Աւագ Շաբթուան մէջ կը կատարենք Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու եւ մահուան յիշատակը։ Հոն Աստուածաշունչի ընթերցուածները մեր ծէսի աղօթքներն ու շարականները կը ներկայացնեն մեզի այն «Զոհ»-ը, որ եղաւ մեր փրկութիւնը – Յիսուս Քրիստոսի մահը խաչին վրայ։
Ս. Պատարագը կ՚անուանենք նաեւ «Սուրբ Զոհ», «Պատարագի Զոհ», «Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ»։ Պատարագ ինքնին Զոհ կը նշանակէ։ Ս. Պատարագը Քրիստոսի զոհաբերումն է Ս. Խաչին վրայ։ Իսկ ի՞նչ էր Քրիստոսի խաչի մահը, զոհաբերո՞ւմ, թէ՞ մահապատժում։
Հայկազեան Նոր Բառգիրքը «Զոհ» բառը կը բացատրէ «Զենլի սպանդ … ի պատիւ Աստուծոյ»։ Զոհ մը, որ կը մատուցուի Աստուծոյ ի պատիւ, կամաւոր կերպով։
Յիսուսի թշնամիներուն եւ հռոմայեցիներու աչքով դիտուած՝ խաչին վրայ կատարուածը մահապատժում մըն էր, մինչ Քրիստոսի համար այդ կամաւոր կատարուած զոհ մըն էր։ Քրիստոս ինքը կը վկայէ այդ մասին ըսելով. «Ասոր համար է, որ Հայրս կը սիրէ զիս, որովհետեւ ես կեանքս կու տամ, որպէս զի նորէն առնեմ զայն։ Ոչ ոք կ՚առնէ զայն ինծմէ, այլ ես ինքնիրմէս կու տամ զայն. իշխանութիւն ունիմ տալու, եւ իշխանութիւն ունիմ դարձեալ առնելու։ Այս պատուէրը իմ Հօրմէս ստացայ»։ (Յովհ Ժ. 17-18)
Ս. Խաչին վրայ կատարուած զոհը ունի իր սկիզբը Վերջին Ընթրիքի մէջ, ուր Յիսուս առնելով Հացը՝ կը մատուցանէ զայն իբր իր մարմինը, իսկ Գինին՝ իբր իր արիւնը։ Արդէն այստեղ Յիսուս մեզի կը նուիրէ ինքզինք. նուիրում մը՝ որուն շնորհիւ մենք կ՚արժանանանք իր մշտատեւ ներկայութեան՝ Ս. Հաղորդութեան մէջ։
Յիսուս ի՛նքն է, որ կը զոհաբերէ, կը նուիրաբերէ ինքզինք ի՛ր իսկ կամքով՝ զոր կ՚ենթարկէ Հօր կամքին։ Պօղոս առաքեալ անդրադառնալով այս խորհուրդին, եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ. «Ասոր համար երբ Յիսուս աշխարհ մտաւ՝ ըսաւ. զոհեր եւ ընծաներ չուզեցիր, բայց ինծի մարմին մը տուիր. հաճութիւնդ չտուիր ոչ ողջակէզներուն եւ ոչ ալ մեղքերու համար մատուցուած զոհերուն։ Այն ատեն, ինչպէս գրուած է Գրքին մէջ, ես ըսի. Ահաւասիկ կու գամ կատարելու համար քու կամքդ, ո՛վ Աստուած» (Եբր Ժ. 5-7)։
Նոյնպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ «Աստուծոյ ծառան» ի՛նք իր թիկունքը կը պարզէ հարուածներուն, ո՛չ ոք կրնայ զինք դատել եւ դատապարտել, որովհետեւ Տէրը իր օգնականն է. «Հարուածներուն յանձնեցի իմ թիկունքս, եւ ծնօտս՝ ապտակներու. եւ երեսս չդարձուցի՝ նախատինքէն եւ թուքէն։ Տէր Աստուած ինծի օգնական եղաւ, ասոր համար ամօթ չզգացի, այլ երեսս դարձուցի որպէս կարծր քար։ Գիտեմ, որ պիտի չամչնամ, որովհետեւ մօտ է ինծի ան՝ որ զիս պիտի արդարացնէ։ Ո՞վ է իմ ոսոխս, թող գա՛յ եւ կանգնի մէջտեղ. ո՞վ է ան, որ կը դատէ զիս, թող մօտենա՛յ ինծի։ Որովհետեւ ահաւասիկ Տէրը, Տէ՛րն է ինծի օգնական, եւ ո՞վ կրնայ չարչարել զիս» (Ես Ծ. 6-9)։
Նուիրուիլ եւ զոհուիլ մարդ արարածի կամքի հզօր արտայայտութիւն մըն է, որ սուրբ նահատակներ, մարտիրոսներ, նուիրեալ քրիստոնեայ հաւատացեալներ կատարած են եւ կը կատարեն՝ հետեւելով Յիսուսի օրինակին։ Անոնք իրենց կամքը կ՚ենթարկեն Աստուծոյ կամքին։ Կամաւոր է անոնց զոհաբերումը՝ ինչպէս ծանօթ է մեզի հայ ժողովուրդի կեցուածքէն Վարդանանց պատերազմի ժամանակ, ուր սպարապետը իր խօսքին մէջ որ կ՚ուղղէ մարտիկներուն կ՚ըսէ. նոյնիսկ «երկնայինները եթէ կարողութիւն ունենային պիտի ցանկային նահատակութեան։ Առաւել եւս, որովհետեւ այս պարգեւը (նահատակութեան արժանացումը) բոլորին չէ տրուած, այլ միայն անոնց, որոնք բարերար Աստուծմէ պատրաստուած են անոր»։ (Եղիշէ, «Վասն Վարդանանց եւ Հայոց Պատերազմին», Ե.)
Արդ, երբ Աւագ Շաբաթի մեր արարողութիւններուն եւ ծիսակատարութիւններուն մէջ կը կատարենք Յիսուսի չարչարանքներուն եւ մահուան յիշատակը, անոնք ըլլան մեզի ներշնչում եւ ուղեցոյց մեր կեանքին մէջ մեր կատարած զոհողութիւններուն եւ զոհաբերումներուն, որոնք կը կատարենք ի սպաս սիրելի անհատներու եւ առաւել եւս ի սէր Աստուծոյ։
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ