Ցեղասպանութիւններու ճանաչման ցանցը, Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի, համապոնտական եւ ասորական միութիւններուն գործակցութեամբ «Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած Միջազգային Օրուան» առիթով կը կազմակերպեն ձեռնարկ Չորեքշաբթի՝ 11 Դեկտեմբեր 2019ին, երեկոյեան ժամը 7ին,
Աթէնքի քաղաքապետութեան «Անտոնիս Թրիցիս»
Մշակոյթի կեդրոնին մէջ (Աքատիմիաս 50, Աթէնք):
Կը խօսին ծանօթ բեմադրիչներ
Եաննիս Զմարաղտիս եւ Մանուսոս Մանուսաքիս,
ինչպէս նաեւ Աթէնքի իրաւաբաններու միութեան նախագահ
Տիմիթրիս Վերվեսոս:
Զրոյցը կը վարէ՝ Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս
(Հ.Հ. մօտ Յունաստանի նախկին դեսպան)