­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու շրջա­ծի­րէն ներս, նշու­մի ար­ժա­նի է Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­շա­ւը, ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու հա­մար յոյն եւ օ­տար ժո­ղո­վուր­դը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան հար­ցին առն­չու­թեամբ։
Եր­կար տա­րի­ներ, մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան յա­տուկ կրպակ­ներ կը զե­տե­ղէ Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա եւ ­Թե­սա­ղի­նի­կէի Ա­րիս­թո­թե­լուս կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ։
Կր­պակ­նե­րուն մէջ եւ շուր­ջը տեղ կը գտնեն պատ­մա­կան լու­սան­կար­ներ, քար­տէս­ներ, պրակ­ներ եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը տրա­մադ­րո­ւին ան­ցորդ­նե­րուն։ ­Միա­ժա­մա­նակ, Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ­նե­րը լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն այ­ցե­լու­նե­րուն, պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բնոյ­թի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նեն ­Հայ դա­տի հար­ցը, հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­գոյն ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րը, թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դիրն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կրած ա­ղէ­տը։
­Մեծ է ժո­ղո­վուր­դի հե­տաքրք­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան հար­ցին նկատ­մամբ, որ կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով, պատ­մու­թեան ծալ­քե­րուն ա­ւե­լի խո­րա­նա­լու եւ ա­նոնց մա­սին ի­մա­նա­լու տե­սան­կիւ­նէն։
Այս տա­րի, Ա­թէն­քի կրպա­կը այ­ցե­լեց ­Սի­րի­զա կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Սոք­րա­թիս ­Ֆա­մե­լոս եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րու խում­բը, ո­րոնք եր­կար զրոյց ու­նե­ցան մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ։ ­Յոյն քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րը իր հիա­ցու­մը ար­տա­յայ­տեց հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հան­դէպ, նշե­լով թէ իս­կա­պէս գո­վե­լի է ա­նոնց մշտա­կան պայ­քա­րը՝ ­Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը պատ­նէ­շի վրայ պա­հե­լու ջան­քե­րուն շնոր­հիւ։ Ան շեշ­տեց, թէ ի­րա­ւազր­կո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն դա­տը ան­ժա­ման­ցե­լի է, պէտք է տե­ւա­բար պայ­քա­րիլ ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար։ ­Յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց, թէ հա­յե­րուն օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով, հարկ է մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գին վրայ բե­րել նաեւ յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Մեր ըն­կեր­նե­րը շեշ­տե­ցին Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի եւ հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձի հար­ցի քննու­թիւ­նը եւ­րո­պա­կան ա­տեան­նե­րէն ներս։ ­Սոք­րա­թիս ­Ֆա­մե­լոս հա­մա­ձայն գտնո­ւե­լով ե­ղած հաս­տա­տու­մին, ինք եւս հաս­տա­տեց հիմ­նախն­դի­րի ար­ծարծ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, նշե­լով, թէ իր կու­սակ­ցու­թեան եւ­րոե­րես­փո­խան­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն զայն մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց հետ առն­չու­թիւն ու­նե­ցող օ­րա­կար­գին մէջ։
Ն­շենք նաեւ, թէ ­Շա­բաթ, 25 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան խում­բե­րը հա­ւա­քա­բար ներ­կայ ե­ղան Ա­թէն­քի կրպա­կին առ­ջեւ եւ միա­ցան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան աշ­խա­տան­քին։ ­Տեղ­ւոյն վրայ, մեր պա­տա­նի­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին պա­րե­րու ինք­նա­բուխ յայ­տա­գիր մը, տպա­ւո­րե­լով հայ եւ օ­տար այ­ցե­լու­նե­րը։