Բաւական տարիներու ընդհատումէ ետք, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ.Գթ.Խաչի Խալքիտիքիի ամառանոցը այս տարի վերաբացաւ իր դռները, դարձեալ ընդունելու համար երեխաներ եւ պատանիներ,որոնք անմոռանալի օրեր ապրեցան հայաբոյր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Հ.Գթ.Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ պատասխանատու ընկերներու բազմամեայ ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղաւ յաղթահարել ամէն տեսակի պետական, դիւանակալական, օրինական եւ վարչական պահանջները, որպէսզի Խալքիտիքիի ամառանոցը դարձեալ հիւրընկալէ մեր հայորդիները եւ անոնց պարգեւէ հայավայել միջավայր մը։
Այլեւս, կրնանք վստահ ըլլալ, թէ այս տարիէն սկսեալ, ամառանոցը պիտի դառնայ ժամադրավայրը Յունաստանի եւ Եւրոպայի տարածքին վրայ ապրող հայ պատանիներուն, որոնց համար այս համախմբումը իրենց հոգեկան աշխարհը ծաղկեցնելու, նորանոր բարեկամութիւններ կնքելու, հայկական շունչով ապրելու գեղեկցագոյն պահերէն մին կը հանդիսանայ։
Արդէն, այս տարուան 80 հոգինոց մասնակցութիւնը ինքնին խրախուսիչ եւ յուսատու պատկեր մըն է, երաշխաւորելով ապագայ ընթացքը եւ աւելի ընդլայնուած մասնակցութիւնը։ Պէտք է նաեւ յայտնել, թէ Խալքիտիքիի ամառանոցը կը գտնուի Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անմիջական ուշադրութեան ու գուրգուրանքին տակ, որպէս Եւրոպայի ցամաքամասի նշանակալից բանակավայր մը հայ պատանի սերունդին համար։
Վերաբացուած ամառանոցը այս տարի ունեցաւ երկու շրջան, մին 8-12 տարեկան մանուկներուն համար, իսկ երկրորդը՝ 13-17 տարիքի սերունդին համար։ Այսօր, վերջ կը գտնէ նաեւ երկրորդ շրջանը։ Նշելի է, թէ երկու շրջաններուն մասնակցեցան մօտ 80 հայորդիներ, որոնք կու գային Թեսաղոնիկէէն, Աթէնքէն, Թրակիայէն եւ Կիպրոսէն։
Երկու տարբեր համախմբումները, իրենց յայտագիրով եւ լեցուն զբաղումներով, մեծ խանդավառութիւն պատճառեցին մասնակից տղոց։ Պէտք է կարեւորութեամբ ընդգծել Շրջանային վարչութեան ու խաչուհի նուիրեալ կամաւորներու անվերջ հոգածութիւնը, ճաշերու պատրաստութիւնը, մաքրութեան եւ կարգուկանոնի հետեւողական աշխատանքը, դաստիարակչական ծրագիրները, ամէնօրեայ ծովու լոգանքները, ընկերային ժամերը եւ բարեկամական անգին պահերը։
Առօրեայ ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղաւ մասնակցող փոքրիկներուն պարգեւել հոգեկան գոհունակութիւն եւ խանդավառ զգացումներ, որոնք անջնջելի պիտի մնան իրենց յիշողութեան մէջ։
Ամառանոցը ընդունեց նաեւ պաշտօնատար անձերու այցելութիւնը, որոնք խրախուսեցին պատանիները։ Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան առիթը ունեցաւ միասնաբար գտնուելու բանակողներուն հետ եւ անոնց հետ բաժնելու թանկագին պահեր։ Սրբազան հայրը յատուկ յայտագիրի մը ընդմէջէն, խօսեցաւ տղոց բարեկամութեան եւ իրար վստահութեան առաքինութիւններուն մասին, որոնք կարեւոր տեղ կը գրաւեն մարդկային եւ քրիստոնէական արժեհամակարգին մէջ։
Նաեւ, այցելութիւն կատարեց ու անոնց հետ զբաղեցաւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան։ Յունահայոց Ազգային վարչութեան անունով եւս այցելութիւն կատարեց անդամ Արսէն Գալֆայեան։ Նոյնպէս, Յունաստանէն եւ արտասահմանէն ազգայիններ այցելեցին եւ մօտէն իրազեկ դարձան ամառանոցի կեանքին։
Նշենք նաեւ, թէ Վարդավառի Կիրակին, բանակողները զուարճացան աւանդական ջրախաղով, կենդանի պահելով հնամեայ սովորութիւնը։ Յատկանշական եղաւ Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական մասնաճիւղի խմբապետներու եւ սկաուտներու այցելութիւնը, որոնք հաճելի զբաղումներով եւ սկաուտական գիտելիքներով ճոխացուցին տղոց յայտագիրը։
Հայկական պարերն ու երգը անվերջ հոսեցան բանակավայրէն ներս, առիթ տալով բոլորին ընտելանալու հայկական աւանդութեան հետ եւ ընբոշխնելու մեր մշակոյթը։ Հայերէնի ուսուցման պահերը, դասախօսական շարքերը եւ հայկական նիւթերով համեմուած բոլոր զբաղումները առօրեայ գեղեցիկ ամբողջութիւն մը կազմեցին, որուն արձագանգը եւ յուշը երկար պիտի մնայ մեր մատղաշ պատանիներու հոգիին մէջ։
Կը մնայ շնորհաւորել Հ.Գթ.Խաչի տքնաջան ընկերուհիները եւ բոլոր այն պատասխանատու ընկերները, որոնք ճիք չխնայեցին, որպէսզի Խալքիտիքիի ամառանոցը դարձեալ վերածուի հայաբոյր հաւաքավայրի մը, ուր հայ լեզուն եւ մշակոյթը իրենց առաջնակարգ տեղը ունեցան անցնող շաբաթներուն ընթացքին։
Յաջորդ տարուան հաւաքի սպասումով, բոլոր մասնակցողները վերանորոգեցին խոստումը՝ վերադառնալու իրենց հարազատ բանակավայրը։










