Երիտասարդական խանդով, ոգեւորութեան մթնոլորտի ստեղծումով, Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Ֆիքսի ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութիւնը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 108-րդ տարեդարձը։ Ժողովուրդի լայն ներկայութեամբ, պատշաճ խօսքերով եւ գեղարուեստական յայտագիրով, երեկոն յատկանշուեցաւ խանդավառութեան իրար յաջորդող ալիքներով, որուն դերակատարն էր հայ երիտասարդութիւնը։
Յաջորդաբար, մանրամասն թղթակցութեամբ պիտի անդրադառնանք տօնական մթնոլորտին։










