Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) հաստատած է «Հ.Օ.Մ.ի կրթաթոշակ»-ը հայ ուսանողներու համար: Նպատակն է հայ ուսանողներուն օգտակար հանդիսանալ դրամական օժանդակութեամբ մը՝ իրենց ուսումնական նիւթական պարտաւորութիւններուն համար, միաժամանակ ակնկալելով, որ հայ ուսեալ երիտասարդութիւնը իր մտաւորական եւ գիտական պաշարը ի սպաս պիտի դնէ իր հայրենիքին եւ ազգին:
2025-ին համար «Հ.Օ.Մ.ի կրթաթոշակ» ստանալ փափաքող ուսանողները պարտին իրենց դիմումնագրերը յանձնել Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան, մինչեւ 20 Մայիս 2025:
Նախապայման է, որ դիմող ուսանողները համալսարանի ուսման առաջին տարին արդէն աւարտած ըլլան։
Դիմումնագիրը, իր բոլոր կցումներով, պիտի ըլլայ հայերէն կամ անգլերէն լեզուներով. որեւէ այլ լեզուով պատրաստուած դիմումնագիր պէտք է իր հայերէն կամ անգլերէն թարգմանութիւնով ներկայացուի:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ, ստանալու համար յատուկ դիմումնագրերը եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ, հեռաձայնելով Հ. Կ. Խաչի քարտուղարութեան, հեռ. 210 9574973 թիւին:
Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւն