Կիրակի՝ 2 Մայիս 2021-ի գիշերը, ճոխ բովանդակութիւն պարունակող տեսաերիզով մը, որ սփռուեցաւ համացանցին վրայ, համահայկական տարողութեամբ նշուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակը։

Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանէն զատ, յատուկ ուղերձներով հանդէս եկան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, երկու Վեհափառ հայրապետները, յարանուանութեանց պետերը, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. եւ ուղեկից միութիւններու աշխահասփիւռ կառոյցներու ներկայացուցիչները։

Յունաստանի դաշնակցական մեծ ընտանիքին անունով, իր ուղերձը ղրկեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ յայտնեց թէ՝

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի կառոյցը անշեղօրէն կը շարունակէ յառաջապահ դեր ունենալ ազգային եւ գաղութային գործունէութեան մէջ։ Հայ դատի յանձնախումբի եւ ուղեկից միութիւններու աշխուժ մասնակցութեամբ, գործունէութեան լայն շրջագիծ մը բացուած է՝ հայրենի մեր զոյգ պետութեանց առջեւ ազգային մարտահրաւէրները լաւագոյն կերպով դիմագրաւելու համար։ Ան նաեւ յատուկ շեշտ դրաւ գաղութի հայկական վարժարաններու եւ հայատառ մամուլի ներգործող դերակատարութեան վրայ։ Քարոզչական եւ յարաբերական աշխատանքներուն շնորհիւ, յոյն հանրային կարծիքը, հելլէն քաղաքական եւ մտաւորական շրջանակները տեղեակ են հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին։ Յունական պետութիւնը համակրանք եւ խոր յարգանք կը տածէ հայութեան հանդէպ։ Արցախի վրայ շղթայազերծուած վերջին պատերազմին, Յունաստանի ամբողջ տարածքին աննախընթաց զօրաշարժ մը տեղի ունեցաւ մարզպետական եւ քաղաքապետական մակարդակի վրայ՝ պատերազմը դադրեցնելու միջազգային կոչերով, Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւերով եւ գերիներու անյապաղ վերադարձը պահանջող յայտարարութիւններով։ Ընկ. Յարութիւնեան նաեւ շեշտեց, որ Յունաստանի մէջ հայ երիտասարդ կազմակերպ սերունդներու մասնակցութեամբ կը շարունակենք մեր երթը՝ հաւատարիմ մնալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սկզբունքներուն, համաշխարհային մեր կառոյցի ամբողջական ներդրումով։

Դաշնակցութեան համաշխարհային կառոյցի ողջոյնի խօսքերէն զատ, երիզը կ՚ամբողջանար Դաշնակցութեան պատմութեան 130-ամեայ երթը յատկանշող պահերու հանդիսադրումով եւ Հ.Յ.Դ. գործունէութեան անդրադարձող կարեւոր կէտերու նշումով։

Ելոյթը ամբողջութեամբ տեղադրուած է համացանցին վրայ, զոր կարելի է դիտել Դիմատետրի https://www.facebook.com/arfdofficial/videos/808704200023831/ էջէն։