Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած անդամական ժողովը, որ նուիրուած էր «Մայրերու Օր»-ուան, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2024-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին մասնաճիւղի մեծ թիւով ընկերուհիներ, Շրջանային վարչութիւնը եւ քոյր մասնաճիւղերը։
Վարչութեան կողմէ ընկ. Ալմաստ Մելիքեան ժողովի բացումը կատարելով, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ, յարգելու յիշատակը մեզմէ առ յաւետ հեռացած մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի երէցկին Մարալ Սվաճեան-Խաչերեանի, ինչպէս նաեւ շրջանի մէջ ծառայած եւ վարչութեան անդամ եղած վաստակաւոր ընկերուհի Անժէլ Ղազարեանի յիշատակը:
Ապա զեկուցեց մասնաճիւղի վերջին ամիսներու գործունէութեան շուրջ ու խօսքը փոխանցեց Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեանին, որ հակիրճ զեկոյց մը տուաւ «Սիրոյ Պազար»ի մասին եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք մասնակցեցան պազարի աշխատանքներուն:
Ժողովը շարունակուելով, ընկ. Ալմաստ հրաւիրեց ընկ. Հռիփսիմէ Կարապետեանը ասմունքելու Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը:
Ընկերուհիի ասմունքէն ետք, ընկ. Սերգօ Մինասեան անդրադարձաւ «Մայրերու Օր»-ուան նիւթին, որու խօսքը կը հրատարակուի առանձին:
Օրակարգէն ետք վարչութիւնը հիւրասիրեց ներկաները եւ գեղեցիկ նուէրներ բաշխեց Մայրերու տօնին առթիւ։ Երեկոն անցաւ ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ։
Ընկ. Սերգօ Մինասեանի խօսքը
Նախ պիտի ուզէի խոստովանիլ, որ չափազանց ուրախ եմ ձեզ հետ գտնուելուս, ապա վստահեցնել, որ բացառիկ պատիւ կը զգամ, նման իւրայատուկ ու մանաւանդ՝ յատկանշական «Օր»-ուան մը, այսինքն աշխարհիս ամենասուրբ, ամենապաշտելի ու նուիրական արարածի յիշատակի «Օր»-ուան առիթով, իր մասին քանի մը խօսք ըսելու առիթը ունենալուս համար:
Իսկապէս ուրախացայ, երբ Հ.Կ.Խ.ի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, այս առաջարկը ստացայ:
Ուրախացայ, բայց նոյն ժամուն նա՛եւ մտահոգուեցայ:
Մտահոգուեցայ մտածելով, թէ՝ ի՞նչ տեսակի նորութիւն մը պիտի կարենայի հրամցնել ձեզի, այս լուրջ ու իւրայատուկ նիւթին մասին, որ ասկէ առաջ՝ արդէն ձեզի չէ ներկայացուած, ինձմէ շա՜տ աւելի կարող խօսողներու կողմէ:
Այսինքն, ո՞ր տեսանկիւնէն դիտուած, պէտք էր որ մօտենայի այս նիւթին, ձեզի չյոգնեցնելու՝ բայց մանաւանդ, ձանձրացուցիչ կրկնութիւններէ հեռու մնալու համար:
Օրինակ՝ խօսիլ, մայր արարածի զոհաբերութեա՞ն մասին:
Կարծելովս՝ առանձնական եւ կամ ալ յատուկ հետաքրքրութիւն մը պիտի չունենար:
Արդէն՝ չէ՞ որ «մայր» հասկացողութիւնը եւ «զոհաբերութիւն»-ը, նոյնիմաստ բաներ են:
Միթէ խօսիլ՝ մայր արարածի նուիրումի՞ն մասին:
Այս մէկը եւս անիմաստ գտայ: Արդեօք «մայրը» եւ «նուիրում»-ը, նոյնպէս հոմանիշ իմաստներ չե՞ն:
Ուրե՞մն…
Ուրեմն նման պարագաներու, երբ ասոր նման որեւէ անելի առջեւ կը գտնուիմ, միշտ կը խնդրեմ մօրս օգնութիւնը: Հաւատացէք ըսածիս եւ մի՛ զարմանաք:
Ձեզի կը վստահեցնեմ, որ թէեւ մայրիկս, գոնէ ֆիզիքապէս, այլեւս մօտս չէ, բայց եւ այնպէս՝ հարկ զգացուած պարագային, մի՛շտ ալ օգնութեան կը հասնի ինծի:
Վերջապէս, չէ՞ որ մօր մը նուիրական առաքելութիւնը, իր զաւակներուն շարունակ թիկունք կանգնիլն է:
Այս անգամ եւս տարբեր չէր կրնար ըլլալ:
Մայրիկս անմիջապէս մօտս վազեց՝
— Ի՞նչ ունիս տղաս, ինչո՞ւ մտահոգուած ես, — հարցուց:
— Պէտք է, որ «Մայրերու Օր»-ուան առիթով նիւթ մը պատրաստեմ, բայց շուարեր մնացեր եմ Սիրարփիկս, — ըսի: Որոշ տարիքէ մը ետք, իրեն միշտ «Սիրարփիկս» կ‘ըսէի:
Մայրիկս նախ ժպտած, ապա ըսաւ.
— Մեր ընտանեկան հին նկարներուն տուփը պրպտէ տղաս, փնտռածիդ պատասխանը հոն է:
Մեր տունին մէջ, թխուածքներու, (պիսքուիթներու), մետաղեայ տուփ մը ունինք, որուն մէջ պահած ենք, մեր գերդաստանի սեւ ճերմակ, գրեթէ բոլո՜ր հին նկարները: Այս նկարները դիտելուս, մտովի կը ճամբորդեմ դէպի ետ ու առիթը կ‘ունենամ, անգամ մը եւս վերապրելու՝ իմ մեծ հայրիկներուս, մեծ մայրիկներուս, հօրս, մօրս, ազգականներուս, երկու խօսքով բոլոր անոնց հետ, որոնք այլեւս մօտս չեն:
Զարմանալիօրէն, կարծես կախարդական ձեւով մը, առիթը կ‘ունենամ անգամ մը եւս վերամիանալու իրենց:
Հետեւաբար՝ մօրս պատուէրին հնազանդելով, սկսայ պրպտել մեր ընտանեկան բոլո՜ր հին նկարները:
Դիտելու ժամանակ, արդէն՝ ինչպէս քիչ առաջ ձեզի կ‘ըսէի, անբացատրելիօրէն ամէն բան յստակացաւ մէջս:
Սիրելի ներկաներ, որոշեցի ձեզի երեւակայական ճամբորդութեան մը հրաւիրել:
Խնդրեմ ընկերակցեցէք ինծի, որպէսզի միասնաբար ճամբորդութիւն մը իրագործենք դէպի ետ:
Երազական ճամբորդութիւն մը դէպի մեր անցեալը, դէպի մեր ջահելութեան՝ այդ անվերադարձ, անհոգ ու գեղեցիկ տարիները եւ քիչ մը երգիծանքով, քիչ մը յուզումով, գէթ՝ անգամ մը եւս վերապրինք, մեր սիրելի մայրիկներուն եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեր կրկնակ մայրիկերուն, այսինքն մեր մեծ մայրիկներուն հետ:
Չէ՞ որ մեր բարեկամ յոյները կ‘ըսեն, թէ՝ «զաւակիս զաւակը, երկու անգամ զաւակս է»:
Ուրեմն ձեզմէ անոնք, որոնք ինծի սերնդակից են եւ երազի նման կը յիշեն՝ Նէոս Գոզմոսի, Գոքինիոյ եւ կամ ալ զանազան տարբեր հայկական գաղթօճախներուն մէջ գտնուող, թիթեղաշէն հիւղակները, վստահ եմ, որ կը յիշեն նաեւ, թէ այդ տարիներուն, եթէ ոչ բոլոր, բայց գրեթէ ընտանիքի մը անդամներուն մեծամասնութիւնը, միեւնոյն տանիքին տակ կ‘ապրէր:
Խօսքը մէջերնիս, թող Աստուած տանիք ընէր, մեր գլխուն վրայ գտնուող, այդ կիսաւեր թիթեղեայ շինութիւնը:
Անձրեւոտ օրերուն՝ աւելի քիչ կը թռչուէիր ճամբայ ելլելով, քան թէ այդ խրճիթներուն տանիքին տակ մնալով:
Առողջապահական հարցերու վերաբերեալ, անշուշտ որ խօսք չի կրնար ըլլալ:
Այդ համեստ տնակներու մեծամասնութիւնը, ոչ հոսուն ջուր ունէր, ոչ ելեկտրականութիւն ունէր, եւ ոչ ալ… վարդի ջուր երեսնիդ, զուգարան (Արտաքնոց) ունէր:
Ուրեմն, այդ օրերու այս խոնարհ բնակարաններուն, այսպէս ըսուած՝ կեդրոնական սիւնը, մեր մեծ մայրիկներն էին, որոնց մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը, 1915-ի Մեծ Եղեռնէն ինչպէս նաեւ՝ Իզմիրի կոտորածէն մազապուրծ ազատած ու իրենց պապենական տուներէն բռնութեամբ արմատախիլ եղած հայուհիներ էին:
Այդ բոլոր մեծ մայրիկները սակայն, «Մեծ Մայրիկ»ի մը պատասխանատու տիտղոսին չարժանացած, նախապէս իրենք ալ մայրիկներ եղած էին ու իրենց աղջիկ զաւակներուն, փոխանցած էին «արժանի» մայր մը, բայց մէկ աւելի՝ «արժանի» հա՛յ մայր մը ըլլալուն, բոլո՜ր, այսպէս ըսուած՝ «գաղտնիքները»:
Ուրեմն՝ այս մեր սիրելի մեծ մայրիկները, Յունաստան հաստատուելով, բացի իրենց երբեմնի բնակավայրերուն աւանդութիւններէն, այսինքն՝ բացի իրենց տեղային բարբառներէն, երգերէն, պարերէն, ճաշերէն, եւ այլն, եւ այլն, իրենց հետ բերած էին նաեւ, ամէն մէկուն բնակած վայրին սովորութիւնները:
Պատանեկութեանս տարիներուն, գոնէ իմ մեծցած Գոքինիոյ շրջանին մէջ, եւ ասոր մասին ձեզի կրնամ հանգիստ խղճով վստահեցնել, մէկ որ մինչեւ այսօր՝ աչքերուս առջեւէն չէ հեռացած այդ պատկերը, թաղի մեծ մայրիկները, ինչպէս նաեւ իրենց երիտասարդ հարսերը, այսինքն՝ մեր մայրիկները, կը հաւաքուէին իրենձմէ ոեւէ մէկուն տունը ու միասնաբար սուրճ մը խմելէ ետք, իրենց կէսօրուայ ճաշը պատրաստելու ժամանակ, կը զրուցէին իրենց նախկին նստավայրերերուն մէջ ապրած, գեղեցիկ օրերուն մասին, միշտ իրար վստահեցնելով, որ օրին մէկը՝ ան-պայ-ման, դարձեալ հոն պիտի վերադառնային:
Երազի պէս կը յիշեմ տարիքոտ մամիկ մը, որ շարունակ կը մտահոգուէր, «քաղաք» մնացած իրենց պարտէզին՝ ծառերուն, ծաղիկներուն, բայց մանաւանդ՝ իր կարմիր մեխակներուն մասին ու ամէն առիթով կը հարցնէր՝
— Քա, կ‘ըսէք կը խնամէ՞ն կոր, իրենց ջուր կու տա՞ն կոր, կա՞մ վերադառնամ նէ չորցած պիտի գտնեմ: Վա՜յ խեղճ մեխակներս, վա՜յ: Թող սատկի՛ն իշհալլա: Կ’ըսէր ու միաժամանակ ոտքերն ալ կը ծեծէր:
Մնացեալները, զինք մխիթարելու նպատակով՝ իրեն կը վստահեցնէին, որ ամէն բան՝ ճիշդ իր ձգածին պէս ալ պիտի գտնէ:
Մեծ հօրս ըսածին պէս՝ «այրած սրտի մխիթարանք»:
Ուրեմն մենք ալ որպէս թոռնիկներ, Կիրակի օրերը եւ կամ ալ այն օրերը, որ դպրոց չէինք ունենար, խոհանոցին մէկ անկիւնը՝ սուսիկ փուսիկ ծալապատիկ կը նստէինք եւ շիտակը, իրենց թրքերէն խօսելուն հետեւանքով, հակառակ որ բան չէինք հասկնար, սակայն եւ այնպէս, չափազանց մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուշի ուշով, մտիկ կ‘ընէինք, իրենց միջեւ տեղի ունեցող, այդ բոլո՜ր խօսակցութիւնները:
Պահու մը կը պատահէր, որ մամիկներէն մէկը՝ ձեռքը, ոտքը, վիզը, կողը եւ կամ ալ իր մարմնին ուրիշ որեւէ մէկ մասը շփելով, թրքերէնով բաներ մը կ‘ըսէր միւսներուն:
Պատասխանը կ‘ըլլար անմիջական եւ կտրուկ, «Օնտան տըր»:
Չեմ գիտեր թէ ինչու, բայց մանկութեանս տարիներուն համոզուած էի, չըսելու համար թէ բոլո՛րովին վստահ էի, որ «օնտան տըր»ը… տեսակ մը հիւանդութիւն էր:
Այժմ, պիտի փափաքէի ձեզի եղելութիւն մը պատմել, որ տեղի ունեցած է՝ նախակրթարանի աշակերտ եղած տարիներուս:
Դպրոցական սովորական օր մըն էր, Գոքինիոյ «Զաւարեան» նախակրթարանէն ներս, երբ յանկարծ քրտինքներուն մէջ մնացի, տկարութիւն մը եկաւ վրաս, եւ գլուխս, ձեռքս, ոտքս, երկու խօսքով՝ լման մարմինս ցաւիլ սկսաւ:
Լալով՝ վազեցի իմ սիրելի ուսուցչուհիիս, օրիորդ Շաքէ Տէր Արթինեանին, այսինքն մեր բոլորին ծանօթ, տիկին Շաքէ Էլմասեանին մօտ:
Օրիորդ Շաքէն այս վիճակս տեսնելուն պէս, ինծի անմիջապէս «Զաւարեան» նախակրթարանի այդ տարիներու տնօրէնին, ողորմած հոգի Օննիկ Զաքարեանին քով առաջնորդեց:
Այս վերջինը, նախ ինծի ո՞ւր ցաւիլս հարցուց, լեզուս դուրս հանել տուաւ, ապա ափն ալ ճակատիս դնելէն ետք, օրիորդ Շաքէին ըսաւ՝
— Այս փոքրիկը տաքութիւն ունի, վստահ եմ որ պաղ առած է: Աւելի լաւ կ‘ըլլայ, եթէ իրեն անմիջապէս իր տունը հասցնենք:
Առանց վայրկեան մը նոյնիսկ մտածելու, ըսի.
— Ոչ պարոն տնօրէն, պաղ չեմ առած, «օնտան տըր» առած եմ:
Մօտաւորապէս վաթսունէ աւելի տարիներ անցեր են այդ օրէն, բայց մինչեւ այսօր, տակաւին ականջներուս մէջ կը հնչէ, ողորմած տնօրէնիս որոտալի խնդուքը:
Օննիկ Զաքարեանը քիչ մը հանդարտելէն ետք, ըսաւ ինծի.
— Տղաս, դուն «օնտան տըր»է վարակուելու համար, տակաւին պէտք է որ շա՜տ տարիներ անցնին:
Տուն հասնելուս, ամէն բան պատմեցի մեծ մօրս, Հռիփսիմէ «նէնէ»-իս:
Կը տեսնէք այդ տարիներուն, մեր մեծ մայրիկներուն եւ հայրիկներուն, «նէնէ» եւ «տէտէ» կ‘ըսէինք, առանց գիտնալու թէ անոնք թրքական բառեր են:
Ինքն ալ նախ խնդաց, ապա՝ կուրծքին վրայ սեղմելով ըսաւ.
— Տղաս, «օնտան տըր»-ը թրքերէն է ու կը նշանակէ՝ «անկէ է» եւ կամ աւելի ճիշդ՝ «պատճառը այն է»: Երբ մենք՝ տարիքոտներս, մեր հիւանդութիւններուն մասին կը խօսինք, «օնտան տըր» ըսելով՝ կ‘ուզենք ըսել որ մեր բոլո՜ր հիւանդութիւններուն պատճառը, միայն ու միայն՝ մեր յառաջացած տարիքն է:
* * *
Սիրելի ընկերուհիներ:
Ձեր հանդուրժողութիւնը մէկ աւելի չօգտագործելու նպատակով, պիտի ուզէի այսօրուայ խօսքս ամբողջացնել, ձեզի կարդալով՝ մայրիկներու ամբողջական նուիրումը եւ անձնուրացութիւնը նկարագրող գրութեամբ մը:
* * *
Յովհաննէսին մայրը միականի էր:
Կեանքէն սաստիկ տանջուած, տարիքոտ կին մըն էր:
Յովհաննէս, կ‘ամչնար իր միականի մօրը երեւոյթով եւ ատեն ատեն, նոյնիսկ՝ կ‘ատէր իրեն:
Մայրը՝ տարիներէ ի վեր այրի մնացած ըլլալուն, որպէս խոհարարուհի կ‘աշխատէր Յովհաննէսին յաճախած նախակրթարանին խոհանոցը, իր եւ զաւակին ապրուստի ծախսերը կարենալ հոգալու համար:
Յովհաննէս չէր ուզեր, որ մայրը որեւէ ժամանակ հետը յարաբերուի, նամանաւանդ՝ դպրոցին մէջ, որպէսզի դասընկերները չիմանան, որ ինքը՝ միականի խոհարարուհիին զաւակն էր: Եթէ բացառիկ պարագաներու պատահէր, որ մայրը գործի մը բերմամբ, ստիպուած ըլլար խոհանոցէն ելլելու, աշակերտներու մեծամասնութիւնը՝ փշաքաղուած, արագ մը հեռու կը փախչէր, չդիմանալով՝ իր միականի դէմքին, իրենց համար անտանելի տեսարանին:
Յովհաննէս, փոքր տարիքէն, լուրջ խնդիր ունէր, իր մօրը արտաքին կերպարանքով:
Երբ դեռ նախակրթարանի աշակերտ էր, զբօսանքի մը պահուն, մայրը խոհանոցէն ելլելով մօտեցած էր իրեն, կտոր մը պանիր ու շերտ մըն ալ հաց տալու համար:
Սաստիկ բարկացած էր: Ծօ սա կինը բոլո՞րովին յիմար էր, ինչպէ՞ս կը համարձակէր նման անխոհեմ բան մը ընելու:
Մօրը վրայ՝ արհամարհական ու ատելութեամբ լեցուն նայուածք մը նետելէ ետք, զայրացած՝ իրմէ հեռու վազած էր:
Յաջորդ առաւօտ, դասընկերներէն մէկը՝ զբօսանքի պահուն սկսած էր իրեն ծաղրել ու բարձրաձայն պոռալ՝
— Յովհաննէսին մայրը միականի է, Յովհաննէսին մայրը միայն մէկ հատ աչք ունի:
Մնացեալ դասընկերները ասի լսելով, սկսած էին խնդալ ու իրենք ալ Յովհաննէսին ծաղրել:
Երանի՜ թէ մեռնէր… երանի՜ թէ անհետանար:
Դպրոցէն տուն վերադարձին, զայրացած, մօրը ըսած էր՝
— Եթէ քու երեսիդ պատճառով, դասընկերներս վրաս պիտի խնդան, կը
նախընտրեմ մեռնիս քան թէ ապրիս:
Խե՜ղճ կինը՝ արտասուելով, արագ մը խոհանոց վազած էր:
* * *
Տարիներ ետք՝ Յովհաննէս, բարեկամի մը խօսելով, կ‘ըսէր՝
— Կ’ուզէի ժամ առաջ մեկնիլ մեր տունէն, միայն ու միայն մօրս հետ որեւէ յարաբերութիւն չունենալու համար: Սկսայ չարաչար կարդալ, օրին մէկը համալսարան ընդունուելու եւ այլեւս իրմէ բոլորովին հեռանալու համար: Փա՜ռք Աստուծոյ, վերջաւորութեան հասայ նպատակիս:
Եկուր տես սակայն, որ ինքն ալ գործ բռնեց, ճիշդ նոյն համալսարանին մէջ, իբրեւ թէ՝ ինծի օգտակար դառնալու համար եղեր: Պարապ խօսք… եթէ ուզէր ինծի օգտակար դառնալ, կրնար ուրիշ որեւէ տեղ աշխատիլ:
Այս երկու բարեկամներուն խօսակցութենէն, բաւական տարիներ եւս անցան:
Յովհաննէս՝ կեանքին մէջ յաջողելով, եղաւ բոլորին կողմէ յարգուած՝ հռչակաւոր գիտնական մը:
Մեծ ու գեղեցիկ առանձնատուն մը գնեց, ընտանիքի տէր դարձաւ եւ սկսաւ երջանիկ ապրիլ կնկան եւ իրենց երկու մանչ զաւակներուն հետ:
Մայրը, երկար ժամանակ հեռու մնալէ ետք, այլեւս չդիմանալով, օրին մէկը անակնկալօրէն՝ իրեն այցելութեան գնաց:
Խե՜ղճ կինը, իր թոռնիկները երբե՛ք չէր տեսած:
Տան զանգը զարկաւ եւ կարօտը սրտին անհամբեր սպասեց: Թոռնիկները դուռը բացին, բայց հազիւ թէ իրեն տեսան, ճչալով ու վախցած, երկուքը միասին ներս վազեցին:
Յովհաննէս՝ բաւական կոշտ խօսեցաւ մօրը ու սաստիկ յանդիմանեց, որովհետեւ այս վերջինը համարձակած էր իրենց տունը երթալու առանց լուրի եւ մանաւանդ, առանց նախապէս իրմէ արտօնութիւն առած ըլլալու:
Չափազանց զայրացած՝ պոռաց վրան.
— Ինչպէ՞ս կը համարձակիս առանց լուրի տունս գալ եւ զաւակներս ալ վախցնել, գնա՛ այստեղէն, անգամ մը եւս չեմ ուզեր որ հոս գաս, ընդունելի չե՛ս, հասկցա՞ր:
Մայրը՝ վիրաւորուած, սակայն հանդարտ ու բարձր ձայնով պատասխանեց՝
— Կը ներէք պարոն, շատ կը ցաւիմ ձեզի պատճառած անհանգստութեանս համար, կ‘երեւի թէ ինծի սխալ հասցէ տուած են:
— Այո, անանկ կ‘երեւի, — ըսելով՝ դուռը ուղղակի մօրը երեսին գոցեց:
Թշուա՜ռ կինը՝ թոռնիկներուն համար առած նուէրները դռան սեմին ձգելով, արագ քայլերով հեռացաւ, որպէսզի փոքրիկները չհասկնան, որ իրենց տան մուտքին կանգնած մամիկը, իրենց մեծ մայրիկն էր:
* * *
Անցան մէկ քանի տարիներ եւս:
Նամակատուփին մէջ գտած մէկ նամակէն իմացաւ, որ պատանեկութեան յաճախած նախակրթարանին, նախկին դասընկերները, ծրագրած էին վերահանդիպումի հաւաքոյթ մը կազմակերպել եւ թէ շա՜տ ուրախ պիտի ըլլային, եթէ կարենար ինք եւս ներկայ ըլլալ:
Կնկան տեղեկացուց աշակերտական հանդիպումին մասին ու որոշեալ օրը պայուսակը առնելով ճամբայ ելաւ:
Ժամու մը, երբ վերջապէս նախկին դասընկերներուն հանդիպումը վերջացաւ, վերադարձի ճամբուն վրայ, չես գիտեր ինչպէս, ասանկ՝ առանց հասկնալու, հօրենական տունին առջեւէն անցաւ: Տունը բոլորովին մութ էր ու իր դուռը, ինչպէս նաեւ բոլոր պատուհանները փակ էին:
Ինքնաշարժը շարեց, դռան առջեւ կանգնեցաւ եւ զանգը հնչեցուց: Պատասխան չառնելով, սկսաւ դուռը ձեռքով զարնել:
Անօգո՜ւտ:
Դրացուհի մը ասի տեսնելով, մօտեցաւ եւ ըսաւ.
— Պարապ տեղը դուռը կը զարնէք պարոն, հոս բնակող մայրիկը, դժբախտաբար երկու օր առաջ մահացաւ…
Ոչինչ կարողացաւ ըսել: Դրացուհին շարունակեց.
— Ամօթ չըլլայ հարցնելս, բայց դուք ո՞վ կ‘ըլլաք պարոն, մայրիկը ձեզի ծանօ՞թ էր:
— Մայրիկս էր, — հազիւ թէ կարողացաւ փսփսալ:
— Ո՜հ, պարոն, շատ կը ցաւիմ ձեր կորուստին համար, խնդրեմ ընդունեցէք իմ անկեղծ ցաւակցութիւններս: Ձեր մայրիկը չափազանց բարի, համեստ ու ազնիւ տիկին մըն էր: Ինծի շարունակ կը խօսէր ձեր մասին: Կ’ըսէր, որ դուք արտասահման գտնուելու հետեւանքով էր, որ չէիք կրնար իրեն այցելել:
Ե՞րբ եկաք: Այսօ՞ր եկաք: Մե՜ղք… երանի՜ քանի մը օր առաջ եկած ըլլայիք:
Յովհաննէս ոչինչ կը լսէր: Արձանի նման՝ քարացած մնացած էր: Դրացուհին շարունակեց
— Խնդրեմ պարոն, վայրկեան մը սպասեցէք. ձեր ողորմած մայրիկը, նամակ մը ձգած է ինծի, պատուիրելով՝ որ միայն ձեզի տամ. հիմա կը բերեմ:
Նամակը բերաւ եւ յանձնեց Յովհաննէսին:
* * *
Ծանր քայլերով՝ վերադարձաւ ինքնաշարժ. նստաւ ու նամակը բանալով սկսաւ կարդալ.
«Իմ մէկ հատիկ, շատ սիրելի Յովհաննէսս. գիտցիր, որ օր չանցնիր, որ քեզի չմտածեմ: Շատ կը ցաւիմ տղաս, որ առանց լուրի տունդ գալով, զաւակներդ վախցուցի եւ քեզի ալ նեղ կացութեան մատնեցի:
«Ներէ ինծի զաւակս: Կը տեսնես մայրական սէրը… գերիշխեց ամէն ինչի:
«Չես կրնար երեւակայել, թէ որքա՜ն ուրախացայ՝ իմանալով, որ աշակերտական հանդիպումին դուն եւս ներկայ պիտի ըլլաս… բայց կը վախնամ տղաս, որ սաստիկ ուժաթափ ըլլալուս, պիտի չկարողանամ անկողինէս ելել ու քովդ գալ:
«Պիտի չկարողանամ աչքերս փակելէ առաջ, գէթ՝ անգամ մը եւս քեզի կուրծքիս վրայ սեղմել, համբուրել ու տարիներու անյագ կարօտս յագեցնել:
«Անուշիկ տղաս, այս նամակը գրեցի՝ պատուիրելով որ քեզի տան մահէս ետք միայն: Կը ցաւիմ անուշիկս, որ փոքր տարիքէդ, երեւոյթիս հետեւանքով կ‘ամչցնէի քեզի ու առանց ուզելու, նեղ կացութեան կը մատնէի:
«Կը տեսնես հոգիս, շա՜տ փոքր եղած ժամանակդ, բաւական լուրջ առկած մը ունեցար, որուն հետեւանքով՝ կորսնցուցիր քու ձախ աչքդ: Ա՜խ, Յովհաննէ՜սս, կեա՜նքս… հոգի՜ս… չէի կրնար քեզի մէկ աչքով պատկերել, այնպէս որ, իմ ձախ աչքս տուի քեզի:
«Օ՜հ, զաւակս, չես կրնար երեւակայել՝ թէ որքա՜ն երջանիկ էի մտածելով, որ իմ մէկ հատիկ տղաս, աշխարհը պիտի տեսնէր ի՛մ օգնութեամբս, ի՛մ աչքովս:
«Վերջին խօսք մը եւս իմ անգին զաւակս:
«Կեանքի փոքրիկ ապահովագրութիւն մը ըրած էի, այն նպատակով, որ եթէ օրին մէկը հիւանդանայի, կարողանայի առանձինս հոգալ ապաքինումի ծախսերս:
«Փա՜ռք Աստուծոյ, բարեբախտաբար պէտք չեղաւ:
«Այս ապահովագրութենէն հաւաքուած գումարը, կը խնդրեմ, որ տրամադրես թոռնիկներուս:
«Թոռնիկներուս, որոնց կը սիրեմ չափէն աւելի:
«Ուրեմն զաւակս, մնաս բարով:
«Ասկէ ետք անգամ մը եւս դուն ինծի պիտի չտեսնես, սակայն վստահ ըլլաս, որ ես քեզի մի՛շտ պիտի տեսնեմ…
կապոյտ երկինքի ամպերուն մէջէն:
«Քեզի միշտ կարօտով յիշող մայրդ»
Ոեւէ բժիշկ չկրցաւ հասկնալ, թէ ինչու այդ օրէն սկսեալ՝ Յովհաննէս անգամ մը եւս չկարողացաւ խօսիլ…:
Հ.Կ.Խ.ի սիրելի ընկերուհիներ, սիրելի մայրեր, հայ ազգի թանկագին՝ հա՛յ մայրեր:
Ձեր «Օր»ը շնորհաւոր:
Շնորհակալ եմ: