­­Բա­նա­կումԻ ­Թեր­թիկ 2024 — թիւ 1

Բա­նա­կու­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րը…

Ար­դէն ժա­մա­նա­կը հա­սած է՝ 43-րդ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան բա­նա­կու­մը սկսե­լու։
Օ­գոս­տոս 23-ին ա­ռա­ւօ­տեան ճամ­բայ ե­լանք բա­նա­կա­վայր հաս­նե­լու կէ­սօ­րին։
Այս տա­րի փո­փո­խու­թիւն մը ե­ղաւ՝ բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը բաժ­նո­ւե­ցան չոր­ս խում­բե­րու, ո­րոնք նոյ­նը պի­տի ըլ­լան յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի խա­ղե­րուն։ ­Յանձ­նա­խում­բերն են՝ հայ­կա­կան պար, երգ, ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան վար­ժու­թիւն­ներ։ Ա­մէն խումբ պի­տի մաս­նակ­ցի շար­քով այս չորս յանձ­նա­խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն։
­Հե­տե­ւե­լով ա­մէ­նօ­րեայ յայ­տա­գի­րը, հա­սաւ մեր ա­մէ­նէն սի­րած պա­հը՝ մար­զան­քը… ­բայց կար­ծի­քը մե­կէն միւսը կը տար­բե­րի։
Աղ­տո­տու­թե­նէն մաք­րո­ւե­ցանք, հա­մեղ ընթ­րիք կե­րանք, եւ յե­տոյ ժա­մը հա­սաւ, որ չորս խում­բե­րը ի­րենց միջեւ մրցին եւ բո­լո­րը միա­սին հա­ճե­լի ժա­մա­նակ անց­նել։
Օ­րը կը վեր­ջա­նայ պա­հա­կու­թիւն­նե­րով եւ խո­ր քնա­նա­լով։
Եւ յա­ջորդ օ­րե­րը նոյն յայ­տա­գի­րով կը շա­րու­նա­կո­ւին։
Ն­շա­նա­ւոր է, որ մին­չեւ այ­սօր, այ­սինքն ա­ռա­ջին ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին, ա­մէ­նէն մա­քուր վրան­նե­րը ե­ղած էն տղանե­րու վրան­նե­րը՝ ­«Մա­սիս» վրա­նը (մի­ջակ տղա­նե­րը), «Ա­րա­րատ» վրա­նը (պզտիկ տղա­նե­րը) եւ «­Բաբ­գէն ­Սիւ­նի» վրա­նը (մեծ տղա­նե­րը)։
­Կ’ե­րե­ւի որ աղ­ջիկ­նե­րը ա­ւե­լի լաւ պէտք է փորձենք։ Ի՞նչ կը կար­ծէք։

­Նա­թա­լի ­Գու­յում­ճեան
­Վա­նա ­Պար­ղու­թեան

Մարզական նո­րու­թիւն­ներ

Ոտ­նագն­դակ
ԱԷՔ-ը հա­ւա­սար ե­կաւ ­Լա­միա­յին հետ։ ­Կ’ե­րե­ւի որ ԱԷՔ-ին հա­մար դժո­ւար տա­րեշր­ջան մըն է, քա­նի որ ար­դէն դուրս ել­աւ Ե­ւոր­պա­կան մրցա­հան­դե­սէն պար­տո­ւե­լով հայ­կա­կան Նոա ոտ­նագն­դա­կի խում­բէն։
Օ­լիմ­փիա­քո­սը յայ­տա­րա­րեց, որ այս տա­րի իր խաղ­ցող­նե­րէն մէ­կը պի­տի ըլ­լայ ­Դա­ւիթ ­Քար­մո-ն։ ­Նա­յինք ե­թէ այս յա­ւե­լու­մը պի­տի օ­ժան­դա­կէ խում­բի ա­պա­գայ ար­դիւնք­նե­րուն։
­Փա­նա­թի­նա­յի­քոս պար­տո­ւե­ցաւ ­Լէնս խում­բէն, բայց դեռ ա­ռի­թը ու­նի որ փոր­ցէ մնալ Երո­պա­կան մրցա­հան­դէսէն ներս։
­Սա­կայն, կա­րե­ւոր է նշել որ ՓԱՕՔ խում­բը մեծ յաղ­թա­նակ ու­նե­ցաւ ­Շամ­րօք ­Րօ­վերս-ին դէմ (4-0): ­Շատ հնա­րա­ւոր է որ ՓԱՕՔ-ը մտնէ Europa League-ին մրցա­հան­դէ­սին։

­Փոլ Ա­ւա­գեան
Ալ­պեր ­Մար­տի­կեան

­Մեր կեան­քը ա­ռանց հե­ռա­ձայնի…

­Մեր սե­րուն­դը վար­ժո­ւած է հե­ռա­ձայ­նե­րը գոր­ծա­ծել։ Ա­սոր հա­մար բա­նա­կու­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րը դժո­ւար կ­՛ըլ­լան ա­ռանց անոր։ ­Շատ ան­գամ կը զ­գանք որ կը կա­րօտ­նանք մեր ընկերային ցանցերուն կեան­քը, մեր ըն­կեր­նե­րուն հետ խօ­սիլ եւ նա­մակ­ներ ղրկել։
­Սա­կայն, լաւ բան է որ բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին հե­ռա­ձայն­նե­րը ար­գի­լո­ւած են, ո­րով­հե­տեւ այս­պի­սով պա­տա­նի­նե­րը ի­րենց մի­ջեւ կը խօ­սին մօ­տէն եւ ա­ղո­ւոր յի­շա­տակ­ներ կը ս­տեղ­ծենք։

­Վարդ ­Կա­րա­պե­տեան
­Լու­սին ­Խա­նի­կեան

Այս չորս օ­րե­րը ա­ռանց հե­ռա­ձայնի շատ լաւ ան­ցուցած ենք, քա­նի որ մեր ըն­կեր­նե­րուն հետ ենք, կը խա­ղանք միա­սին եւ տար­բեր նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ ա­ռի­թը ու­նինք սոր­վե­լու։
Ան­շուշտ ա­սի մեր կար­ծիքն է, ո­րով­հե­տեւ բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը հա­մա­ձայն չեն եւ պի­տի նա­խընտ­րէին հե­ռա­ձայն­նե­րը ի­րենց հետ ու­նե­նալ։
Այս ժա­մա­նա­կը որ կ’անց­նենք ա­ռանց հե­ռա­ձայն­նե­րու շատ կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ պա­տա­նի­նե­րը կը հասկ­նան, որ ան­պայ­ման չէ հե­ռա­ձայն ու­նե­նալ որ­պէս­զի լաւ պա­հեր անց­նել։

­Սո­նիա ­Ֆա­րա­ճեան
Օ­ֆի­լիա Գափ­լա­նեան