Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ իբրեւ արտայայտիչը Յունաստանի մէջ ապրող հայութեան, իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի պետական, քաղաքական եւ կուսակցական կարգերուն՝ ստեղծուած իրավիճակին համար։
Կը հաւատանք որ մեր ժողովուրդի եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդի անժամանցելի իրաւունքն է պահանջել ժողովրդավարական կարգերու հզօրացումը, երկրի ընկերային եւ տնտեսական զարգացման արդար պայմաններու ստեղծումը, մարդկային իրաւունքներու պահպանումը եւ հայ քաղաքացիի իր սեփական երկրին վրայ ստեղծագործելու իրաւունքը ու անոր համապատասխան կենցաղի հնարաւորութիւնը։
Կոչ կ՚ուղղենք հայրենի իշխանութեանց հեռու մնալու ժողովուրդի վրայ բռնարարքներու կիրարկման որեւէ քայլէն եւ թողնելու ազատ արտայայտութեան եւ հաւաքներու կազմակերպումը։ Նաեւ, ապահովութեան ուժերը պարտին պաշտպանել ցուցարարները դիմակաւոր խմբակներէ, որոնք բռնի արարքներ կը գործեն ցուցարարներուն դէմ։ Միաժամանակ, կոչ կ՚ուղղենք ազատ արձակելու արգելափակուած Ազգային Ժողովի պատգամաւորները եւ ձերբակալուած ցուցարարները։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր հայրենակիցներուն մեկուսացնելու ոստիկանական ուժերու դէմ առճակատման որեւէ քայլ կամ արարք եւ պահելու ժողովրդային հաւաքները խաղաղ արտայայտութեանց շրջագիծէն ներս։
Վերջապէս, զգաստութեան կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի իշխանութեանց եւ Ազգային Ժողովին, վերացնելու համար ստեղծուած փակուղին եւ անյապաղ ձեռնարկելու խաղաղ եւ կառուցողական բանակցութեանց եւ լուծումներու որոնման՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի պահանջներու գոհացումին։
Պատմական եւ ճակատագրական այս պահերուն, խոհեմութիւնը պէտք է տիրէ առնուելիք բոլոր քայլերուն համար, որպէսզի մեր երկիրն ու ժողովուրդը վերադառնան խաղաղ կեանքի պայմաններուն։ Յատկապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100րդ տարեդարձի նշանակալից սա պահուն, պէտք է ամէն կերպով ամրապնդել բովանդակ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Աթէնք՝ 23 Ապրիլ 2018