«­Մէկ ան­գամ սկաուտ՝ միշտ սկաուտ» կար­գա­խօ­սը այ­լեւս դար­ձած է կեան­քի մաս­նիկ եւ ու­ղե­ցոյց։ Ս­կաու­տա­կան կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին ազ­դե­ցու­թիւնն ու մարդ ան­հա­տի կազ­մա­ւոր­ման բա­րե­րար դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը կը յատ­կան­շեն ­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան շար­քե­րուն մէջ թրծո­ւած այն բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց պա­տա­նե­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան ծլար­ձա­կում­նե­րու ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, դար­ձան հպարտ ան­դամ­նե­րը հայ միտքն ու մար­մի­նը կեր­տող հա­մա­հայ­կա­կան մեծ ըն­տա­նի­քին։
Որ­քան ալ տա­րի­նե­րը անց­նին, որ­քան ալ ա­լե­հեր գլուխ­նե­րը կքին կեան­քի ծան­րու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ, ան­մար կը մնան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը սկաու­տա­կան օ­րե­րէն, երբ ա­կում­բի մէկ տա­քուկ ան­կիւ­նը կամ ան­տա­ռի զո­վա­սուն ծա­ռե­րուն ներ­քեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ո­գին կը տի­րա­պե­տէր իւ­րա­քան­չիւր փոք­րի­կի սիր­տին մէջ, որ­պէս կեան­քի ու­ղե­ցոյց, հա­յա­կեր­տու­մի ազ­դակ, հայ լե­զո­ւի բար­բա­ռող աղ­բիւր եւ տի­պար մար­դու իւ­րա­յա­տուկ կազ­մա­տուն։
Ն­ման զգա­ցում­ներ դար­ձեալ արթնցան եւ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն հաս­տա­տե­ցին ­Շա­բաթ, 16 ­Մա­յիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գա­րէա­յի ազ­գա­պատ­կան ա­կում­բին մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ հին եւ նոր սկաուտ­նե­րը կա­տա­րե­ցին ի­րենց «ժո­ղո­վը»։
Իւ­րա­յա­տուկ հա­ւաք մըն էր, ուր մաս­նա­կից­նե­րը դար­ձեալ վե­րապ­րե­ցան ի­րենց պա­տա­նե­կու­թեան ան­գին օ­րե­րը, խա­րոյ­կի ջեր­մու­թեան տակ, դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թեամբ, եր­գով ու խօս­քով, սկաու­տա­կան ան­հա­մար դրո­ւագ­նե­րու վեր­յի­շու­մով, սկաու­տա­կան բա­րե­ւի պա­տի­ւով, ու տա­կա­ւին այն­քա՜ն մեծ ու փոքր յի­շա­տակ­նե­րով, ո­րոնք տա­րա­ծո­ւե­ցան տա­քուկ մթնո­լոր­տին մէջ։
­Պատ­կե­րը ինք­նին խրա­խու­սիչ էր ու ներ­գոր­ծող։ ­Մէկ կող­մէն մեր նօ­րօրեայ սկաու­տա­կան շար­քե­րը ի­րենց խմբա­պետ­նե­րով, գու­նա­ւոր տա­րազ­նե­րով եւ նշան­նե­րով՝ որ­պէս նոր ու ա­պա­գայ սե­րուն­դի խոս­տում, իսկ միւս կող­մէն՝ դար­ձեալ ի­րենց սկաու­տա­կան փող­կա­պը կրած տաս­նեակ նախ­կին սկաուտ­ներ ու ա­րե­նուշ­ներ, ի­րար միա­խառ­նո­ւած, որ­պէս մէկ եւ ամ­բող­ջա­կան ըն­տա­նիք։
­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան կազ­մե­րը նա­խա­պէս եր­կար աշ­խա­տե­ցան որ­պէս­զի հին եւ նոր սկաուտ­նե­րու հա­մախմ­բու­մը պսա­կո­ւի յա­ջո­ղու­թեամբ։ Աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը ար­դէն սրա­հի մուտ­քէն տե­սա­նե­լի կը դառ­նար։
­Դի­մա­ւո­րու­մը ե­ղաւ պատ­շաճ, սկաուտ­նե­րը կուրծ­քի զար­դան­շա­նով մը բա­րի գալս­տեան ա­ռա­ջին խօս­քը կ­՚ուղ­ղէին ժա­մա­նող­նե­րուն, ա­պա մէկ առ մէկ բո­լոր հին սկաուտ­նե­րը մաղ­թանք­ներ գրե­ցին, ո­րոնք պի­տի պա­հո­ւին պա­հա­րան­նե­րուն մէջ եւ պի­տի բա­ցո­ւին տա­սը տա­րի յե­տոյ, յի­շեց­նե­լու հա­մար այդ բա­ցա­ռիկ օ­րո­ւան յի­շա­տակ­ներն ու ար­տա­յայ­տո­ւած մաղ­թանք­նե­րը։
Ս­րա­հին մէջ խնամ­քով զե­տե­ղուած էին ան­ցեա­լի սկաու­տա­կան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան ի­րեր, կրծքան­շան­ներ, բա­նա­կում­նե­րու յի­շա­տակ­ներ, սկաու­տա­կան տա­րազ­նե­րու մաս­նիկ­ներ, գոր­ծիք­ներ եւ այլ ի­րեր, ո­րոնց վրայ ար­դէն գրո­ւած են յատ­կան­շա­կան պա­տա­ռիկ­ներ մեր սկաու­տա­կան կեան­քէն։ Որ­քա՜ն յու­զում պատ­ճա­ռե­ցին սկաու­տա­կան լու­սան­կար­նե­րու ալ­պոմ­նե­րը՝ ար­շաւ­նե­րէն, հա­մա­գա­ղու­թա­յին բա­նա­կում­նե­րէն, խա­րոյ­կա­հան­դէս­նե­րէն եւ տո­ղանցք­նե­րէն։
Իւ­րա­քան­չիւր վե­թե­րան սկաուտ նկար­նե­րուն մէջ գտաւ ան­ցեա­լի յու­շեր ու վե­րապ­րե­ցաւ յի­շա­տա­կի պա­հեր իր պա­տա­նե­կան օ­րե­րէն։
­Հա­կա­ռակ օ­դի անն­պաստ տե­ւո­ղու­թեան, սկաուտ­նե­րը ա­կում­բի մար­զա­դաշ­տը վե­րա­ծած էին լրիւ սկաու­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի մը։ Տ­պա­ւո­րիչ էին ձե­ռա­կերտ բո­լոր շի­նու­թիւն­նե­րը՝ փայ­տով ու չո­ւա­նով, ո­րոնք իս­կա­պէս հիա­ցում պատ­ճա­ռե­ցին բո­լո­րին։ Աչ­քի զար­նող դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թեան պա­տո­ւան­դա­նը ար­դէն կը սպա­սէր ներ­կա­նե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց ուխ­տը կա­տա­րեն հայ ազ­գի խորհր­դա­նի­շե­րուն հան­դէպ։ ­Բո­լո­րը միաս­նա­բար, տո­ւին ի­րենց սկաու­տա­կան բա­րե­ւը ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշ­նե­րու պար­զու­մին, մինչ ո­գերգ­նե­րը ի­րար յա­ջոր­դե­լով լե­ցու­ցին դաշ­տի մի­ջա­վայ­րը։
Ե­րե­կո­յի հան­դի­սա­վար­ներն էին եղբ. Ա­րամ ­Փի­լա­ֆեան եւ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան, ո­րոնք ձեռն­հա­սօ­րէն կա­տա­րե­ցին ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ լման յայ­տա­գի­րը կար­գով գոր­ծադ­րե­ցին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ քոյր Ար­շա ­Սա­մո­ւէ­լեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, անդ­րա­դար­ձաւ ­Միու­թեան նշա­նա­բա­նին ու ա­նոր ու­ժին, որ կը հա­մա­կէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դի։ Ան նշեց, թէ հա­ւա­քը պարզ հա­մախմ­բում մը չէ, այլ ա­ռիթ՝ դար­ձեալ վեր­յի­շե­լու հին օ­րե­րը եւ միա­խառ­նո­ւե­լու նոր սե­րուն­դին հետ, ո­րոնք հպարտ քայ­լե­րով կը շա­րու­նա­կեն վառ պա­հել «­Բարձ­րա­նա­լու» եւ «­Բարձ­րաց­նե­լու» խոր­հուր­դը, հա­ւա­տա­րիմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գա­ղա­փար­նե­րուն ու փա­ռա­պանծ պատ­մու­թեան։
­Յու­զիչ էր պա­հը, երբ ան­ցեա­լի վե­թե­րան սկաուտ­ներ ու փոք­րիկ գայ­լիկ­ներ, որ­պէս խորհր­դա­նիշ ան­ցեա­լին ու ներ­կա­յին, զոյգ առ զոյգ վա­ռե­ցին մար­զա­դաշ­տին մէջ զե­տե­ղո­ւած ջա­հե­րը։ Ա­պա, ծայր ա­ռաւ խան­դա­վա­ռող յայ­տա­գիր մը, հա­մե­մո­ւած եր­գե­րով ու կան­չե­րով, սկաու­տա­կան զա­ւեշ­տա­կան երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րով ու ա­նակնկալ­նե­րով։
Ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կան պա­հերն էին երբ հին սկաուտ­նե­րը, վեր­յի­շե­լով ի­րենց ակմ­բա­յին օ­րե­րը, խումբ առ խումբ եր­գե­ցին եր­գեր, բա­նա­կու­մի քայ­լեր­գը, խօ­սե­ցան հին օ­րե­րու յի­շա­տակ­նե­րուն մա­սին, դար­ձեալ յի­շո­ղու­թեան մէջ բե­րին հին խմբա­պետ­ներ, հա­րա­զատ ան­ձեր ու դրո­ւագ­ներ բա­նա­կում­նե­րէն ու ար­շաւ­նե­րէն։ Ար­տա­յայ­տու­թեան բո­լոր պա­հե­րուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ո­գին էր տի­րա­պե­տո­ղը, հայ սկաու­տի դա­ւա­նան­քին հզօր ներ­կա­յու­թիւ­նը, հա­յա­պահ­պա­նու­մի մղումը ու հա­յօ­րէն զգա­լու յու­զու­մը, այն բո­լոր յատ­կա­նիշ­նե­րը, ո­րոնց­մով ապ­րե­ցան ու գոր­ծե­ցին յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­ներ, վառ պա­հե­լով Ե­ռա­գոյն դրօ­շի խոր­հուր­դը, հայ­րե­նի­քի ներ­գոր­ծող ու­ժը, հա­յու հպարտ գո­յա­տե­ւու­մը, մես­րո­պա­շունչ բար­բա­ռու­մը։
Ե­րե­կոն տե­ւեց մին­չեւ ուշ գի­շեր, տե­սա­նե­լի յու­զա­կան պատ­կեր­նե­րով, ան­ցեա­լի տա­քուկ օ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ու մա­նա­ւանդ՝ դէ­պի ա­պա­գան նա­յող խոս­տու­մով, ո­րուն կեն­դա­նի եւ խօ­սուն վկա­նե­րը կը հան­դի­սա­նան այ­սօ­րո­ւան սե­րունդ­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հա­յա­կերտ ըն­տա­նի­քէն ներս։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, գոր­ծին յա­ջո­ղու­թեան հա­ւա­տա­ցող նո­ւի­րեալ եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայ­լեր­գին ո­գին կը թե­լադ­րէ եր­թալ «­Յա­ռա՛ջ ան­սա­սան, յա­ռա՛ջ ան­թե­թեւ» դէ­պի նոր նուա­ճում­ներ։