Ուրբաթ, 28 Մարտ 2025-ի, երեկոյեան ժամը 7-ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի ժամերգութիւն, որուն աւարտին յաջորդեց Միջինքի հաւաքը՝ համայնքի սրահէն ներս։
Եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպած Միջինքի հաւաքոյթը սկիզբ առաւ ատենապետուհի տիկ. Ալինա Պօղոսեանի բացման խօսքով, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ միջինքի ձեռնարկներուն եւ ընդհանրապէս եկեղեցական աւանդութիւնները պահելու մասին։
Անկէ ետք, խօսք առաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քահանայ Գալօղլեան, ներկաներուն փոխանցելով օրուան խորհուրդը Միջինքի հոգեւոր եւ ժողովրդական սովորութիւններուն մասին։
ԹՂԹԱԿԻՑ