Երէկ, Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ին, Աթէնքի եւ Հիւսիսային Յունաստանի համայնքներու 13 տարբեր ընտրական կեդրոնատեղիներէն ներս տեղի ունեցան Յունաստանի Թեմի երեսփոխանական ընտրութիւնները, համաձայն թեմի կանոնագրութեան յօդուածներուն։
Ամիսներ շարունակ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն շնորհիւ, ժողովուրդը իրազեկ դարձաւ ընտրութիւններու գործընթացին, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած պատգամաւորներուն եւ ընտրական կեդրոններուն մասին։ Նաեւ, մամուլի ու համացանցին միջոցով ընտրութիւններու մանրամասնութիւնները տեւաբար հասանելի դարձան բոլոր հայրենակիցներուն։
Ընտրութեան օրը, բոլոր շրջաններէն ներս, ժողովուրդի մասնակցութիւնը եղաւ յատկանշական։ Ընտրական կեդրոններուն մէջ տիրեց եռուզեռ, զանազան տարիքի հայրենակիցներ ընդառաջեցին կոչերուն եւ կատարեցին իրենց ազգային պարտականութիւնը, ցուցաբերելով բարձր գիտակցութիւն թեմական ընտրութիւններու կարեւորութեան ու Թեմի ազգային իշխանութիւններու վերանորոգման անհրաժեշտութեան կապակցութեամբ։
Ընտրական կեդրոնատեղիներէն ներս, տեղական ընտրական ենթայանձնախումբերը համադրեցին քուէարկութեան գործընթացը եւ լիովին կատարեցին իրենց վրայ վստահուած պարտականութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած Թեմական երեսփոխանական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները եւ ընտրուած պատգամաւորներու անունները, որոնք պիտի կազմեն Յունաստանի հայոց նոր Թեմական ժողովը։
***
Յունաստանի Հայոց Թեմական Երեսփոխանական
ընտրութիւններու արդիւնքներ
Ընտրուած պատգամաւորներ (այբբենական կարգով)
ԱԹԷՆՔ
Աղապապեան Հէկի
Աւագեան Լիզա
Գնունի Զաւէն
Գրիգորեան Մկրտիչ
Եզեկիէլեան Կոստան
Պէքէրէճեան Արամ
Ֆարաճեան Փոլ
ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍ
Աւագեան Նազար
Եդիմեան Սերգօ
Ճանիկեան Գրիգոր
Մանուկեան Յուլիանա
Պապօղլեան Յովհաննէս
Սամուէլեան Արշա
Տատոյեան Շողիկ
Փափազեան Ստեփան
ԳՈՔԻՆԻԱ
Աւագեան Արամ
Էքիզեան Քերոբ
Մանկոյեան Յովհաննէս
Միքայէլեան Արաքսի
Մխիթարեան Կարէն
Չերչեան Լեւոն
Տուրղութեան Ազատ
ԳԱՐԷԱ-ԿԵՍԱՐԻԱՆԻ
Էրջէնեան Աւետիս
Ղազարեան Յովհաննէս
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ
Աւետիսեան Թագւոր
Գալֆայեան Արսէն
Գալֆայեան Զապէլ
Գոստիկեան Մարգրիտ
Տէրէյեան Վիգէն
ՍԵՐԵՍ
Յարութիւնեան Վազգէն
ԳԱՎԱԼԱ
Պարտաքճեան Մարքոս
ՔՍԱՆԹի
Ստեփանեան Ատրիկ
ԳՈՄՈԹԻՆԻ
Մատթէոսեան Ստեփան
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼԻՍ
Պապիկեան Եդուարդ
ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՕ-ՕՐԷՍԹԻԱՏԱ
Անտոնեան Հմայեակ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Աթէնք, 25 Մայիս 2025