2019-ի Հոկ­տեմ­բե­րին սկսած ­Լի­բա­նա­նի տագ­նա­պը նոր եւ վտան­գա­ւոր դրսե­ւո­րու­մով կը ներ­կա­յա­նայ այ­սօր:
2024-ի ­Սեպ­տեմ­բեր ա­մի­սէն ի վեր եր­կի­րը ա­նընդ­հատ են­թա­կայ է յար­ձա­կում­նե­րու եւ ամ­բող­ջա­պէս պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակ կը տի­րէ Լի­բա­նա­նի մէջ:
­Հա­րա­ւա­յին ­Լի­բա­նա­նէն՝ ­Պէյ­րութ եւ իր հա­րա­ւա­յին ա­րո­ւար­ձան­նե­րը, ­Պե­քաա, ­Պաալ­պէք եւ բազ­մա­թիւ այլ տա­րածք­ներ բուռն ռմբա­կո­ծում­նե­րու կ­՛են­թար­կո­ւին: ­Զո­հե­րու թի­ւը ցարդ կը հաս­նի շուրջ 3.000-ի, վի­րա­ւոր­նե­րու թի­ւը՝ 13.000-ի:
Ամ­բող­ջու­թեամբ քան­դո­ւած են բնա­կե­լի շէն­քեր, այ­րո­ւած՝ հո­ղա­տա­րածք­ներ:
­Ներ­քին գաղ­թա­կան­նե­րու թի­ւը ան­ցած է 1.200.000-ը, ըստ պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու: ­Գաղ­թա­կան­նե­րը կ­՚ա­պաս­տա­նին յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ա­պա­հով շրջան­ներ, Լի­բա­նա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին, նե­րա­ռեալ ­Պուրճ ­Հա­մուտ, Այն­ճար եւ այլ հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սեր: ­Հայ քա­ղա­քա­ցի­ներ եւ հայ­կա­կան շրջան­ներ ցարդ պա­տե­րազ­մէն լուրջ վնաս չեն կրած:
Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն մօ­տէն կը հե­տե­ւի երկ­րի կա­ցու­թեան, քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հո­լո­վոյ­թին. ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րու թէ բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հետ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մնա­յուն կապն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը նպաս­տեն գա­ղու­թի անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման եւ այ­լա­պէս ցցո­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու դի­մաց լու­ծում­ներ գտնե­լու աշ­խա­տան­քին:
Այ­սու­հան­դերձ, կա­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ խիստ մտա­հո­գիչ, ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք ան­մի­ջա­կան քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Այ­սինքն՝ կը դի­մագ­րա­ւենք լուրջ տագ­նապ մը:
Անհ­րա­ժեշտ է ամ­րապն­դել անվ­տան­գու­թեան աշ­խա­տան­քը:
Անհ­րա­ժեշտ է բաց պա­հել մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:
Անհ­րա­ժեշտ է հաս­նիլ կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնց թի­ւը բնա­կա­նա­բար պի­տի ա­ւել­նայ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին:
­Մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, իր ա­կումբ­նե­րով, գրա­սե­նեակ­նե­րով եւ կա­ռոյց­նե­րով, ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րով (Հ.Օ.Մ.-Լ.Օ.Խ., Հ.Մ.Ը.Մ. եւ ­Հա­մազ­գա­յին) աշ­խուժ աշ­խա­տանք տա­նե­լով հան­դերձ, իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու նո­ւա­զա­գոյն աս­տի­ճա­նին հա­սած ըլ­լա­լով, գո­յա­տե­ւե­լու լուրջ խնդիր ու­նի:
­Ժո­ղո­վուր­դը ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ծան­րա­գոյն պայ­ման­նե­րու մէջ է:
­Գոր­ծա­տու­ներն ու ա­ռեւտ­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը փա­կո­ւած են կամ փա­կո­ւե­լու վտանգ կը դի­մագ­րա­ւեն:
­Գոր­ծազր­կու­թիւ­նը ա­ճած է, ապ­րանք­նե­րու գի­նե­րը ան­հա­մե­մատ սղած են, բնա­կա­րան­նե­րու վարձ­քե­րը՝ բարձ­րա­ցած, կեն­ցա­ղա­յին դրու­թիւ­նը գաղ­թա­կան­նե­րուն պատ­ճա­ռով՝ բար­դա­ցած:
Ի տես այս վի­ճա­կին, անհ­րա­ժեշտ է ոտ­քի մնալ: ­Միաս­նա­բար պար­տինք զօ­րակ­ցիլ մեր կա­ռոյց­նե­րու գո­յա­տեւ­ման, ա­ռանց ո­րոնց ­Լի­բա­նա­նի հա­յու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը վտան­գո­ւի:
Ա­ւե­լորդ է ան­գամ մը եւս կրկնել ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին ա­րե­ւե­լեան եւ մաս­նա­ւո­րա­բար ­Լի­բա­նա­նի գա­ղութ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: ­Հե­տե­ւա­բար ներ­կայ դժնդակ պայ­ման­նե­րու մէջ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լը բո­լո­րիս պարտ­քը պէտք է հա­մա­րել:
Այս նպա­տա­կով մեր կարգ մը շրջան­նե­րուն մէջ ար­դէն իսկ սկսած է հան­գա­նա­կու­թիւն. հան­գա­նա­կու­թիւն շու­տով կը սկսի նաեւ այլ շրջան­նե­րու մէջ։ ­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք մեր ժո­ղո­վուր­դին, այս նոր ճգնա­ժա­մի պա­հուն, գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ