Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Աթէնք ժամանեց Յունաստանի Թեմի նորընտիր Առաջնորդ գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան։ Հայր սուրբին դիմաւորելու համար, օդակայան կը գտնուէին Ազգային վարչութիւնը գլխաւորութեամբ ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդր. վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Հայ կաթողիկէ համայնքապետ գերպ. Յովսէփ ծ.վ. Պէզազեան, կրօնական դասը, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Էմմանուիլ վարդապետը, Հ.Յ.Դ. Կեդր.Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեան, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան։ Աւելի ուշ, Աթէնքի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, շքախումբին միացաւ Յունահայոց Թեմական ժողովի ատենապետ Արա Մանկոյեան։

Առաջնորդ Հայր սուրբը դիմաւորուեցաւ օդակայանի հիւրասրահին մէջ, ուր արտասանուեցան բարի գալստեան խօսքեր եւ յաջողութեան մաղթանքներ։ Մասնաւորաբար, Հայր սուրբը առիթը ունեցաւ զրուցելու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին հետ եւ ընդգծելու երկու դարաւոր եկեղեցիներու կապերը եւ գործակցութիւնը։ Յոյն կղերականը նշեց, թէ կը սպասուի նորընտիր Առաջնորդին ծանօթացման պաշտօնական այցելութիւնը Աթէնքի արքեպիսկոպոսին։

Յաջորդաբար, Առաջնորդ Հայր սուրբը ուղղուեցաւ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ կարճ կանոնական աղօթք մը։

Նորընտիր Առաջնորդը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նախ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ապա ներկայներուն եւ գաղութի մարմիններուն։ Ան նշեց գործակցութեան կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ դրուատեց յունահայ գաղութը։

Յաջորդաբար, Ազգային Առաջնորդարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան ծանօթացաւ գաղութի ընդհանուր պատկերին եւ անոր գործունէութեան։

Յունաստանի թեմի նորընտիր Առաջնորդի անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցուի Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Աթէնքի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։