձեռնութեամբ, «Արիս» ակումբը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հայ մարզիկներ Վահագն Աբրահամեանի եւ Դանիէլ Դանիէլեանի յիշատակին, որոնք պատիւով, ոգիով եւ մարզական եռանդով ծառայեցին «Արիս»-ի ոտնագնդակի խումբը, իր կազմութեան եւ հաստատման անցեալի դժուար ժամանակներուն։
Ելոյթի տեւողութեան, բեմ բարձրացան եւ սրտի խօսքով հանդէս եկան «Արիս» կողովագնդակի բաժինի նախագահ Լեֆթերիս Արվանիթիս, խումբի պատմութեան բաժինի պատասխանատու Վասիլիս Տերմենծօղլու, կողովագնդակի եւ թանգարանի բաժիններու նախագահ Փեթրոս Ռասօղլու։ Ողջոյնի խօսք արտասանեցին Թեսաղոնիկէի փոխմարզպետ Քոնսթանթինոս Իութիքաս, փոխքաղաքապետ Եորղոս Արվանիթիս, ինչպէս նաեւ կարդացուեցաւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարարի ուղերձը, որովհետեւ կամքէ անկախ պատճառներով ան չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ ելոյթին։ Հայկական կողմէն ելոյթ ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Գասպարեան եւ Թեսաղոնիկէի համերգասրահի գեղարուեստական տնօրէն ու Հ.Յ.Դ տեղւոյն կոմիտէի անդամ ընկ. Քրիս Ղալիլէաս։
Ջերմութեամբ ու հարազատ մտերմութեամբ լեցուն ելոյթի աւարտին, «Արիս»-ի վարչութեան կողմէ նուիրուեցան պատուոյ յուշատախտակներ Վահագն Աբրահամեանի եւ Դանիէլ Դանիէլեանի յիշատակին, որոնք յուզումով ստացան անոնց ժառանգները՝ ընկեր Յարութիւն Աբրահամեան եւ Միացեալ Նահանգներէն յատկապէս ժամանած տիկ. Ազնիւ Չիլինկիրեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ