Մեծ շուքով եւ յատուկ հանդիսաւորութեամբ, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հայոց թեմի նորընտիր Առաջնորդ գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանի առաջնորդական անդրանիկ պատարագը։
Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, աննախընթաց եռուզեռ կը տիրէր Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, ժողովուրդի խուռներամ ներկայութեամբ եւ պաշտօնական հիւրերու մասնակցութեամբ։
Ս. Պատարագին ներկայ եղաւ Ազգային վարչութիւնը լրիւ կազմով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդր. վարչութեան անդամը, Ուսումնական եւ տնտեսական խորհուրդներու անդամները, շրջաններու թաղային խորհուրդներն ու տիկնանց մարմինները, ինչպէս նաեւ Թեմի երեսփոխանական ժողովի անդամները։
Առաւել, Առաջնորդարանի հրաւէրին ընդառաջելով, ներկայ եղան Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ գերպ. Յովսէփ ծ.վ. Պէզազեան, Հայ Աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Աթէնքի գերմանական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Հ. Ներսէս վրդ. Սաքայեան, Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպանութեան հիւպատոս Նիքոլայ Սահակով, որ կը ներկայացնէր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէն, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան անդամները եւ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերը։ Յատկանշական էր նաեւ ներկայութիւնը Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Իղնաթիոս Սոթիրիատիս մետրոպոլիտին ու անոր ընկերակցող վարդապետին։
Պատարագիչ Հայր սուրբին սպասարկեցին Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան եւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեան։ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան եկեղեցւոյ դասին մէջ ընդունեցին պաշտօնական հիւրերը։
Յայտնութիւն մը եղաւ Աթէնքի եկեղեցւոյ նորակազմ «Այվազեան» վոկալ խումբը, որ ամենայն ներդաշնակութեամբ ու համաչափ կշռոյթով կատարեց ս. պատարագի զմայլիչ երգեցողութիւնը՝ վաստակաւոր խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեանի ղեկավարութեան տակ։
Քարոզի պահուն, Առաջնորդ հայր սուրբը նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց, որ խոնարհաբար պատիւը ընծայուեցաւ իրեն կատարելու իր անդրանիկ պատարագը Թեմէն ներս։ Ան յատուկ շեշտով անդրադարձաւ նուիրումի ու ծառայութեան իմաստներուն, մատնանշելով զոհողութեան կարեւորութիւնը մարդկային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, մանաւանդ հաւատքի կեանքէն ներս։
Իր խօսքը ուղղելով յունահայ համայնքին, նախ խօսեցաւ անոր պատմական երթին մասին՝ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ ու Զմիւռնիայի պապենական հողերէն մինչեւ Յունաստանի արեւշատ ափերը, ապա ուրուագծեց յունահայ կազմակերպ կեանքի պատկերը՝ իր Ազգային Առաջնորդարանով, եկեղեցիներով ու մարմիններով, սպասարկողներով, ինչպէս նաեւ իր ազգային վարժարաններով, միութեանական կառոյցներով, մամուլով, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական բնագաւառներու հարուստ գործունէութեամբ։
Ապա, Առաջնորդ հայր սուրբը իր ծառայութեան ուղենիշը ամփոփեց կարգ մը կէտերու վրայ եւ նշեց հետեւեալները։
«Ա. Քրիստոնէութիւնը պէտք չէ յարմարցնել մեր մտածումներուն, այլ մեր մտածումները պէտք է կոփենք Քրիստոսի սկոզբունքներով։ Ժողովուրդներ եւ պետութիւններ համաշխարհայնացման հոսանքին հետ տարուելով, նոր մտածումներու եւ մօտեցումներու դէմ յանդիման կը գտնուին, աղաւաղելով այն սկզբունքները, որ Քրիստոս իր մարդեղացմամբ մեզ աւանդեց։ Այսօր մենք կը հրաւիրուինք, յատկապէս մեր երիտասարդները, Ճշմարիտին՝ Քրիստոսի հետամուտ ըլլալ, ամրապնդուելով մեր հաւատքին մէջ, հեռու մնալով մեր անձնական շահերէն մղուած մտածումներէ եւ մօտեցումներէ։
Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ժողովուրդին հետ նոյնացած հայրապետական աթոռ է, մասնաւորաբար սփիւռքեան ոստաններէն ներս ժողովուրդը կ՚եկեղեցիանայ Ս. Աթոռին ճամբով։ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը դարեր շարունակ քալեց ժողովուրդին հետ, թէ՛ պայքարի, թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ աքսորի ժամանակ։ Հակառակ արտաքին բոլոր ազդեցութիւններու, Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռը կը շարունակէ հովուել իր ժողովուրդը, հայ մարդուն տալով հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային ոգի։ Մենք ալ, որպէս Յունաստանի հայոց Թեմ եւ Սփիւռքի փոքրիկ մէկ մասնիկը, կը հրաւիրուինք երախտագիտական նուիրումով շարունակել մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Գ. Հայրենիքը Աստուծոյ կողմէն տրուած օրհնանք է. ժողովուրդը պարտի տէր դառնալ այդ օրհնութեան։ Հայրենիքը՝ Հայաստան եւ Արցախ, մեր ժողովուրդին ազգային գերագոյն սրբութիւնն է, հայ լեզուով փառաբանուած, հայուն աղօթքով օրհնուած, մշակոյթով զարդարուած, հայուն պայքարով կոփուած եւ մեր հայրերու արեամբ ու քրտինքով շահուած։ Այսօր, մեր հայրենիքի ապահովութիւնը, անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը մեր աղօթքին ու աշխատանքին մնայուն մասը կը կազմեն։ Այսօր, երբ կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը, կ՚ուզենք վստահութիւնը ունենալ, թէ իւրաքանչիւր հայուն սիրտին ու հոգիին մէջ կը վերանորոգուի Հայրենիքին տէր դառնալու վեհ գաղափարը»։
Առաջնորդ հայր սուրբը մասնաւոր նշում կատարեց եւ երախտագիտական արտայայտութիւն ունեցաւ յոյն ժողովուրդին եւ պետութեան հանդէպ, որ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը կը բերեն յունահայ համայնքին։ Յունահայութեան ազգային, հոգեւոր, կրթական եւ միութենական կառոյցները մաս կը կազմեն հելլէն իրականութեան, իրենց կարեւոր ներդրումը ունենալով հանրային բոլոր մարզերուն մէջ։
Նաեւ, իր խօսքը ուղղելով ներկայ յոյն հոգեւորականներուն, ընդգծեց հայ եւ յոյն եկեղեցիներու աւանդական եղբայրական կապերը, մաղթելով, որ շարունակական գործակցութիւնը պետական ու կրօնական հաստատութիւններուն հետ աւելի ընդլայնուի ու զարգանայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 33-րդ տարեդարձին առիթով, տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։
Օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնները վերջ գտան «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ Հայաստանի օրհներգով, որոնք միաբերան երգուեցան ներկաներուն կողմէ։
Առաջնորդ Հայր սուրբը եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց բոլոր ներկաներուն շնորհաւորութիւնները եւ մաղթանքները։
Յաջորդաբար, Առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն, ուր ժողովուրդը եւ պաշտօնական հիւրերը մտերմիկ զրոյց ունեցան նորընտիր Առաջնորդին հետ ու անոր մաղթեցին բեղուն գործունէութեան տարիներ։