Շաբաթ՝ 5 Փետրուար 2022ին, Երեւանի «Դուին հոլ» համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Փառաշուք տօնակատարութեան իրենց ներկայութիւնը բերին բազմահարիւր դաշնակցական ընկերներ, Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութեանց անդամները, համակիրներ եւ քաղաքական գործիչներ։
Հանդիսութեան կը մասնկացէին Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան ու Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահներ Արկատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի նախկին վարչապետներ Վազգէն Մանուկեան, Հրանդ Բագրատեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներ, «Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը եւ արտախորհրդարանական այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։
Ելոյթը մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան օրհներգներով եւ Հ.Յ.Դ. քայլերգով։
Ներկաները մեկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեցին 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած հայորդիներու յիշատակը։
Ելոյթներով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Գ.Մ. ներկայացուցիչ, Ա.Ժ. փոխխոսնակ Իշխան Սաղաթէլեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հ.Հ. Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։ Ելոյթներու ընթացքին ցուցադրուեցան փաստավաւերագրական տեսանիւթեր, որոնց մէջ ներկայացուած էին Հ.Յ.Դ. անցած ճանապարհն ու պայքարի փուլերը։ Գործադրուեցաւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մէջէն լսուեցան հայրենասիրական երգեր։