Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց՝ Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ հաղորդակցութեան խողովակները բաց պահելու ջանքերուն համար, անցեալ Ուրբաթ տեղի ունեցած Յունաստանի վարչապետ Միցոթաքիսի եւ նախագահ Էրտողանի հեռախօսակապի ֆոնին վրայ։
Այս մասին յայտնեց ամերիկեան նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ իրեն ուղղուած հարցումին պատասխանելով։ Ան նշեց, թէ Յունաստան եւ Թուրքիա ՆԱԹՕի երկու դաշնակից երկիրներ են եւ իրենց հասարակաց շահերը կը նպաստեն բաց երկխօսութեան մը պահպանման, ի խնդիր համագործակցութեան եւ հարցերու խաղաղ լուծման։ Ա.Մ.Ն.ի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ երկու երկիրներու տուեալ կեցուածքը կը զօրացնէ ՆԱԹՕի կառոյցը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ Ուրբաթ, երկու ղեկավարները հեռախօսազրոյց մը ունեցան ոչ առաջնակարգ քաղաքական խնդիրներու մասին։ Յատկապէս, անոնք քննեցին համավարակէն ետք եւրոպական երկիրներու միջեւ սահմաններու բացման հնարաւորութիւնները եւ զբօսաշրջիկներու ազատ երթեւեկը, հարցեր՝ որոնց մասին Թուրքիա մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, ջանալով մաս կազմել եւրոպական երկիրներու ազատ շրջագայութեան ցանկին։
Դիւանագիտական շրջանակները կարեւոր կը նկատեն երկու ղեկավարներու կապը, որ պիտի սատարէ վերջին ժամանակաշրջանի լարուած մթնոլորտի մեղմացման։