29 Յուլիսէն մինչեւ 3 Օգոստոս 2024, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի, Սկաուտական 20-րդ Միջմասնաճիւղային բանակումը, Սունիօ ծովեզերեայ շրջանի, «Եուրաս Խալգիոբուլոս«ի սկաուտական բանակավայրին մէջ։
Տասներեք (13) գայլիկներ ու արծուիկներ ինչպէս նաեւ տասնըհինգ (15) արիներ ու արենուշներ, տասնըվեց (16) պատասխանատու խմբապետներու արթուն հոգատարութեան եւ հսկողութեան տակ, բանակումի այս վեց օրերուն տեւողութեան ընթացքին, առիթը ունեցան անթիւ անմոռանալի պահեր ապրելու միասին:
Բանակումի պաշտօնական բացումէն մէկ երկու օր առաջ խմբապետական կազմը, բանակումի վայրին մէջ՝ արդէն պատրաստած էր, զանազան փայտէ շինութիւններ, որոնք բանակումին ընթացքին, պիտի օգտագործուէին բանակող բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողմէ:
Այս տարի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի շրջանը, կը նշէ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը: Ուրեմն այս առիթով, դրօշակի արարողութեան ձողը պատրաստուած էր թիւ հարիւրը կազմող փայտէ շինութեամբ մը:
Գայլիկներու վոհմակը՝ ինչպէս նաեւ սկաուտական խումբը, անջատուած էին իրարմէ, ամէն մէկը գործադրելով իրեն համար նախատեսուած ու պատրաստուած յատուկ յայտագիր մը:
Գայլիկներուն վոհմակին յայտագիրը ընդօրինակուած էր «Հարի Բոթեր»ի ծանօթ պատմուածքներէն:
Վոհմակին բոլոր քոյրերը եւ եղբայրները, իրենց «ուսուցիչ կախարդներ»ուն, ինչպէս նաեւ՝ «Հարի Բոթեր»ի օգնութեամբ, պէտք էր, որ նախ փնտռէին, գտնէին ու ապա իրենց մօտէն հեռացնէին «չար ոգիներ»ը: Այս բոլոր զբաղումը, ընթդացաւ խաղերու միջոցաւ: Վերջապէս՝ գայլիկները յաջողեցան գտնել, յաղթել ու հեռացնել բոլոր «չար ոգիներ»ը:
Սկաուտական խումբի յայտագիրը, պատրաստուած էր 1922-ի Իզմիրի կոտորածէն մինչեւ այսօր, յունահայ գաղութին կազմութենէն ներշնչուած:
Սկաուտական 20-րդ բանակումին այս բոլոր օրերուն ընթացքին, մասնակցող քոյրերը եւ եղբայրները, խմբային աշխատանքներու միջոցով, պատրաստեցին՝ դպրոց, եկեղեցի, տպարան, միութիւններ, կազմակերպութիւններ, այսինքն մէկ խօսքով՝ գաղութիս մէջ մինչեւ այսօր գործող մեր բոլոր կառոյցները, որոնք՝ որպէս անհաշիւ զոհողութիւններու եւ անձնուրացութեան շնորհիւ, անցեալին կառուցած էին մեր գաղթական հայրենակիցները:
Բանակումի ամբողջ տեւողութեան, խումբի եւ վոհմակի բոլոր քոյրերը եւ եղբայրները, սորվեցան ազգային եւ սկաուտական զանազան գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ՝ գոհացուցիչ թիւով զանազան հայկական երգեր:
Յայտագիրներուն միջոցով, խմբապետական կազմը ջանաց քաջալերել փոքրիկներուն խմբային աշխատանքը, գործակցութիւնը, պարտաճանաչութիւնը, բարոյական վարմունքը, բարձրացնել իրենց ինքնավստահութիւնն ու առանձնայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակել քոյրերուն եւ եղբայրներուն պարտականութեան զգացումը:
Բանակումի նախավերջին օրը, երեկոյեան ժամը 17։00-էն ետք, ծնողներ եւ բարեկամներ այցելեցին բանակավայր, ներկայ գտնուելու համար փակման պաշտօնական հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենար նոյն օրուան՝ երեկոյեան ժամը 18։30-ին։ Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան, յանուն Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կ.-ի անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, Յունաստանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի ընդհանուր խմբապետը, Սարոնիգոսի շրջանի ընդհանուր Խմբապետը ինչպէս նաեւ շրջանի տեղական միութիւններուն անդամները։
Դրօշակներու վայրէջքի արարողութենէն ետք, Գոքինիոյ սկաուտական խումբի խմբապետ, եղբայր Գրիգոր Մոսկոֆեան, ստացաւ խմբային բանակումի կազմակերպութեան պեճը ու յաջորդաբար հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ խարոյկահանդէսի վայրը:
Յայտագրի պաշտօնական բացումը կատարեց Գոքինիոյ շրջանի սկաուտական մասնաճիւղի խմբապետ եղբայր Վիգէն Մինասեան, նախապէս բարի գալուստ մաղթելով բոլորին:
Յաջորդաբար հրաւիրուեցաւ Շրջանային Խմբապետուհի քոյր Սիրվարդ Եզեկելեան, օրուան պատգամը փոխանցելու համար ներկաներուն:
Ձայն տրուեցաւ նաեւ Տէր Պարէտ քահանայ հօր, որպէսզի ինք եւս իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Քահանայ հայրը, զգալապէս յուզուած, մեծապէս գնահատեց սկաուտական խմբապետական կազմը, ինչպէս նաեւ բոլոր քոյրերը ու եղբայրները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարին հանդէպ իրենց տածած հաստատ համոզումին ու հաւատքին համար։ Ապա՝ քոյրերուն եւ եղբայրներուն նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց, միշտ ի օգուտ, աշխարհատարած այս մեր միութեան ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութին։
Խարոյկահանդէսը շարունակուեցաւ, բանակողներուն կողմէ պատրաստուած ու կատարուած զանազան երգերով եւ կանչերով:
Սկաուտական Խորհուրդի տիկինները, գեղեցիկ անակնկալ մը պատրաստած էին, սարքելով կարկանդակ մը, սկաուտութեան հարիւրամեակը տօնելու միտումով:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Սկաուտական 20-րդ բանակումին մասնակցող բոլոր քոյրերը եւ եղբայրները, միասնաբար փչելով, մարեցին կարկանդակին մոմերը, այսպէսով վերջ տալով՝ այս գեղեցիկ ու խնամուած սկաուտական խարոյկահանդէսին:
Պարտք կը զգանք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կանգնեցան մեր այս Սկաուտական 20-րդ բանակումին իրագործման:
Նաեւ՝ մեր մասնաւոր շնորհակալութիւնները, Սկաուտական Խորհուրդի այն բոլոր քոյրերուն, որոնք բանակումի ամբողջ տեւողութեան, առանց վայրկեան մը նոյնիսկ վարանելու, հոգացին բանակողներուն ճաշերուն պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ բանակավայրի մաքրութեան:
Եղբ. Վ. Մ.