Այսու հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը ներկայացնենք, Թեմի եկեղեցիներէն ներս քառասնօրեայ Մեծ Պահոց արեւագալի ու հսկումի ժամերգութեանց ժամանակացուցակը։
Ս. Յակոբ եկեղեցի – Գոքինիա
Չորեքշաբթի առաւօտեան արեւագալ ժամը 10։00-ին
Ուրբաթ երեկոյեան հսկում ժամը 6։00-ին
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի – Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)
Չորեքշաբթի առաւօտեան արեւագալ ժամը 10։00-ին
Ուրբաթ երեկոյեան հսկում ժամը 6։00-ին
Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ մատուռ – Գարէա
Չորեքշաբթի երեկոյեան հսկում ժամը 6։00-ին
Ս. Աստուածածին եկեղեցի – Թեսաղոնիկէ
Ուրբաթ երեկոյեան հսկում ժամը 7։00-ին
Կիրակի առաւօտեան արեւագալ ժամը 10։30-ին
Արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ շրջան
Շրջանի հինգ ծխական եկեղեցիներուն մէջ, արեւագալի եւ հսկումի ժամերգութիւնները պիտի կատարուին տեղւոյն ճշդուած ժամանակացուցակին հիման վրայ։
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Մեծ Պահոց ժամանակաշրջանին պարբերաբար ներկայ պիտի գտնուի մեր եկեղեցիներէն ներս, նախագահելու ժամերգութեանց ու աւարտին քարոզելու։ Օրին պիտի յայտարարուի սոյն այցելութեանց ժամանակացուցակը։
Կրօնական Ժողով