Յայտարարութիւն
Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը յառաջացուցած է Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբ՝ թեմական ընտրութիւններու կապակցութեամբ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն՝ տիկիններ Լուսի Շանկայեան, Մարի Եղիշէյէան, Նէլլի Վարժապետեան եւ պարոններ Սերգօ Գույումճեան, Յարութիւն Մանուկեան, Ստեփան Փափազեան, Աւետիս Աւագեան, Կարօ Խանիկեան, Թագւոր Գարաօղլանեան։
Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը արդէն սկսած է նախապատրաստական աշխատանքները՝ ընտրութիւններու բարւոք կատարման համար։ Թեմական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ին։
Թեմական ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք 17 տարիքը լրացուցած են եւ կը պատկանին Հայոց Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։
Առ այդ՝ բոլոր անոնք, որոնք չեն արձանագրուած թեմական ընտրութեանց ցանկերուն մէջ, կը խնդրուի ներկայանալ իրենց շրջանի եկեղեցիները արձանագրութեանց համար մինչեւ առաւելագոյնը 4 Մայիս 2025։
Կը խնդրուի յարգել ժամկէտը։ 4 Մայիսէն ետք արձանագրութիւնները վաւերական պիտի չնկատուին։
Ձեր բոլորին մասնակցութիւնը սպասելի է եւ քաջալերելի պիտի ըլլայ Ձեր տրամադրուածութիւնը։
Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբ
Աթէնք, 26 Մարտ 2025