Լիզա Ժիլիպեր-Չալըգեան
այցելեց Հ.Կ.Խ.ի երեք վարժարանները
Այս օրերուն, Հայ Օգնութեան Միութեան Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ ընկերուհի Լիզա Ժիլիպեր-Չալըգեան Աթէնք գտնուեցաւ Հ.Կ.Խաչի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին իր ողջոյնի խօսքը ուղղելու համար, Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով։
Այս առթիւ, Երկուշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամերուն, ընկերուհին այցելեց, Հ.Կ.Խ.ի ազգային երեք վարժարանները, Հ.Կ.Խ.ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհիի՝ ընկ. Լիզա Աւագեանի ընկերակցութեամբ։
Ան մօտէն հետեւեցաւ դասարանային աշխատանքներուն, խօսեցաւ աշակերտներուն հետ եւ զրուցեց վարժարաններու տնօրէնութեանց հետ հայակրթական հարցերու եւ դպրոցական խնդիրներուն մասին։
Ընկերուհի Չալըգեան բարձր գնահատեց մեր վարժարաններու առաքելութիւնը եւ փոխանցեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան մաղթանքներն ու աջակցութեան խօսքը։
Հանդիպում Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական
վարչութեան անդամին հետ
Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2024-ին, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամի՝ Աթէնք այցելութեան առիթով, հրաւիրեց միջվարչական ժողով իր նստավայրէն ներս: Ժողովին հրաւիրուած էին վարչականներ եւ վաստակաւոր ընկերուհիներ։
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ ընկերուհի Լիզա Ժիլիպեր-Չալըգեան շնորհաւորեց բոլորին Հ.Կ.Խ.ի 100-ամեակին առթիւ եւ իր ու Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց 100-ամեակի մեր ձեռնարկի մեծ յաջողութեան համար։
Ան զեկուցեց ներկաներուն Հ.Օ.Մ.-ի տարբեր ծրագիրներուն եւ դիմագրաւուած դժուարութիւններուն մասին, շեշտելով անոնց հսկայ օգտակարութիւնը հայրենի ժողովուրդին համար։ Ապա, պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Ընկ. Չալըգեան որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալեպահայութեան վերջին մտահոգիչ իրավիճակի մասին։
Ընկերուհին նաեւ անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի 115-ամեակի նշումի եւ տօնակատարութեան նպատակով 2025-ին ընթացքին ծրագրուած բազմատեսակ ձեռնարկներուն մասին եւ յորդորեց, որ ամբողջ աշխարհէն, ուրեմն նաեւ Յունաստանէն, մեծ թիւով միութենական ընկերուհիներ եւ համակիրներ, 2025-ի Հոկտեմբերին իրար գտնեն Հայաստան, մասնակցելու ծրագրուած տօնակատարութեան եւ միասնաբար հոն տօնելու համար Հ.Օ.Մ.-ի 115-ամեակը։
Ժողովէն վերջ, գեղեցիկ ճաշարանի մը մէջ ընկերային ճաշկերոյթով, բոլոր ընկերուհիները բարի ճանապարհ ու բարի ցտեսութիւն մաղթեցին ընկերուհիին։
Թղթակից