Սեպտեմբեր 25-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Մելիք գիւղին մէջ (Արագածոտնի մարզ) բացած է համայնքի միջնակարգ դպրոցը, որ հիմնանորոգուած  է արժանթինահայ Հրաչ եւ Մարի Սուրէնեան ամուսիններուն օժանդակութեամբ:

Բացման արարողութիւնը կայացած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, ծրագրի հովանաւոր ամուսններուն, արժանթինահայ բարերարներու աւելի քան երկու տասնեակ հիւրերու, հիմնադրամի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Գէոզալեանը, պաշտօնեաներ, հիւրեր:

Հանդիսութիւնը մեկնարկած է համայնքի Սուրբ Յովհաննէս (1895թ) եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով,

որմէ ետք  տեղի ունեցած է նաեւ բարերարներու հովանաւորութեամբ համայնքի 17 երեխայի մկրտութիւնը: Անմիջապէս ետք մեկնարկած է վերանորոգուած դպրոցի բացման հանդիսութիւնը, որ եզրափակուած է ազգային երգ ու պարով, ասմունքով:

m4

«Ամէն երկիր ունի զարգացման իր ռեսուրսը (ներուժ-ԵՌԳ․), Հայաստանի դէպքում դա գիտելիքն է, որը ձեւաւորւում եւ ամրապնդւում է դպրոցում: Այստեղ է կրթւում Հայաստանի այն ապագան, որի մասին բոլորս երազում ենք: Մաղթում եմ, որ լաւ կրթութիւն ստանաք եւ այն ներդնէք հայրենիքի շէնացման գործում»,- ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Գիւղապետ Դերենիկ Շահբազեանը համայնքի անունէն Սուրէնեաններուն Մելիքի պատուաւոր քաղաքացիի հաւաստագիր յանձնած է:

1994-ի կառոյցը հիմնանորոգումէ ետք ունի` նոր տանիք, դռներ ու պատուհաններ, սանհանգոյցներ, վերափոխուած յատակ, ելեկտրականութեան նոր համակարգ: Արդիականացուած է նաեւ շէնքի արտաքին տեսքը. կատարուած է արտաքին պատերու յարդարում, նորոգուած է նախամուտքը, բարեկարգուած է բակային տարածքը:

Նորակառոյց կաթսայատունն ու ջեռուցման համակարգն ալ թոյլ կու տայ դասերը յարմարաւէտ պայմաններու մէջ իրականացնելու նաեւ ցուրտ ամիսներուն, ինչ որ կարեւոր է խստաշունչ կլիմայ ունեցող այս տեղանքի համար:

Այս Դպրոց այսօր կը յաճախէ 153 աշակերտ: Դպրոցին տնօրէն Արթուր Ղեւոնդեանի խօսքով` 12-ամեայ կրթութիւն ստանալէ ետք, ամէն տարի 8-էն 10 շրջանաւարտ իր ուսումը կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: