ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Գ. ՄԱՍ

Կ. Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան հիմ­նադրու­թիւ­նը եւ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը

Թուր­քե­րու Մահ­մետ Բ. Ֆա­թիհ (յաղ­թա­կան) սուլ­թա­նը 1453-ին Կ. Պո­լի­սը գրա­ւե­լէ քա­նի մը տա­րի ետք, իր մօտ կը հրա­ւի­րէր ի­րեն բա­րե­կամ Պուր­սա­յի Յո­վա­կիմ ե­պիս­կո­պո­սը եւ զայն կը հռչա­կէր պատ­րիարք՝ հպա­տակ հա­յե­րուն հա­մար: Հա­յաս­տա­նի մէջ թիւրք­մէն­նե­րու դէմ ա­նոր մղած կռիւ­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­յե­րուն հա­ւա­տար­մու­թեա­նը դի­մաց՝ բա­րեա­ցա­կամ փո­խա­դար­ձու­թիւն մըն էր այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ կը հե­տապն­դէր քա­ղա­քա­կան նպա­տակ այն ի­մաստ­նե­րով, որ իր բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւնն ու հայ­կա­կան պատ­րիար­քու­թեան մը գո­յու­թիւ­նը պի­տի քա­ջա­լե­րէին աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ ու ճար­տա­րու­թեամբ համ­բա­ւեալ հա­յե­րը, որ­պէսզի հա­մախմբո­ւէին իր նոր մայ­րա­քա­ղաք Կ.­Պոլ­սոյ մէջ եւ շէնց­նէին զայն, երկ­րորդ՝ տե­ղի յոյ­նե­րուն պատ­րիար­քու­թեան հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը պի­տի հա­ւա­սա­րակշռուէր եւ եր­րորդ՝ ի­րեն հպա­տակ հա­յե­րը ի հո­գե­ւորս պի­տի խզո­ւէին Էջ­միա­ծի­նէն, որ կը գտնուէր Թուր­քիոյ մրցա­կից եւ թշնա­մի Պարս­կաս­տա­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ: Այդ խզու­մը ա­ռաջ­քը պի­տի առ­նէր Էջ­միած­նի մի­ջո­ցով Թր­քա­հա­յաս­տա­նի մէջ խլրտում­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լու պարս­կա­կան հա­ւա­նա­կան դա­ւե­րուն:
Կ. Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թեան հիմ­նադրու­մով, Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան բո­վան­դակ շրջա­նին, կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող հա­յե­րուն քա­ղա­քա­ցիա­կան կեան­քը վա­րե­լու ի­րա­ւուն­քը կը վե­րա­պա­հո­ւէր ե­կե­ղե­ցիին՝ սուլ­թա­նին կող­մէ հաս­տա­տուած կա­նո­նագ­րու­թեամբ մը: Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ հետզ­հե­տէ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւէր հա­րուստ ու պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ բա­րե­կա­մա­կան ծա­նօ­թու­թիւն­ներ հաս­տա­տած հայ ա­մի­րա­յա­կան դա­սա­կարգ մը,- թի­ւով շուրջ 200,- որ իբ­րեւ նո­րա­բոյս «ազ­նո­ւա­կա­նու­թիւն» պատ­րիարք­նե­րուն հետ կը ղե­կա­վա­րէր հայ կեան­քը: Բ­նա­կա­նա­բար այդ ա­մի­րա­նե­րը ու­նէին ի­րենց ա­ռաջ­նա­յին օ­րա­կար­գը, սե­փա­կան հարս­տու­թիւնն ու ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը չվտան­գե­լու կան­խա­հո­գու­թիւ­նը եւ նկա­տի չէին առ­ներ հայ զան­գո­ւած­նե­րու սպա­սում­ներն ու կա­րիք­նե­րը ՝ ան­տե­սե­լով հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող ա­նոնց դժգո­հու­թիւն­նե­րը:
Ա­մի­րա­նե­րու կա­մա­յա­կան ու ինք­նագլուխ գոր­ծու­նէու­թեան դէմ ար­հես­տա­ւոր պարզ ժո­ղո­վուր­դին դժգո­հու­թիւ­նը կը մեծ­նար, պայ­քա­րի տրա­մադ­րու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լէր յատ­կա­պէս 19-րդ դա­րու կէ­սե­րուն, երբ հրա­պա­րակ կու գա­յին Եւ­րո­պա­յի մէջ ու­սա­նած եւ ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փար­նե­րով ներշն­չո­ւած ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք ազ­գա­յին միու­թեան գե­տի­նը պատ­րաս­տե­լով հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քին վրայ ի­րա­րու կը մօ­տեց­նէին եր­կու հա­կա­դիր դա­սա­կար­գե­րը եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հիմ­քի վրայ կը պատ­րաս­տէին ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը՝ 1860-ին, որ սուլ­թա­նա­կան պե­տու­թեան կող­մէ կը վա­ւե­րա­ցո­ւէր ե­րեք տա­րի վերջ՝ 1863-ի Մար­տի 30-ին:
Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը իր ժո­ղովրդա­վար հի­մուն­քով դար­ձա­կէտ կը դառ­նար ոչ միայն ընտ­րո­վի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով ազ­գա­յին գոր­ծե­րը ղե­կա­վա­րե­լու իր էու­թեան հա­մար, այլ նաեւ հայ մար­դուն մօտ յանձ­նա­ռու­թեան ու կա­մա­ւոր մաս­նակ­ցու­թեան այն­քան կա­րե­ւոր զգա­ցու­մը զար­գաց­նե­լու տե­սա­կէ­տով: Ազ­գին ու ազ­գա­յի­նին մի­ջեւ փո­խա­դարձ կա­պուա­ծու­թիւ­նը կը պայ­մա­նա­ւո­րուէր պար­տա­ւո­րու­թեան սկզբուն­քին վրայ միայն, որ հայ­րե­նա­զուրկ ժո­ղո­վուր­դի մը վե­րապրու­մին հա­մար հրա­մա­յա­կան պա­հանջք մըն է:
«Իւ­րա­քան­չիւր ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նի ազ­գին հան­դէպ եւ փո­խա­դար­ձա­բար ազգն ալ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նի ազ­գա­յին­նե­րուն հան­դէպ»…:
Ա­հա հիմ­նա­կան ու խտա­ցեալ սկզբուն­քը, ո­րուն վրայ կը կա­ռու­ցո­ւէին Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան հրա­հանգ­նե­րը:
Ա­տով թրքահ­պա­տակ հա­յե­րը ձե­ւով մը կ­՚ու­նե­նա­յին ներ­քին ան­կա­խու­թիւն ՝ ի­րենց կրօ­նա­կան, ա­մուս­նա­կան, ժա­ռան­գա­կան, մշա­կու­թա­յին թէ կրթա­կան կեան­քը վա­րե­լու՝ հա­մա­պա­տաս­խան խոր­հուրդ­նե­րով ու մար­մին­նե­րով, ինչ­պէս ու­սում­նա­կան, տնտե­սա­կան, դա­տաս­տա­նա­կան, կա­լուա­ծոց խոր­հուրդ­ներ ե­ւայլն: Ման­րա­տիպ կա­ռա­վա­րու­թեան մը աշ­խա­տան­քի շրջա­գիծ, որ­մէ քա­ղո­ւած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ ու ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ պի­տի կի­րար­կո­ւէր նաեւ սփիւռ­քեան կեան­քի մէջ:
Եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Սա­հակ Բ. Կի­լի­կիոյ աք­սո­րեալ կա­թո­ղի­կո­սը ի­մաս­տու­թի­նը կ’ու­նե­նար հա­յա­գա­ղութ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման հա­մար իր գրա­ւը դնե­լու Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան վրայ, երբ 1931-ին Հա­լէ­պի մէջ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին կը յայ­տա­րա­րէր. «­Տա­րա­կոյս չկայ, որ թե­մե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը պի­տի կա­տա­րուի Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գիով ու սկզբուն­քով…»: Այս կը նշա­նա­կէր, թէ Կի­լի­կիոյ կաթողիկոսու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու կը դառ­նար ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, որ պատ­րաս­տո­ւած ու վա­ւե­րա­ցուած էր Կ. Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թեան հա­մար:
Եւ ի­րա­պէս. 1863-էն մին­չեւ այ­սօր, հայ­րե­նա­զուրկ հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քը կը ղե­կա­վա­րո­ւի միեւ­նոյն սահ­մա­նադ­րու­թեան դրոյթ­նե­րով, ան­շուշտ ըստ պա­հանջ­քի ո­րոշ բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րով: Պոլ­սոյ պատ­րիար­քու­թեան փո­խա­րէն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնն է, որ կը ղե­կա­վա­րո­ւի եւ իր թե­մե­րը կը ղե­կա­վա­րէ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան սկզբունք­նե­րով:
Դ­ժո­ւար պի­տի ըլ­լար սփիւռ­քը պատ­կե­րաց­նել այն­պէս , ինչ­պէս որ կայ ան այ­սօր, ա­ռանց Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան:
Ս­պա­սե­լի է, որ հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ ար­ժե­ւո­րո­ւի Ազ­գա­յին սահ­մա­նադրու­թեան վա­ւե­րաց­ման 160-ա­մեա­կը:

(շար.3 եւ վերջ)
Ա­թէնք, Մարտ 2023