­Շա­բաթ, 15 ­Մարտ 2025-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­յաթ» հիւ­րա­նո­ցին մէջ, Money Show ցու­ցադ­րու­թեան ծի­րէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գայ­նա­գէտ եւ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­բան ­Ճորճ ­Մէ­նէ­շեա­նի գիր­քի շնոր­հան­դէ­սը, որ կը կո­չո­ւի «­Յոյ­ներ եւ հա­յեր. զու­գա­հեռ կեան­քեր, միլ­լե­թէն դէ­պի ազգ պե­տու­թիւն»(«Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատրակութիւն):
Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի գրա­սե­նա­կին կող­մէ, Money Show-ի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն ա­ռա­ջար­կով։ ­Ներ­կա­յա­ցու­մին՝ հան­դի­սա­վա­րի դե­րը կա­տա­րեց լրագ­րող ­Նի­քոս ­Լա­տիա­նոս, որ ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ խօս­քը փո­խան­ձեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ Հ.Հ պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս պ. ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեա­նին։ ­Շա­րու­նա­կե­լով, օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը շեշ­տեց Ար­ցա­խեան հար­ցի առ­կա­յու­թիւ­նը եւ կեղծ խա­ղա­ղու­թեան օ­րա­կար­գը, ո­րու մի­ջո­ցով Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ ստրկաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։
­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռաւ ­Պոն­տա­կան պատ­մու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս պ. ­Թէո­տո­սիս ­Քի­րի­քի­տիս, որ անդ­րա­դար­ձաւ գիր­քի պատ­մա­կան եւ գի­տա­կան նիւ­թե­րու ներ­կա­յու­թեան եւ տար­բեր փու­լե­րու վեր­լուծ­ման։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով ձայն տրո­ւե­ցաւ ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեա­նին, որ ակ­նար­կե­լով Ար­ցա­խեան անկ­ման եւ ժո­ղո­վուր­դի տա­րագ­րու­թեան ցա­ւին, ընդգ­ծեց, որ ա­նոնք կը նոյ­նա­նան այդ մեծ ող­բեր­գու­թեան հետ, ո­րուն տա­ռա­պան­քը ապ­րե­ցան 1915-ի վե­րապ­րող­նե­րը որ­պէս գաղ­թա­կան՝ օ­տա­րու­թեան մէջ։ Ան նաեւ շեշ­տեց, թէ նոյն գաղ­թա­կան­նե­րը կա­րո­ղա­ցան ստեղ­ծել նոր վե­րելք մը եւ ի­րա­գոր­ծե­ցին սփիւռ­քի հա­մախմ­բումն ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան շար­ժու­մը, որ ծնաւ 1965-ի պատ­մա­կան հանգ­րո­ւա­նին, հիմ­նո­ւած ան­ցեա­լի դառ­նա­ղէտ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ապ­րում­նե­րուն վրայ։ Ըն­կե­րու­հին կա­րե­ւո­րեց Ս­փիւռք-­Հա­յաս­տան յա­ռա­ջի­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րու գրա­ւա­կանն ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Գիր­քի ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին, խօսք ա­ռաւ նաեւ ­Մա­կե­տո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ նա­խա­րար պ. ­Քոս­թաս ­Կիւ­լե­քաս, որ մե­ծա­րեց յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ու ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն շա­րու­նա­կո­ւող բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, ընդգ­ծե­լով, թէ ա­նոնք ու­նե­ցան նոյն ա­ղէ­տա­լի ան­ցեա­լը՝ նոյն թշնա­միին կող­մէ։ ­Նա­խա­րա­րը նշեց, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ­կա­կան հա­մայն­քը կը մնայ քա­ղա­քի ա­մէ­նէն աշ­խուժ եւ ե­ռան­դուն բջիջ­նե­րէն մէ­կը։ Պ. ­Կիւ­լե­քաս, շնոր­հա­ւո­րե­լով գիր­քի հե­ղի­նա­կը, ը­սաւ, որ ինք կը մնայ միշտ հա­յե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի կող­քին։
­Վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ գիր­քի հե­ղի­նակ ­Ճորճ ­Մէ­նէ­շեան, որ խօ­սե­ցաւ իր ու­սում­նա­սի­րու­թեան մա­սին, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի պատ­մա­կան ըն­թաց­քին եւ ընդ­հա­նուր ան­ցեա­լի մա­սին յոյն գաղ­թա­կան զան­գուած­նե­րուն հետ, շեշ­տը դնե­լով ապ­րած նոյն վէր­քե­րուն եւ հա­սա­րա­կաց յի­շո­ղու­թեան վրայ։ Ընդգ­ծեց, որ հա­յե­րը վեր­ջին 150 տա­րի­նե­րու պատ­մա­կան զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րուն, պա­տե­րազ­մե­ցան յոյ­նե­րու կող­քին շարք մը մար­տե­րու ըն­թաց­քին, հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, թէ հա­յեր եւ յոյ­ներ ու­նե­ցած են տար­բեր քա­ղա­քա­կան, պատ­մա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քեր։ ­Հե­ղի­նա­կը իր վեր­ջին խօս­քին մէջ յայտ­նեց, որ այս օ­րո­ւան նման, 1921-ին ­Պեր­լի­նին մէջ Ս. ­Թեհ­լի­րեան զգետ­նեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու ­Թա­լեա­թը, լու­ծե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի վրէ­ժը եւ վե­րա­կանգ­նե­լով մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը։

ԹՂԹԱԿԻՑ