Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան, Շաբաթ, 13 Յուլիս 2024-ին, Շուէտի «Վեսար-Օ» կղզիին մէջ ընթացք առած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եւրոպայի միջցամաքամասային առաջին բանակումը, մասնակցութեամբ 182 տարազաւորներու: Յունաստանէն կը մասնակցին 7 հոգի, ինչպէս նաեւ սկաուտներ՝ Արցախէն, Հայաստանէն, Շուէտի Սոտերթելիա, Օրեպրու, Սթոքհոլմ եւ Վեսթերոս շրջաններէն, Երուսաղէմէն, Լոնտոնէն, Վիեննայէն, Առնհեմէն, Թիֆլիսէն, Վալանսէն, Մարսիլիայէն։
Բանակումին բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Կիրակի, 14 Յուլիսին։ Բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին է Սոտերթելիայէն քոյր Նենսի Խաչատուրեան։ Գործադիր խմբապետական կազմի անդամներն են՝ եղբ. Յակոբ Սահակեան (Վիեննա), քոյր Ալիս Սարգիսեան (Սոտերթելիա) եւ եղբ. Յարութ Արծիւ Երէցեան (Սոտերթելիա)։ Բանակումը կը տեւէ մինչեւ Շաբաթ, 20 Յուլիս։